Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն. ՀՕՄ-ը «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման Կողքին

Մայիս 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհասական եւ ճակատագրական պահեր կ’ապրի մեր հայրենիքը: Իշխանութիւնները լծուած են սահմանազատման եւ սահմանագծման այնպիսի աշխատանքի մը, ուր ամբողջապէս կ’անտեսուի հայկական ինքնիշխան տարածքներու վերադարձի ապահովումը եւ ճիգ կը թափուի ստեղծուած իրավիճակը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան առաջնորդող կացութիւն մը, ուր բնականաբար միակ տուժողը հայկական կողմն է, իսկ շահեր արձանագրողը` Ազրպէյճանը:

Ի մտի ունենալով ընդհանուր իրավիճակէն առաջնորդուած դէպքերու եւ զարգացումներու հոլովոյթը, որուն բնական մէկ արտայայտութիւնն է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը` գլխաւորութեամբ Բագրատ արք. Գալստանեանին, Հայ օգնութեան միութիւնը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով կու գայ խոր ընդվզում յայտնելու հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան նկատմամբ` շեշտը դնելով սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն ապահովութեան, բարեկեցութեան եւ բարօր կեանքի մը իրաւունքին երաշխաւորման վրայ, որպէսզի հայրենիքին սահմաններուն հսկող մեր գիւղերը վերածուին ամրակուռ դարպասներու եւ ոչ թէ դառնան անմարդաբնակ շրջաններ:

Առաջնորդուելով Հայաստանը հայուն հայրենիքը պահելու համազգային առաջադրանքէն` Հայ օգնութեան միութիւնը` իբրեւ հայութեան կողքին կանգնող մեծ կազմակերպութիւն մը, իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին եւ հայ մօր գուրգուրանքին կը միացնէ իր զաւակը ռազմաճակատ առաջնորդող հայուհիին վճռակամութեամբ ուժեղացած կամքը, իբրեւ առաջնորդող առաջադրանք, թէ մեր հայրենիքը ոչ մէկ պարագայի կրնայ վերածուիլ քաղաքական մութ հաշիւներու սակարկութեան նիւթի: Բոլորս սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն կողքին ըլլալու ազգային պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք եւ կենսական է, որ այս պարտաւորութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ գործենք` ի շահ Հայաստան աշխարհին:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կ՛աջակցի Ճշմարտութեան Արշաւին

Յաջորդը

Էն. Պի. Էյ.- Տենվըր Ինքզինք Գտաւ. Տալաս Յառաջ Անցաւ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?