ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Սոփեստներ մեր շուրջբոլոր կրնան առարկել, թէ ո՞վ է եղեր այն անհատը, պետութիւնը կամ իշխանաւորը, որ յանդգնութիւնը ունի մեզ պարտադրելու, այլապէս մոռացութեան տալու ժամանակակից հայոց կեանքի մէջ արձանագրուած բարբարոս դէպք մը, եղեռնագործութիւն:
Այո՛, զարհուրելի սպանդ մը, որ կատարեց զազրութեամբ, հայատեացութեամբ ու ցեղապաշտութեամբ յագեցած մոլեռանդ թուրք-ազերին` իր թիկունքին ունենալով Ազրպէյճանի պետութիւնը, քաղաքական այրերն ու զինուորական կարգն ու սարքը:
Տեղի ունեցածը ահաւոր ջարդ մըն էր, որ խլեց հարիւրաւոր հայերու կեանքը: Աւելի՛ն. գազան ազերին չէր բաւարարուեր հայը սպաննելով. կը յօշոտէր դիակները, ողջ-ողջ կը հրկիզէր զանոնք, անգութօրէն կը սղոցէր, կը դաշունահարէր տարեցն ու փոքրը` յագուրդ տալով իր թուրք բնազդին, մարդակերութեան:
Այս սպանդը անուն ալ ունեցաւ, կոչուեցաւ Սումկայիթ, որուն յաջորդեցին Պաքուի, Կիրովապատի, Գանձակի ու Մարաղուի ջարդերը (1988-1990):
Փաստօրէն, արցախեան շարժումի բռնկումով` հայը դիմեց զէնքի: Հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը անյետաձգելի պահանջէ մը աւելին էր. հարկ էր զինուիլ, կազմակերպուիլ ու լծուիլ ազգային ազատագրական պայքարի: Հայու ոգին զարթնած էր: Ժողովուրդ մը ամբողջ գիտակցած էր պահու լրջութեան: Հայու արեան հեղումը պէտք էր անյապաղ կասեցնել ու դիմակայել թշնամին:
Միւս կողմէ, հայու ազատատենչ ու մարտուակ կեցուածքին հակադարձելով` ազերին կը դիմէր յաւելեալ ոճիրներու, մաքրազտումի եւ բնաջնջումի:
Ճիշդ է, որ Արցախը ազատագրուեցաւ, ազատ ու անկախ ապրեցաւ շնորհիւ աննման տղաներու զոհաբերութեան ու կամքին, այդուամենայնիւ, հայութիւնը ամէն տարի շարունակեց յիշել ու յիշեցնել սումկայիթեան սպանդը, ոգեկոչել ու նահատակ հայորդիներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպել եւ յուշակոթողներ կանգնեցնել աշխարհով մէկ:
Այլապէս ալ Արցախի կորուստով ու ժամանակի, կացութեան եւ դիպաշարերու փոփոխութեամբ` հայութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ դաժան իրադրութիւն մը, որ զերծ չէ վտանգէ ու սպառնալիքէ. ատիկա հաւաքական յիշողութեան աղաւաղումն է, ձեւով մը մոռացութեան տալն է, ինքնապարտադրանք, պատմութեան գիրկը նետելու այն բոլոր բարբարոս ու վայրագ դէպքերը, որոնք կը վերաբերին մօտիկ անցեալին:
Այլ խօսքով`ներկայ օրերու հայուն ու հայոց պետութեան դէմ կատարուած քաղաքական ու զինուորական խժդժութիւնները, ըստ երեւոյթին, կը պարտադրեն մեզի մոռացութեան մատնել ազգային յիշողութեան մաս կազմող որեւէ արժէք, դէպք ու նոյնիսկ սպանդ, այն հիմնաւորումով, որ հայոց պետականութիւնը մուտք գործած է ուղի մը ու կը կատարէ այնպիսի վարքագիծ, որ մեզ պիտի առաջնորդէ ընդունելու կամ ըմպելու դառն բաժակը`յանուն խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ բարօրութեան:
Այսինքն` հայութիւնը պարտադրուած է մոռացութեան տալու սրախողող եղած հարիւրաւոր հայերու յիշատակն անգամ, պարզապէս ընդունելու, այսպէս ըսած, թշնամիին երկարած «խաղաղասիրական» ձեռքը, երբեմնի ու տակաւին շարունակուող հակահայ մոլուցքը:
Արդ, ճշմարտութեան մը պատերը լոյսին բերելու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք ազգովին: Աւելի քան 35 տարիէ հայ մամուլն ու գրիչը կ՛արձագանգեն ու մելան կը հոսեցնեն, կը զգուշացնեն, զգաստութեան կը հրաւիրեն ամբողջ հայութիւնն ու հայ քաղաքական միտքը, արթնութեան կոչերով կը պարուրեն յատկապէս հայոց պետական այրերը, որ զերծ մնան քաղաքական սայթաքումներէ, խաղքութենէ:
Որքա՜ն միամիտ է հայը, որ կը փորձէ ինքզինք համոզել, թէ` որդեգրելով այս կամ այն քաղաքական արեւելումը, պիտի կարենայ բնաջնջումէ փրկել հայութիւնը:
Մօտիկ անցեալի «ֆութպոլի քաղաքականութիւն» հետապնդած հայոց այրերը, իսկ այսօրուան յանձնուողական քաղաքականութիւն վարող իշխանաւորները որքանո՞վ համոզուած են, որ իրենց խեղճացած գործելակերպին ի պատասխան` թուրքն ու թրքութիւնը ինչպիսի՛ եղբայրութիւն ու բարօր կեանք պիտի մատուցէ նոր Հայաստանին, որ կարենայ ապրիլ, շնչել ու շնչաւորել, պարզապէս զերծ մնալու խարխափեալ տարեգրութենէ:
Սումկայիթը վկայ, որ առանց ազգային համակարգի ու հզօր պետութեան մը կառուցման, խաղաղ ու անվտանգ Հայաստան մը ունենալու երազանքը կրնայ փուլ գալ որեւէ ատեն, քաղաքական ու զինուորական անակնկալ ցնցումներու ընդառաջ:
Ազգ մը կրնայ բացառաբար վերականգնիլ, վերսթափիլ ու պատուով շարունակել իր հաւաքական երթը, երբ կառչած է իր ազգային ըմբռնումներուն, հեռու է քաղաքական արկածախնդրութենէ, ունի համախմբող պետական այրեր, գիտակից է պատմական յիշողութեան պաշտպանութեան եւ իր վարքագծին առանցքը կը կազմէ հայ ժողովուրդի համատարած ներուժի օգտագործումը:
Աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութեան եւ պետութիւններու շահամոլի ու կոյր վարքագիծերու դիմաց, հայոց պետականութիւնը պարտաւոր է սուր հայեացքով եւ քաղաքական աչալուրջ հոտառութեամբ դիմակայել թշնամիին սպառնալիքները եւ լծուիլ համաժողովրդական պայքարի կազմակերպումին: