Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթի Մէջ. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 133 Ամեակին Նուիրուած Տօնախմբութիւն

Փետրուար 29, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամեակներու յիշատակումը սոսկ տարեթիւերու նշում չէ, որոնք կուգան ու կ’անցնին հաւաքականութեանց ընկերային կեանքէն ներս, այլ պատմական արժէք ունեցող. ինքնին ներկան արժեւորող ու անցեալին հետ համեմատող եւ անպայման դէպի ապագան սլացող ընդհանուր տեսլականի մը արտացոլացումն է:

Ամեակներու յիշատակումը, մանաւանդ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կուսակցութեան համար, հաշուետուութեան օր է:

Արդարեւ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 133-րդ ամեակին առիթով Հ.Յ.Դ. Քուէյթի «Ծաղկաձոր»ի կոմիտէի կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ խրախճանք, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, «Սբ. Ներսէս Շնորհալի» բարեզարդուած սրահէն ներս, ներկայութեամբ ընկերներու, համակիրներու, նաեւ ազգային ու բարեսիրական միութեանց ներկայացուցիչներու:

Սոյն երեկոն իր բարձր ներկայութեամբ պատւուեց՝ Թեմիս կաթողոկոսական փոխանորդ՝ Գերպ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան:

Երեկոյին բացումը կատարեց օրուան հանդիսավար՝ ընկհ. Մարիա Սարգիսեան, որ իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան սրբազան աւանդի մասին ու վեր առաւ բիւր նահատակներու ճիգով ու արեան գնով կերտուած յաղթանակները ու շեշտեց, որ պայքարը պիտի շարունակեն նոր սերունդները նոյն թափով ու նոյն վճռակամութեամբ:

Ապա օրուան խորհուրդը փոխանցեց ՀՅԴ Քուէյթի «Ծաղկաձոր»ի կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Յակոբ Մելիքսէթեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «մենք կը մերժենք որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու»: Յիշեց նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները վա՜ղ թէ ու՛շ պիտի հեռանան, որովհետեւ իրենց յանձնուողական ու վարած ձախող քաղաքականութիւնը վերջապէս պիտի բախուի ազգասէր ու հայրենասէր հայ ժողովուրդի վեմին:

Խրաճխանքը ճոխացուց իր յեղափոխաշունչ երգերով Լիբանանէն յատուկ ժամանած սիրուած երգչուհի՝ Մարիա Չիչեան:

Մթնոլորտը հոգեպարար էր, տրամադրութիւնները բարձր ու յաղթական: Երիտասարդական շարքերու անդամները ուս ուսի՝ երգերով խանդավարեցին ներկաները ու իրենց ուխտը վերանորոգեցին:

Խրախճանքի ընթացքին սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան երէց ընկերներ:

Օրուան հայրական պատգամը փոխանցեց՝ Թեմիս կաթողոկոսական փոխանորդ՝ Գերպ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան: Նախ շնորհաւորեց ներկաները  Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 133-րդ ամեակին կապակցաբար եւ անդրադարձաւ թէ առանց Հ.Յ.Դաշնակցութեան սփիւռքը պիտի մնար տկար, իսկ հայրենիքը անտէր: Հետեւաբար, ինչպէս միշտ Հ.Յ.Դաշնակցութիւն կայ ու պիտի հանդիսանայ այն անսասան կամուրջը, որ պիտի միացնէ համայն հայութիւնը ու վերջապէս իրագործէ հայ ժողովուրդի դարաւոր իղձը: Ապա իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, շեշտեց անոնց ներկայութիւնը ազգային կեանքէն ներս ու յիշեցուց՝ թէ շատ բան պէտք է վստահիլ մատաղ եիտասարդութեան, որովհետեւ անոնց հերթն է հիմա:

Մթնոլորտը կրկին ջերմացաւ յեղափոխական երգերով:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Ահա այս է Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, ուր ամէն տեղ ու ամէն ժամանակներուն մէջ միշտ եղած է ու պիտի մնայ համայն հայութեան համախմբողն ու առաջնորդողը:

Ուստի բացէ՜ք, ընդմիշտ բացէ՜ք, Դաշնակցութեան ճամբա՛յ բացէ՜ք դէպի նոր ու լուսաւոր ամեակներ:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներուն. «Դուք Վկաներն Էք Քրիստոսի Այն Լոյսին, Որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Բերաւ Հայ Ժողովուրդին»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Փետրուար 2024)

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?