Մարմինը առանց հոգիի չ՛ապրիր: Գաղափարն ալ գործունեայ մարմինի կը կարօտի, որ հասնի իր նպատակին: Մէկ դարէ աւելի գործող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարը` իր իշխանացած նահատակ ընկերներու արեամբ եւ բոլոր ճակատներու վրայ պայքարող հետեւորդներով, կը շարունակէ ապրիլ ու ծաղկիլ, եւ ազգի մը գոյութիւնը պաշտպանելու հսկայ բեռը իր երկաթեայ ուսերուն վրայ զետեղելով` կը մնայ համայն հայութեան գոյատեւման միակ յոյսը: Զինանշանին վրայի զէնքը, գրիչը եւ բահը, որոնք Դաշնակցութիւնը կը խորհրդանշեն, արեամբ թաթխուած դրօշակին վրայ զետեղուած անբաժանելի երրորդութիւնը կը հանդիսանան` մարմին եւ հոգի առած հսկայ գաղափարի մը, որոնց գործունէութիւնը հաւասարապէս կարեւոր է, որ կեանք տան կուսակցութեան նպատակի յաջողութեան:
Այսօր հայ ազգը ականատես կ՛ըլլայ աշխարհի արդի պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին, որ լեցուն է ազգային, տնտեսական, քաղաքական, գաղափարական, աշխարհագրական եւ կրօնական մարտահրաւէրներով, որոնք նոր դիմագիծ տալով մարդկութեան` զայն դէպի մեքենայացած ստեղծագործութեան մը կ՛առաջնորդեն: Սխալ չէ նոր գաղափարներով վերածնունդը եւ նոր աշխարհի մը յառաջացումը, բայց սխալ պիտի ըլլայ արմատախիլ ըլլալով` լուծուելու հրապուրիչ տեսքով ծածկուած ճահիճներու մէջ, որոնց խորքը անյայտ է, նոյնիսկ եթէ տեսքը գեղեցիկ կը թուի ըլլալ: Այս բոլորը չի նշանակեր, որ պէտք չէ օգտագործել նորութիւնները, որոնց միջոցով հինը նորին խառնելով, կարող կ՛ըլլանք մեզի համեմատ աշխարհ մը ստեղծել` առանց մխրճուելու անորոշութեան յատակը:
Այո՛, վերածնունդը նորանոր գաղափարներով նոր արիւն եւ նոր կեանք կը հրամցնէ բոլորին, բայց եւ այնպէս, պէտք է մեր արմատներուն տէրը ըլլանք եւ կառչած մնանք անոնց: Արցախը կորսնցուցինք սխալ քաղաքականութեան պատճառով, եւ այսօր վտանգը հասած է Հայաստանի տարածքի ամբողջականութեան: Ինչպէս 100 տարիներ առաջ կորսնցուցինք Հայաստանի պետականութիւնը, բայց չյանձնուեցանք եւ պայքարեցանք, մինչեւ որ կարողացանք տէր կանգնիլ մեր արդար իրաւունքին: Այսօր ալ նոյնպէս պայքարը կը շարունակուի: ՀՅ Դաշնակցութիւնը 133 տարի անդադար չյանձնուեցաւ ու չյուսահատեցաւ եւ մնաց միակ կուսակցութիւնը, որ պայքարեցաւ առաջին դիրքերու վրայ` իբրեւ Հայ դատի պաշտպան եւ հայոց գոյատեւման տէրը կանգնող կուսակցութիւն: Նոյնիսկ եթէ այսօրուան դժուար փուլը պահ մը մեզ կը յուսահատեցնէ, բայց եւ այնպէս, մարմին առած գաղափարի մը ներկայութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ յոյս կը ներշնչէ ամէն մէկ հայու հոգիին, սրտին եւ մտքին մէջ: Արդարեւ, անոր համար ազգի մը գոյատեւման պայքարը ապրելակերպ դարձած է եւ մնայուն ներկայութիւն, եւ այդ պայքարով սերունդներ պիտի դաստիարակուին, կեանք պիտի առնէ նորանոր մտքերով լեցուն եւ արդիական քաղաքականութեամբ զինուած սերունդ մը, որ պիտի կարողանայ իրագործել եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել: Ճրագդ մի՛շտ վառ մնայ, հայ ազգի գոյատեւման ռահվիրայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն:



