«Էջերն անմահութեան»` յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի գաղափարին իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու յանուն այդ կտակի ամբողջացման:
ՀՄԸՄ-ական տիպար սկաուտ, ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի մարզիկ, Համազգայինի պարախումբի անդամ, ՀՅԴ-ի անդամ, արցախեան հերոս Վիգէն Զաքարեան ծնած է 15 մարտ 1969-ին, Պէյրութ:
«Հայրենիքը ամէն բանէ առաջ է, ետքը կու գայ մնացեալը»:
Վիգէն կը հաւատար հայրենիքի գաղափարին:
Վիգէնի հաւատացած հայրենիքը կը բաղկանայ Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած 160.000 քառ. քմ Ուիլսընեան Հայաստանէն, որուն մէջ ներառուած են` Ջաւախքը, Նախիջեւանը, Արցախը, Արեւմտեան Հայաստանը եւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Վիգէնի հաւատացած հայրենիքը սահմաններ ունի, իսկ իր հայրենասիրութիւնը` ոչ:
Հազիւ հինգ տարեկան` կ՛անդամակցի ՀՄԸՄ-ին, ուր կը սորվի «Արարատի գագաթին եռագոյն պարզել կ՛ուզեմ» կանչը եւ իւրաքանչիւր շաբաթ տեսնելով իր տարազին վրայի Արարատի զոյգ Մասիսները, որոնց մէջէն կը ծագի արեւը, առաջին իսկ վայրկեանէն Վիգէնի աչքերը կը յառին այդ լուսաւոր արեւածագին` յառաջ երթալու դէպի յաղթանակ:
«Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ հայրենիքի կերտման ու ազատութեան ձեռք բերման ի խնդիր»:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի մէջ Վիգէնին վստահուած էին տարբեր աշխատանքներ: Ան ատենապետն էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին եւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին: Ան չունէր գործի նախընտրութիւն, չէր հաւատար մեծ ու փոքր գործերու, խօսքերէն աւելի` գործին հաւատացողն էր, եւ զինք կարելի էր տեսնել հոն, ուր որ պէտք էր:
«Մենք միշտ ներկայութիւն պէտք է ըլլանք ակումբէն ներս»:
Վիգէն, նոյնիսկ եթէ պարտաւորութիւնը չունէր ակումբ մնալու, մնայուն կերպով ներկայութիւն էր «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ: Վիգէնին ընկերները կը վկայեն, որ երբ հարց տային, թէ ո՞ւր է Վիգէնը, յաճախ կը ստանային նոյն պատասխանը. «Վիգէնը ակումբն է, պիտի ուշանայ»:
«Մենք ճակատ ենք, վայրկեան մը չենք կրնար ակումբը գոցել»:
Լիբանանի պատերազմի դժոխային օրերուն ան միշտ պատրաստ էր օգնութեան հասնելու թաղի բնակիչներուն` հետաքրքրուելով անոնց որպիսութեամբ, ապահովելով անոնց օրուան հացը, աւելի՛ն, ան ապահովելով անոնց կողքին զէնք վերցուց պաշտպանելու համար վտանգուած հայահոծ թաղամասերը:
«Ես ալ նահատակ պիտի ըլլամ հայրենիքին սիրոյն»:
Վիգէն կը հիանար ֆետայիներու նկարներուն, կը տենչար նմանիլ անոնց` աւելցնելով, թէ որ իր նկարը կը նախընտրէ զետեղուի այս կամ այն նահատակին կողքին:
«Ամէն կողմ մահ, ջարդ, տառապանք ու զրկանք: Ո՛չ, Թորոսին սիրտը չէր կրնար դիմանալ այդ տեսարաններուն: Անպայման պէտք էր ըլլար ֆետայի, պէտք էր օգնէր իր անմեղ ժողովուրդին, պէտք էր անձնուէր մէկը ըլլար…»:
1984-ին, 15-ամեայ Վիգէն Թորոսով ներկայացուցած է իր զգացած ապրումներն ու ներաշխարհը: Երբ նկարագրած է Թորոսը` ըսելով, թէ` «Պէտք էր անձնուէր մէկը ըլլար», արդեօք Վիգէն այդ ժամանակ Լիզպոնի 5-ի՞ն կ՛ակնարկէր:
8 տարիներ ետք, 27 յուլիս 1991-ին, Լիզպոնի նահատակներու յիշատակին կատարուած հսկումի ձեռնարկին կ՛արտասանէ հետեւեալ խօսքերը. «Անոնց նահատակութեան իմաստը` իբրեւ անշէջ կրակ, կը շարունակէ բոցավառիլ հայօրէն տրոփող իւրաքանչիւր սրտի մէջ»:
Այո՛, Լիզպոնի 5-ը դարձան Վիգէնի ներշնչարանը: Երբ ան կ՛ըսէր, թէ իր նկարը կը նախընտրէ զետեղուի այս կամ այն նահատակին կողքին, ան կ՛ակնարկէր մեր գաղափարի հինգ հերոսները, որոնք իրենց անձնազոհութեամբ ծնունդ տուին գաղափարապաշտ ու նուիրեալ նոր սերունդներու:
Վիգէն Զաքարեան այս բոլոր խօսքերը վերածեց գործի ու դարձաւ մերօրեայ «Անկեղծ զինուոր»-ը:
17 ապրիլ 1992-ին շտապեց հայրենիք` Արցախ, մասնակցելու համար Արցախի ազատագրութեան մարտերուն:
Ան հագաւ իր երազած ֆետայիի տարազը, իր ուսերուն կրեց զէնքն ու փամփշտակալը` հաւատարիմ մնալով իր ՀՄԸՄ-ական երիցական երդումին, ծառայեց իր ազգին ու հայրենիքին եւ իր դաշնակցական երդումով կեանքին գնով ծառայեց Հայաստանին եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:
Վիգէն շատ սիրեց Արցախը: Պատերազմէն ետք որոշած էր պսակուիլ եւ ապրիլ Շուշի:
Վիգէն չկարողացաւ պսակուիլ ու ապրիլ Շուշի, բայց տեսաւ «Հարսանիքը լեռներում»:
Վիգէն չկարողացաւ պարել իր հարսանիքին, բայց այդ լեռներուն վրայ պարեց ռազմական պարը` եարխուշտան:
Վիգէն չտեսաւ Շուշիի ազատագրութիւնը, բայց հաւատաց եւ մասնակից դարձաւ անոր կերտման…
Տուշման Վարդան կը պատմէ, որ Վիգէն իր վիրաւոր վիճակին ժպտելով կը խնդրէր, որ իրմով չզբաղին եւ շարունակեն Շուշիի ազատագրութեան մարտը:
Գաղափարապաշտ Վիգէնի ես-ը կորսուած էր մենք-ին մէջ: Ան կը հաւատար` «Բայց երանի, որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»-ին:
8 մայիս 1992-ին Շուշիի յաղթանակը կանխող ժամերուն Վիգէն կը նահատակուի զէն ի ձեռին, Զառիսլու գիւղի մօտակայ բարձունքին գրաւման պահուն, անցնելով ԷՋԵՐՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ: Վիգէն կ՛ուզէր տեսնել Արարատը եւ համբուրել հայրենի հողը: Չտեսաւ Արարատը, բայց իր արիւնը շաղախեց այդ սրբազան հողին: Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, ապրինք Վիգէնի հաւատքով ու յոյսով, որ ուշ կամ կանուխ պիտի ապրինք այն հողին վրայ, որուն մէջ կան հայ գիւղացիին ու հայ յեղափոխականին արիւնն ու քրտինքը: Ո՞րն է այդ հողը, եթէ Արցախը ներառող հողը չէ, ո՞րն է այդ գաղափարը, եթէ ազատ, անկախ Արցախը ներառող Հայաստանի գաղափարը չէ: