Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծննդեան 70-Ամեակ Պետրոս Հերեանի (ԻԹ.) Միւս Պետիկը

Մայիս 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այնճար, 1974, փետրուար 15

Սիրելի՛ ընթերցող,

Մանուկ Պետիկը` լուսանկարուած իր հօրենական տան բակը, 1957-ին։

Որպէսզի կարողանաս ճիշդ պատկերացնել, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Պետիկին ծնունդը, նախ պէտք է նկարագրեմ մեր բնակարանը: Երբ Այնճար գիւղաւանը կառուցուեցաւ, իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուեցաւ չորս հարիւր քառակուսի մեթր հողի վրայ կառուցուած շուրջ քսան քառակուսի մեթր սենեակ մը եւ դուրսը` փոքր արտաքնոց մը: Նոյն սենեակը կ՛օգտագործուէր թէ՛ իբրեւ հիւրանոց ու խոհանոց եւ թէ՛ իբրեւ ննջարան ու ճաշարան միաժամանակ: Հայրս կ՛ըսէր, որ երբ ամուսնացած է, իբրեւ տան գոյք` ունեցած է ֆրանսական զինուորութենէն իրեն «ժառանգ» մնացած դգալ մը եւ երկու դաշոյն, զորս իր քեռիին տղան` Կուլուկասը (Պետրոս Անտոնեանը) շինած ու նուիրած էր իրեն: Իսկ մայրս իրեն հետ բերած էր հագուստներով լեցուն նաշխազարդ սնտուկ մը, որուն մէջ խնամքով տեղաւորուած էին ընտանեկան տօնական հագուստներն ու որոշ թանկարժէք իրեր,  յատկապէս` ձեռագործներ: Ի դէպ, աւանդութիւն էր, որ իբրեւ օժիտ` նմանօրինակ սնտուկներ  իրենց հետ պէտք էր բերէին նորահարսերը: Այս սնտուկները կը համարուէին տան կարեւորագոյն կահոյքը ու կը գործածուէին նաեւ իբրեւ նստարան: Թէեւ հօրս դգալն ու դաշոյններէն մէկը կորսուած կը համարուին, սակայն սնտուկը տակաւին կը մնայ… իբրեւ յիշատակ: Ամուսնանալէ ետք հայրս կրցած էր ձեռք բերել երկաթէ նաշխուած ու զսպանակաւոր մահճակալ մը, ուր կը քնանային իրենք` ծնողներս… տան փոքրիկին` Փոլին (Պօղոսի) հետ, իսկ ես եւ քոյրս` Մատլենը, գետինը փռուած «մինտարներու» վրայ: Սկզբունքով Այնճարի մէկ սենեակնոց բնակարաններուն կեդրոնը զետեղուած կ՛ըլլար «թանտըրը»: Այս «ջեռուցման սարքը» թոնիրը չէ, որուն դուք ծանօթ էք, եւ ոչ ալ այն մետաղեայ վառարանի տեսակներէն է, որոնք  տարածուած են գիւղերու մէջ, այլ քառանկիւն, մէկ մեթրանոց (երբեմն աւելի), շուրջ երեսունհինգ  սանթիմեթր բարձրութեամբ սեղան մը, որ բազմաթիւ կիրարկութիւններ ունէր: Կ՛օգտագործուէր թէ՛ իբրեւ ճաշասեղան, թէ՛ իբրեւ գրասեղան ու խաղասեղան, ինչպէս նաեւ` իբրեւ «թանտըր», որուն վրայ ձմեռները դրուած կ՛ըլլար ձեռքով հիւսուած ծածկոց մը, նախընտրաբար` բուրդէ, իսկ տակը` փոքր «մանկալ» (կրակարան) մը, նախընտրաբար` ածուխով: Մենք մինտարներու վրայ նստած` ոտքերնիս սեղանին տակը կը մտցնէինք, իսկ ձեռքերնիս սեղանին վրայ` ձեռքի եւ մատներու շարժումներով մանկական խաղեր կը խաղայինք. «Շտտու-դրապպու», «Ծափը-ծուփ» կամ «Հոփըր-հոփ»:

Յետոյ, իմ կենսասէր ընթերցող, ամէնէն կարեւորը` ուրախ էինք ու երջանիկ, իսկ եթէ հայրս տրամադրուէր հեքիաթ պատմել մեզի (հոգ չէ թէ նոյն հեքիաթը բազմաթիւ անգամներ) մեր ուրախութիւնը կը բազմապատկուէր…

Է՜, իմ համբերատար ընթերցող, ինչե՜ր յիշեցինք եւ ուրտեղե՜րը հասանք. եկուր` շատ չշեղինք,  ուղղակի սկսիմ պատմել քեզի, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Պետիկին ծնունդը ճի՛շդ եօթանասուն տարիներ առաջ:

Քրոջս` Մատլենին եւ միւս եղբօրս` Փոլին ծնունդները չեմ յիշեր: Մենք երեքս ալ ծնած ենք Այնճարի «Մայրանոց»-ը (որ հետագային մանկապարտէզի վերածուեցաւ), իսկ Պետիկը`  մեր հօրենական այն տան մէջ, զոր վերը նկարագրեցի…

Պետիկը իր հօր եւ մեծ եղբօր հետ խորոված եգիպտացորեն կը վաճառեն

Ցուրտ ու փոթորկոտ էր օրը, մենք` երեխաներս, պպզած «թանտըրին» շուրջ, հայրս մեզի հեքիաթ կը պատմէր… ընթացքին փըթթէուն Կիրըկ (բոհրած կորեկ) կ՛ըմբոշխնէինք, իսկ մայրս նստած «օժիտի» սնտուկին` բուրդէ գուլպայ կը հիւսէր: Յանկարծ մէջքը բռնած` ոտքի ելաւ ու սկսաւ տնքալ, տնտնալ ու բաներ մը ըսաւ հօրս, որ հագուեցաւ ու անմիջապէս դուրս գնաց… Շատ չանցած` իրարու ետեւէ ներս մտան Ֆասթուք Նէնէն (պղինձէ կաթսայ մը ձեռին), Հերկելենց Ակաթը եւ Այնճարի մայրապետներէն քոյր Լորենցիան… իրարանցում մը սկսաւ տան մէջ… Մատլենն ու Փոլը ո՛ւր տարին` չեմ գիտեր, սակայն հայրս զիս անցուց դրացի ճալապենց ցանկապատուած  բակը, ուր թոնիրը վառած` հաց կը թխէր Անթուր (Անթարամ) Նէնէն: Հայրս կ՛աճապարէր, բաներ մը ըսելէ ետք Անթուր Նէնէին, յանձնեց զիս անոր ու անմիջապէս վերադարձաւ: Անթուր Նէնէն յանձն առաւ զիս, աթոռակի մը վրայ նստեցուց  թոնրատան անկիւնը ու խոստացաւ «պանրըհուց» եփել («սուրքի»-ով` հորած պանիրով, որուն «սուրքի» կ՛ըսէինք, սոխով, լոլիկով եւ յատուկ համեմունքներով պատրաստուած հաց): Թէեւ «պանրըհուց» ուտելու յոյսը քաջալերական էր ու խիստ ցանկալի, սակայն շուարած էի ու տագնապած… Կը զգայի, թէ կարեւոր բան մը տեղի կ՛ունենայ տան մէջ, եւ մայրիկս հանգիստ չէ. այնուամենայնիւ գոհ էի, որ Անթուր Նէնէին մօտն եմ: Ան անմիջապէս քանի մը նկանակ փակցուց թոնիրի շիկացած կղմինտրներուն… Աստուա՜ ծ իմ… այդ ի՜նչ բոյր էր, իմ որկրամոլ ընթերցող, դուն թոնիրէն նոր հանուած տաք-տաք «պանրըհուց» կերա՞ծ ես… դժուա՜ր թէ… այնպէս որ, պիտի չկրնաս ըմբռնել, թէ որքա՜ն համեղ ուտեստի մը մասին է, որ կը խօսիմ… միայն իմացիր, որ այդ «պանրըհուց»-ի բոյրը տակաւին ռունգերուս մէջ կը յամենայ…

Երբ ես տարուած էի թոնիրէն նոր հանուած «պանրըհուց»-ը վայելելով, յանկարծ Ճալապ պապուկը (Պետրոս Գոհիւլեան) ներս մտաւ, ձեռքը գլխուս դրաւ, վեր բարձրացուց զիս ու ըսաւ.

– Աստուած պապան քեզի «մախսըմ» (պստլիկ) ախբարիկ մը ղրկած է, հայրիկդ եւ մայրիկդ շատ ուրախ են: Մենք ալ ուրախ ենք… տղամարդ մըն ալ աւելցաւ թաղին մէջ… քիչ յետոյ կ՛երթանք եւ կը տեսնես, դուն ալ շատ պիտի ուրախանաս…

Իմ բանիմաց ընթերցող,

Ես չհասկցայ, թէ «Աստուած պապան» ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ղրկած է ինծի: Իրականութեան մէջ բան մը ղրկողը կամ բերողը Կաղանդ Պապան կ՛ըլլար, որ անցնող Ամանորին արդէն իսկ  բերած էր նուէրները ու անձամբ յանձնած մեզի: Իսկ հակառակ անոր որ մենք միշտ կ՛աղօթէինք «Աստուած պապային», տակաւին օր մը նուէրի խօսք չէր եղած: Այնուամենայնիւ  քանի որ բան մը պիտի ստանայի եւ  ուրախանայի, կ՛ուզէի վայրկեան առաջ տուն երթալ… Բաւական ժամանակ անցաւ… «Պանրըհուց»-ը ուտելէն ետք աւելի անհամբեր դարձայ… ի վերջոյ Անթուր Նէնէն, որ իր հերթին հետաքրքրուած կը թուէր ըլլալ  մեր տան մէջ եղած անցուդարձով, հաց թխելու «արարողութիւնը» աւարտելէ եւ լուացուելէ ետք ներս մտաւ,  հագուստները փոխեց ու վերադարձաւ թոնիր: Քանի մը  «պանրըհուց»  տեղաւորելէ ետք ծղօտով հիւսուած կողովի մը մէջ, դարձաւ ինծի ու ըսաւ.

– Նայէ, Մոսիկ, հիմա ձեր տունը պիտի անցնինք (ընդամէնը ճանապարհ մը կար մեր տան եւ իրենց բակին միջեւ) ու քու նոր ախբարիկդ պիտի շնորհաւորենք: Դուն քեզի խելօք կը պահես, չէ՞…

Ապա  թաց անձեռոցով մը բերանս, դէմքս եւ ձեռքերս մաքրեց, վզնոցս, գլխարկս ու վերարկուս լաւ մը շտկրտելէ ետք ձեռքէս բռնեց ու առաջնորդեց դէպի տուն: Դիմաւորողը հայրս էր… ներս տարաւ: Ամէն մարդ ուրախ էր, եւ կը հաստատէին, որ նորածինը աւելի Հերկելեաններուն կը նմանի, քան` Հանտեաններուն: Կին մը (առաջին անգամն է, որ կը տեսնէի) ղեկավարի հանգամանքով  թելադրութիւններ կ՛ընէր ներկաներուն, յատկապէս` մօրս: Ան ստուգելէ ետք, որ մամաս արդէն հանգիստ է, «գունտագուած» նորածինը (որ քրոջս պուպրիկը յիշեցնող փոքրիկ արարած մըն էր) ձեռքերուն մէջ  առնելով ու ցոյց տալով ինծի` ըսաւ.

– Նայէ՛ ի՜նչ անուշիկ է: Դուն մեծ տղայ ես այլեւս, մի՛ հաւատար ասոր անոր, այս «պէպէքը» մամադ ծնաւ, Փոլին պէս ինքն ալ քեզի ախբարիկ պիտի ըլլայ,  սակայն շատ խելացի ըլլալու է…

Ապա նորածինի գլխուն վրայի ցանցառ մազերով պարոյկները ցոյց տալով` ըսաւ.

Հերկելեանները 1956-ին։ Պետիկը` աջ կողմը կանգնած, իր հօրը գիրկն է։

– Եկէք` դուք ալ նայեցէք, այս մանկիկը  գլխուն վրայ մէկի փոխարէն` երեք կեդրոն ունի, երկուքը շատ քիչ կը պատահի, որ խելացիութեան նշան է, իսկ այս մէկը երեք հատ է, կը նշանակէ, որ չափազանց խելացի ու նշանաւոր մէկը պիտի ըլլայ…  «Աստուծ թըղ շատցնի»…

– «Աստուծ թըղ շատցնի»… «Փատէար թըղ շատցնի»…,- կրկնեցին ներկաները, իսկ անծանօթ կինը աճապարանօք դուրս ելաւ:

(Մուսալեռցիք երեխաներու ծնունդի առիթով չեն ըսեր «Աստուած պահէ», այլ կ՛ըսեն` «Աստուծ թըղ շատցնի» կամ «Փատէար թըղ շատցնի», որ կը նշանակէ «Աստուած (կամ Փրկիչը) եղածը թող պահէ եւ նորանոր ծնունդներ եւս պարգեւէ»):

Ի դէպ, Պետիկը տեղեակ էր այս պատմութեան, գիտէր, որ իր գլուխը մէկի փոխարէն` երեք գլխածայր ունի, եւ կը հաւատար այս տարօրինակ երեւոյթին… Իսկ ածանօթ կինը (Ծաղիկ Սեպէեան), որ այն ժամանակներուն գիւղին միակ մասնագէտ դայեակն էր,  մեծապէս գնահատուած էր Այնճարի մէջ ու մեծ յարգանք կը վայելէր գիւղացիներուն մօտ… Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը ծառայեց գիւղացիներուն` առանց նիւթական որեւէ ակնկալութեան: Ամուսինը` Ճորճ Սեպան, այդպէս թելադրած էր անոր:

Շատ լաւ կը յիշեմ` մինչ դրացիներէն Սիրվարդ քոյրիկը հալվութ (աչքալուսանքի քաղցրեղէն) կը բաժնէր ներկաներուն, հայրս զիս մօտեցուց մահճակալին ու մատնացոյց ըրաւ մօրս գրկին նորածինը… կ՛ուզէր բան մը ըսել, բայց կը դժուարանար… թուքը կլլեց… քանի մը անգամ փորձեց… չկրցաւ… Հակառակ անոր որ լայնօրէն կը ժպտէր ու դէմքէն երջանկութիւն կը  ճառագայթէր, արցունքները կը հոսէին անոր այտերն ի վար… որ մտահոգիչ էր ինծի համար: Երբ սկսայ տագնապիլ, մամաս քովը առաւ զիս ու ըսաւ.

– Տղա՛ս, ատոնք ուրախութեան արցունքներ են, դուն ալ երբ ծնար, այն ատեն ալ հայրիկդ ուրախութենէն կու լար… տե՛ս, ամէն մարդ ուրախ է, հիմա արդէն երկու եղբայր ունիս…

Առաջին անգամն էր, որ «ուրախութեան արցունքներ» կը տեսնէի…

Պետիկը իր գաղափարակից ընկերներուն հետ

Այնճար,1965, յունիս

Թուականը ճիշդ ըլլալու է, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը նոր նշուած էր, ու ես ընկերներուս հետ` իբրեւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտ, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էի Անթիլիաս-Պիքֆայա երկարող քայլարշաւին: Ազգային գետնի վրայ խանդավառ ու լաւատեսական մթնոլորտ մը կար աշակերտներու մէջ: «Մուսա Լեռ» պարբերականի խմբագրութեան անդամ էի, ու կը պատրաստուէինք «Եղեռնի» նուիրուած բացառիկ մը հրատարակել: Հայերէնի դասապահն էր, ուսուցիչը` պր. Մովսէս Այնթապլեան, բացատրութիւններ կու տար մեզի, թէ ի՛նչ բնոյթի եւ բովանդակութեամբ շարադրութիւն պէտք էր որ գրէինք… յանկարծ դպրոցի վարորդը` Տիգրան Վ. Փանոսեան, ներս մտաւ եւ ուսուցիչին ուղղելով խօսքը` ըսաւ.

– Մովսէսը տնօրէնին քով կանչուած է, հիմա պէտք է գայ… շատ կարեւոր է…

Զարմացայ… այդ օրերուն մասնաւոր` նկատառելի յանցանք մը չէի գործած… ինչո՞ւ անյապաղ կը կանչուէի… Երբ տնօրէնին սենեակը մտայ, ան (Յովհաննէս Գարագաշեանը) ինծի կը սպասէր… ոտքի: Զիս տեսնելուն պէս ըսաւ.

– Եղբայրդ` Պետիկը, կռիւ ըրած է եւ ընկերոջը` Խաչիկին դանակով հարուածած, թէեւ մեծ բան մը չէ, սակայն լաւ կ՛ըլլայ, որ Տիգրանին հետ միասին տանիք զինք բուժարան, որմէ ետք` իրենց տունը:

Դուրս ելայ, վարորդ Տիգրանն ու Խաչիկը տնօրէնին ինքնաշարժին մէջ կը սպասէին: Թէեւ Խաչիկին դաստակը կապուած էր արիւնոտած թաշկինակով մը, սակայն ան հանգիստ նստած էր: Երբ բացատրութիւն ուզեցի, Խաչիկը ըսաւ.

– Ես կատակ ըրի, բայց Պետիկը խենթ է, ան դանակը քաշեց, ետեւէս վազեց, բռնեց ու զարկաւ:

– Ինչո՞ւ…

– Մեր դասարանի «քաջ տղան» ինքն  է եղեր…

Տիգրան ամմոն խրախուսեց զինք` ըսելով.

– Դուք երկուքդ ալ քաջեր էք, պէտք չէ կռիւ ընէք,  ընկերներ էք, ամօ՛թ է…

«Գարակէօզեան» բուժարանը գացինք, բուժքոյրը վէրքը խնամեց, ու տուն տարինք Խաչիկը: Թէեւ հայրը` Անթուշը (Անդրանիկ Քիւսպեկեան), տղուն վիրակապը ստուգելէ ու հարցաքննելէ ետք զինք հասկացողութիւն ցուցաբերեց, սակայն մայրը` տիկին Մարսիլը, քիթին տակէն բաներ մը մռլտաց ու զիս ցոյց տալով` ըսաւ.

– Այս  Գասատուրինց խիվէյր (Խաչատուրենց խենթերը) թաղին «պելան» են… Աստուած աւելի մեծ փորձանքներէ ազատէ…

Ես եղածին համար ցաւ յայտնելէ ետք ըսի.

– Պետիկը վաղը կը զղջայ եւ անպայման կու գայ Խաչիկին քով ու ներողութիւն կը խնդրէ…

Երեկոյեան հայրս (Որսորդ Սըդդանը) սովորականին պէս լաւ տրամադրութեամբ տուն մտաւ, ուսապարկը հանեց եւ իր հաւատարիմ շան` Ճոլիին բերանը տուաւ, որպէսզի տանի ու տեղը դնէ, օրուան որսը` թռչունները, մօրս յանձնեց, իսկ հրացանն ու փամփշտակալը` մեզի, որպէսզի իրենց տեղերը կախենք: Մամայիս սուրճ պատուիրելէ ետք բաղնիք մտաւ լուացուելու: Կարծեցինք, թէ բանէ մը լուր չունի, մինչդեռ որսէն վերադարձի ճամբուն վրայ ան կ՛իմանայ եղելութիւնը, կը մտնէ Քիւսպեկեաններուն բնակարանը, ուր Խաչիկին ծնողքին ու քանի մը դրացիներու ներկայութեան կ՛իմանայ դէպքին մանրամասնութիւնները ու կը խոստանայ պատժել Պետիկը…

Մոնրէալ, 2024, մարտ
(Շար. 1)

Նախորդը

Տօներուն Գեղեցիկը` «Մայրերու Օր»

Յաջորդը

Էջերն Անմահութեան. Վիգէն Զաքարեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?