Յարգելի մեր աշխատակիցին յօդուածին տեղ կու տանք` արձանագրելով մեր վերապահութիւնը անոր արծարծած որոշ միտքերուն: Յատկապէս անոր կատարած գնահատականին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին աներկբայօրէն խոհեմ քաղաքականութիւն նկատուած համագաղութային որոշումներուն:
«Ա»
5 – Սփիւռքահայ Իրականութեան Մեծ Բացական` Անվտանգութիւնը
Սուրիոյ սարսափելի տագնապի պատմագրական մանրամասնութիւնները թարմ են տակաւին մեր մտքերուն մէջ, տեղին չէ՞ արդեօք հարց տալ` ինչո՞ւ չտեղեկագրենք, չվաւերագրենք, չհաստատագրենք սարսափազդու այս կամ հայ գաղութներու նախորդող տագնապները եւ այդ պատճառով զանգուածային տեղաշարժերու իրադարձութիւնները, կոփուած հայ մարդուժի վիթխարի ներուժին ցիրուցան տարտղնումը, մեր կալուածներու, նիւթական մշակոյթի ժառանգութեան կորուստները, ինչո՞ւ չձեռնարկենք հիմնարկելու հայ սփիւռքի հաւաքական անվտանգութեան օրակարգի ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ` իբրեւ հիմնական բանալի թիրախ:
Եթէ կը հաւատանք «զանգուածային տեղաշարժեր»-ու մարտահրաւէրին առանցքային ըլլալուն, իսկ «Սփիւռքի տարի»-ներ նշանաբանները, կոչերը պիտի շարունակուին, եւ տեղ մը հասցէագրուած իրագործելի թիրախ մը ունին, հռետորաբանական խօսոյթի սաղմէն անդին գործնական դաշտ տանելու եւ բան մը փոխելու պարտաւորութիւնը կը թելադրեն, լրջախոհ իրագործելի ելքեր ունենալու հաւատարմութիւնը կ՛երաշխաւորեն, ուստի անհեռանկար բովանդակութիւններով շողշողուն ցուցադրական կոչեր, մեծատառ վերնագիրներ ՉՄՆԱԼՈՒ համար, անյապաղ պէտք է սփիւռքի համայնքներու «Անվտանգութեան» ծրագիր մը սահմանել, սփիւռքահայ քաղաքական կառոյցները լծել այդ թիրախային մարտահրաւէրին մասին քննարկելու, ծրագրելու ու գործելու: Անշուշտ անվտանգութիւնը ժամանակի հետ իր ընդլայնող իմաստով` թէ՛ մտաւոր ժառանգութիւններով` լեզուի, մշակոյթի, մամլոյ եւ այլ, եւ թէ ֆիզիքական կամ նիւթական իմաստով` համայնքներու, կառոյցներու, ազգապատկան կալուածներու, դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ մեր հաւաքական բոլոր ժառանգութիւններով:
Հրամայական է մեր յաջորդ սերունդներու անվտանգութեան հիմնահարցերուն կապուած կրթադաստիարակչութիւնը զրահապատենք, հայ սփիւռքի համայնքներու մէջ լուծումներ որոնելու հեռանկարով զինենք` անվտանգութեան փրկօղակներ, ովասիսներ ապահովելու մեր ազգի տեւակայութեան համար:
6- Աղէտներու, Ճակատագրական Վտանգներու Չափի Տեսութիւնը
Վերեւ յիշուած գրականութեան համառօտ ակնարկէն պոկուած հիմնական մօտեցումներէն մին է նաեւ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին տեղւոյն հայ համայնքի անհատներու հոգեվիճակը, հոգեկան խռովքը, ապրումները, աննախատեսելի աղէտը դիմագրաւելու միջոցներու վարքագիծերը, մտածելակերպը, ներսուրիական ճգնաժամի առանցքին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային մշակութային եւ քաղաքացիական ընկալումները, մանաւանդ տագնապի զանազան փուլերուն ու տագնապէն ետք ապագայի հանդէպ համայնքին անուղղուածութիւնը, խառնաշփոթութիւնը, հայ գաղութի անպատրաստուածութիւնը` աղէտներու եւ քաղաքական ճգնաժամերու, վտանգի չափի տեսութեան անգոյութիւնը, աղիտալի տառապանքները դիմակալելու եւ ճակատագրական պահերու ճշգրիտ եւ արագ որոշումներ տալու, կանխելու խակութիւնը: Գլխաւորաբար ակներեւ է մեր քաղաքական, կուսակցական կառոյցներու ճգնաժամային իրավիճակներու բացայայտ` անհեռանկար ըլլալը: Ճիշդ է, որ ճգնաժամի ընթացքին շտապ մարմիններ, օժանդակ ու հոգատար յանձախումբեր յառաջացնելու ճկունութիւնը օգտակար էր` հապճեպ եւ առժամեայ օգնութիւններ հասցնելու, տառապանքը մեղմացնելու համար: Բայց այդ տագնապը նախատեսելու եւ ըստ այնմ վերաբերելու, նախապատրաստուելու, ծրագրելու ատակութիւնը անգոյ էր, այլ խօսքով` հակաճգնաժամային քաղաքականութեան լուրջ բաց մը ունինք:
Այդ մէկը կարելի է արդարացնել յիշելով լիբանանահայութեան օրինակը: Սուրիոյ ներքին տագնապէն երկու տասնամեակներ մեզ կը բաժնէին լիբանանահայութեան վշտալի տագնապի փորձէն ու փորձառութենէն, երբ Լիբանան կը բոցավառուէր ներքաղաքական պատերազմի սուր տագնապով, որ շուրջ տասնհինգ տարիներու (1975-1990) օրհասական վիճակի կործանումի պատճառ դարձաւ: Արիւնալի բախումներով, հսկայական քանդումներով, լիբանանահայութեան աշխարհացրիւ արագընթաց արտագաղթով, տեղափոխութիւններով յատկանշուեցաւ: Յատկանշական ժամանակաշրջան մըն էր, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կը կազմաւորուէր սփիւռքահայ երկրորդէն երրորդ սերունդի քաղաքական մտքի տեսլականի խմորումին բանաձեւումը: Այդ բանաձեւումի տարազումը միասնականութեան համախմբումի, միաւորումի հիմքերու վրայ չխարսխուեցաւ, այլ մեր գոյերթի տեւակայնութեան տեսլականը ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆԱՑՈՒԵՑԱՒ` պատճառելով անախորժ եւ տաղտկալի ներհամայնքային խռովումներ, վտանգելով մեր միասնականացնող, ազգային միահամուռ գոյերթի տեւակայութեան բաղձալի բանաձեւումները:
Լիբանանեան տասնհինգ տարիներու կորստաբեր տագնապը օժանդակեց եւ աշխուժացուց հաւաքական արտահոսքը: Պոկուած էր Միջին Արեւելքի Փարիզը նկատուող Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան հմայքն ու բազմամշակութային աննկարագրելի հարստութեամբ կուտակուած, խնամքով ողորկուած հայ մարդուժը` մեր ազգային հսկայական ներուժի ժառանգութիւնը: Լիբանանի ներքին քաղաքական արիւնալի մղձաւանջէն քաղուած խորիմաստ դասերը, ամբարուած ներհամայնքային փորձառութիւնը, քաղաքական խորագիտութեամբ չհարստացուց սուրիահայ քաղաքական կառոյցի հեռանկարային տեսլադաշտը, չսնանեց մեր շրջանային աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու տեսողադաշտը ճշգրիտ, քաղաքագիտական մասնագիտութեամբ վերարժեւորելու հմտութիւնը, մասնագիտականօրէն վերլուծուելու, քաղաքատնտեսական ուղղուածութեամբ լուրջ հեռանկար մը մեկնելու, համապատասխան ծրագիրներու կամրջումի տարբերակներ որոնելու, կանխապատրաստուելու, կազմակերպուելու եւ մանաւանդ ծրագրաւորելու, թիրախաւորելու սուրիահայութեան յաջորդող կողմնորոշումները, դիրքորոշումները, ուղղուածութիւնները:
(Շարունակելի 5)
————————-
Ա. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607420
Բ. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607556
Գ. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607661
Դ. մաս https://www.aztagdaily.com/archives/607781