Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտքեր – 4. Որդեգրել քննակա՛ն մտածողութիւն

February 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Հայրենի թէ սփիւռքեան մտաւորականներ, բացատրելու համար Արցախի 2020-ի պատերազմէն ետք մեր հայրենի ժողովուրդին չըմբոստանալը եւ յեղափոխական նախաձեռնութեան չդիմելը, երբեմն կը հաստատեն, որ մեր ժողովուրդը թմբիրի մէջ է, կամ` որ կը տիրէ համատարած անտարբերութիւն:

Ակնյայտ է, որ ժողովուրդը չշարժեցաւ, բայց յստակ չէ, թէ ժողովուրդին չշարժիլը ինչո՞ւ կը կապենք թմբիրի կամ անտարբերութեան հետ: Ժողովուրդին անշարժութիւնը բացատրելու համար կրնան գոյութիւն ունենալ նաեւ ա՛յլ պատճառներ:

Հասարակական երեւոյթներու պատճառներուն մասին գիտական եզրակացութեան կարելի է հասնիլ միայն ընկերաբանական լուրջ եւ անկողմնակալ ուսումնասիրութեամբ:

Այս գրութեան մէջ կրնանք, սակայն, առաջադրել հայրենի ժողովուրդին չշարժիլը  բացատրող  երեք վարկածներու (hypothesis) օրինակներ.

Ա.) Արդեօ՞ք ժողովուրդը, ճիշդ կամ սխալ, համոզուած էր, որ հայութիւնը յատկանշող եւ Հայաստանին ու Արցախին հետ առնչուող օրուան ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական պայմանները այնպիսին էին, որ իր շարժիլը անպտուղ պիտի մնար (եւ հետեւաբար չշարժեցաւ):

Բ.) Արդեօ՞ք ժողովուրդը չշարժեցաւ, որովհետեւ կորսնցուցած էր իր հաւատքը ազգը ղեկավարող բոլո՛ր ուժերուն եւ անհատներուն նկատմամբ:

Գ.) Արդեօ՞ք ժողովուրդի մէկ հատուածին պարագային (Ա.)-ը ճիշդ է, իսկ երկրորդ հատուածի մը պարագային (Բ.)-ը:

Հաւանաբար այլ օրինակներ ալ կարելի է թուել:

Ի՞նչն է, որ կը մղէ թմբիրի եւ անտարբերութեան թեզը որդեգրող մեր մտաւորականները ա՛յլ պատճառներու կարելիութիւնը չքննելու:

Մէկ կարելի բացատրութիւնը այն է, որ գրութիւնները ունին քաղաքակա՛ն նպատակ, բայց կայ աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի երկրորդ բացատրութիւն մը: Արդեօ՞ք մեր հրապարակագրութեան ընթացքին պէտք եղած կարեւորութիւնը չենք տար խուսափելու  զգացականութենէ, խուսափելու չհիմնաւորուած ամբաստանութիւններէ, եւ քննակա՛ն մտածողութիւն (critical thinking) չենք գործադրեր: Եթէ տիրապետէ զգացականութիւնը եւ   բացակայի քննական մտածողութիւնը, մեր քննարկումները դժուար թէ օգտակար ըլլան եւ կրնան վնասել հաւաքական գործին:

 ***

Իրապաշտ եւ օգտակար ախտաճանաչումներ կատարելու սիրոյն լաւ է հեռու մնալ զգացականութենէ եւ  չհիմնաւորուած ամբաստանութիւններէ:

Ընդհանրապէս լաւ է խուսափիլ յանցանքները ժողովուրդին վրայ բարդելէ:

Այս դժուար օրերուն կարիքը ունինք իմաստուն եւ հեռահար աշխատանք տանելու: Այդ ընելու համար կարեւոր է առողջ, անկողմնակալ եւ ապագայ կերտող քաղաքական միտք զարգացնելը: Հետեւաբար քննական մտածողութեան հաւատարիմ մնալը անհրաժեշտութիւն է:

Պէտք է անյապաղ սկսինք զարգացնել մեր պատանեկութեան, երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս գործունեայ հանրութեան քննական մտածողութիւնը:

Փետրուար 2024

Նախորդը

Տոմս. «Կենա՛ցդ, Համբա՛կ Քուրց»

Յաջորդը

Լուքաշենքոյի Չքմեղանքը

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.