ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Հայրս երբ բաղնիքէն դուրս ելաւ, առաջին անգամ Պետիկին մասին հարցուց եւ երբ տեղեկացաւ, որ դպրոցէն փախած է եւ տակաւին տուն չէ վերադարձած, պահանջեց, որ գտնենք ու տուն բերենք զինք… անմիջապէս: Մայրս առիթէն օգտուելով` սկսաւ…
– Շատ երես կու տաս կոր «չոճուքներուն», յանցաւորը դո՛ւն ես, այս «սրդիթը» (մեր բարբառով կը նշանակէ աշխուժ, ուշիմ, սակայն չար երեխայ), այդ մատ մը լակոտը, որ տակաւին կաթի հոտը բերանն է, դանակով կռիւ կ՛ընէ ու մարդ կը վիրաւորէ. ուրկէ՞ գտեր է այդ դանակը, կրնա՞մ հասկնալ: Դուն իրենց հայրն ես, ոչ թէ` տարեկից ընկերը, ամէն ինչ կատակի կու տաս, այսօր դանակ, վաղը` դաշոյն, միւս օրը զէնք… յետո՞յ… Սեդրա՛կ, ասոր վերջը լաւ չեմ տեսներ…
Իսկ հայրս նման պարագաներու ամենայն սառնասրտութեամբ կը պատասխանէր.
– Կնի՛կ, իրենց տարիքին ես իրենցմէ լաւ չեմ եղած, վաղը միւս օր կը մեծնան եւ խելքերնին գլուխնին կու գայ, կեանքը այսպէս է. ասոնք խրատէ չեն հասկնար, իրենք իրենց սխալներէն պիտի սորվին, եթէ խելացի են, խրատի պէտք չունին, եթէ անխելք են, դարձեալ խրատի պէտք չունին…
Մայրս, որ քաջածանօթ էր այս եւ նմանօրինակ «փիլիսոփայութիւններու», ճարահատ գլուխը շարժեց ու հեռացաւ:
Հօրս պահանջին հիման վրայ Փոլը, որուն համար ընթացիկ «խաղ» մը կը թուէր պատահածը, եղբօրը ետեւէն գնաց ու շատ չանցած` անոնք զրուցելով ներս մտան… Պետիկը, որ աւելի հերոսի կեցուածք ունէր, քան` յանցագործի, գրպանէն փոքր դանակ մը հանեց, երկարեց հօրս ու ըսաւ.

– Ա՛ռ, ասկէ ետք դանակով կռիւ չեմ ըներ…
– Ասկէ ետք առանց դանակի ալ կռիւ պէտք չէ ընէք, ո՛չ դուն եւ ո՛չ ալ եղբայրներդ:
Ապա դուրսը` ծիրանի ծառին տակ «հրաւիրեց» մեզ: Ինք նստաւ աթոռի վերածուած կոճղի մը… դատաւորի նման, իսկ մենք աշակերտներու պէս շարուեցանք դիմացը… ոտքի: Հայրս շատ ընկերային էր ու բարեացակամ մեզի հանդէպ, բնաւ ձեռք չէր բարձրացուցած մեր վրայ, եւ հակառակ անոր որ կը փորձէր ամէն ինչ կատակի տալ, մենք կ՛ակնածէինք իրմէ ու կը հնազանդէինք իրեն: Ան էութեամբ զուարճախօս ու բարի մարդ էր, միշտ մեր յանցանքներուն վրայէն թեթեւօրէն կ՛անցնէր: Այդ օրը սակայն քիչ մը տարբեր կը թուէր ըլլալ: Վերէն վար լաւ մը չափելէ ետք Պետիկը, ըսաւ.
– Հո՛ս նայեցէք, եթէ դպրոցն ու ակումբը չեն կրնար դաստիարակել ձեզ, ապա ասկէ ետք ձեր գործը ինծի հետ կ՛ըլլայ: Իմ գլուխէս շատ բան անցած է, սակայն կռիւն ալ իր օրէնքները ունի: Նախ` ընկերներու հետ չեն կռուիր, այլ ընկերները զիրար կը պաշտպանեն, իսկ վէճեր ու տարակարծութիւններ եթէ ունենաք իրարու հետ, յանցաւորը պէտք է որ ներողութիւն խնդրէ միւսէն…
Ես լռեցի: Փոլը, որ ամէնէն չարն էր մեր մէջ, փորձեց ընդմիջել, սակայն հայրս ձեռքով սաստեց զինք ու շարունակեց.
– Յանցանքը ընդունիլը ոչ միայն ամօթ չէ, այլ նաեւ` «գապատայութիւն» (տղամարդկութիւն) ու քաջութիւն է: Հազար անգամ ըսած եմ` կռուիլը արգիլուած է ձեզի, սակայն եթէ դիմացինդ թշնամի է եւ կռիւը` անխուսափելի, առաջին հարուածողը դուն պէտք է որ ըլլաս ու կը ծեծես զինք այնքան, որ ուժաթափ ըլլայ… Իսկ եթէ փողոցը, պարտէզները եւ նոյնի՛սկ դպրոցը ծեծ ուտէք ու տուն գաք, հոս ալ ծեծ կ՛ուտէք… յստա՞կ է… Այո՛, կռիւը արգիլուած է, սակայն ծեծ ուտելը աւելի եւս արգիլուած է: Դուք իմ տղաքն էք… հասկնալի է, սակայն ես կը կռուէի միայն այն պարագային, երբ «պոչիս կոխէին»… Իսկ դո՛ւն պզտակ սըրդիթ, ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ կռուեցաք, ու խնդիրը դանակին հասաւ… չէ՞ որ քու ընկերդ է, եւ նոյն թաղը կ՛ապրիք… ամէն օր իրարու պիտի տեսնէք…

Պետիկը խրոխտ առոգանութեամբ պատասխանեց.
– Ըսաւ, որ ինք ինձմէ աւելի քաջ է եղեր… բոլորին առջեւ…
– Դուն ալ ըսէիր, որ ո՛չ, դուն ես քաջը… հարցը կը փակուէր…
– Ո՛չ, հայրիկ, ինք ինձմէ պոյով է ու հսկայ, իրեն կը հաւատան, ինծի չեն հաւատար…
– Լա՛ւ, հիմա նայեցէք: Հակառակ անոր որ դուք տակաւին դանակ շալկելու տարիքին չէք հասած, ես այդ դանակը պիտի չպահեմ ձեզմէ, «պատիհանը» պիտի դնեմ, ու հոն պիտի մնայ… դանակը ձեզի հետ կը տանիք միայն այն պարագային, երբ պարտէզները ձուկ բռնելու կամ որսի երթաք: Եթէ անգամ մըն ալ լսեմ, որ կռիւ ըրած էք ու յատկապէս` դանակ գործածած, հարցը կը փոխուի… եւ նկատի առէք, որ դանակով կռուիլը մասնագիտութիւն է եւ վարպետութիւն կը պահանջէ… եթէ սխալ գործածէք, դուք ձեզ կը վիրաւորէք: Իսկ դուք տակաւին փոքր էք ու անփորձ… Հիմա գացէք «Մլգինենց» խանութէն տուփ մը «լոգում» առէք, տարէք Խաչիկին մօրը, քաջաբար ներողութիւն խնդրեցէք, հաշտուեցէք ու լաւ ընկերներ մնացէք… Եղա՞ւ…
Իմ խաղաղասէր ու մարդասէր ընթերցող,
Գուցէ մեղադրես մեր սերունդը, որ ըլլայ Այնճարի թէ առհասարակ Լիբանանի մէջ, յատկապէս` քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, յատկանշուեցաւ իր արկածախնդիր բնաւորութեամբ: Ինքնապաշտպանութեան բնազդն էր, որ դարերու ընթացքին ջրդեղեց մեր խաղաղասէր ու վեհանձն պապերուն կամքն ու կազմաւորեց անոնց նկարագիրը, իսկ անոնք իրենց հերթին դաստիարակեցին մեր ծնողներն ու մեզ, սակայն` հեռո՜ւ ամէն տեսակի վայրագութենէ եւ անմարդկային վերաբերումներէ…
Իսկ հիմա, իմ արկածախնդիր ընթերցող, գիտցիր, որ Պետիկին մանկապատանեկան կեանքը լեցուն է նմանօրինակ դէպքերով: Երբ արդէն պատանի էր, մէկ կողմէ բանաստեղծութիւններ կը գրէր եւ միւս կողմէ` խումբեր կը կազմէր, ու ընկերներով թէ՛ գիւղի, թէ՛ դպրոցի ու նոյնիսկ ակումբի հանգիստը կը խանգարէին… Երկու խումբ ունէր, առաջինը` իր տարեկիցները, երկրորդը` յաջորդ սերունդը, որոնք աւելի հաւատարմութիւն ցոյց կու տային իրեն, քան` նախորդները: Իսկ ազգը փրկելու համար կը մտադրէր ընկերներու հետ «որբանոց-զօրանոց» մը հիմնել…
Երբ մեծցաւ, ան չփոխուեցաւ, մնաց նոյն երկու անհատականութեան տէր Պետիկը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, երբ գաղութի ազգային կառոյցներէն գրեթէ բոլորը փոխադրուեցան արեւելեան Պէյրութ, համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր, «Ազդակ»-ն ալ տպարանով ու խմբագրական կազմով տեղափոխեցին Պուրճ Համուտ: Հակառակ անոր որ ինք այդ շրջանին «Ազդակ»-ի սրբագրիչն էր, որ զուգահեռաբար «Գրական էջ»-ը եւս կը խմբագրէր, մնաց արեւմտեան Պէյրութի ՀՅԴ-ի ակումբը, զոր «տղաքը» կը շարունակէին պաշտպանել: Արեւելեան Պէյրութ փոխադրուելու յորդորները ոչ մէկ ազդեցութիւն գործեցին իր վրայ: Զինուած` փոքր ատրճանակով մը (որ իր ընկերներէն Փիթըրը նուիրած էր իրեն), գլուխը ածիլած, ճակատագիրը կապեց իր հաւատարիմ ընկերներուն` ակումբի «տղոց»:
Որովհետեւ «Ազդակ»-էն իսկապէս պէտք ունէին իրեն, ի վերջոյ ինծի դիմեցին, որ համոզեմ զինք: Շատ դժուարութեամբ կրցայ կապուիլ հետը, մէկ կողմէ փորձեցի բացատրել իրեն, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտաբար պէտք է գայ Պուրճ Համուտ` իբրեւ «Ազդակ»-ի անձնակազմի անդամ, եւ միւս կողմէ` ցոյց տուի վտանգին ահաւորութիւնն ու մեծութիւնը: Մնաց անդրդուելի ու պատասխանը եղաւ հետեւեալը.
– Անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթ պիտի ունենամ պատերազմի մէջ ըլլալու ու կեանքի դաժանութեան մէջ ապրելու…
Իմ խիզախ ընթերցող,
Պետիկը ամէնէն վտանգալից պահերուն իսկ ո՛չ տագնապի կը մատնուէր եւ ո՛չ ալ իր զուարճախօսութիւնը` հիումըրը կը կորսնցնէր: Քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն սարսափելի օրերէն էր: 1984-ի ձմրան, երբ հօրս թաղումէն անմիջապէս ետք Այնճարէն Պէյրութ կը վերադառնայինք վարորդ Հաննէսին հետ, մեզի հետ էին նաեւ տարեցներ` Հիյակն ու կինը եւ մեր դրացի Փամպուքեաններուն աղջիկը` Օսկին: Լեռներուն վրայ, Սոհայի ճամբուն, առեւանգեցին մեզ ու տարին անտառին մէջ լքուած բնակարան մը, ուր մեզմէ առաջ հոն բանտարկուած էին նաեւ երկու այնճարցի երիտասարդներ` Վահէ Հանիսեանն ու Մովսէս Ինճէեանը: Սենեակը բաւականին մեծ էր ու բոլորովին պարապ: Գետինը կարգ մը տեղեր թափուած թարմ արիւն կար, իսկ անկիւնը դրուած էր շիշ մը օղի` փակ վիճակի մէջ: Բոլորս շուարած ու տագնապած էինք, որովհետեւ յարակից սենեակներէն հառաչանքի ու տնքոցի ձայներ կը լսուէին: Փաստօրէն մեր կեանքը մազէ մը կախեալ էր: Յանկարծ Պետիկը լռութիւնը խզելով, կարծէք թէ ոչինչ պատահած ըլլար, դարձաւ Հիյակին, որ օղիին հանդէպ անտարբեր մէկը չէր, ու ըսաւ.
– Նայէ, Հիյա՛կ, ասոնք շատ հիւրասէր եւ առատաձեռն մարդիկ կ՛երեւին, օղին պատրաստեր են սկիզբէն, քիչ յետոյ խորովածն ալ կը բերեն…
Իսկ Հիյակը, որ սահմռկած կը թուէր ըլլալ, պատասխանեց.
– Սպասէ, սպասէ հիմա… երբ այդ օղին վէրքերուդ վրայ լեցնեն, այն ատեն կը գիտնաս, թէ ի՛նչ տեսակ մարդիկ են ասոնք:
Յետոյ իմացանք, որ այդ օր քսանէ աւելի անմեղներ գնդակահարուած էին երկուստեք: Մենք ազատեցանք բախտով… միայն շնորհիւ իմ աւարտաճառիս արխիւներուն, որոնք այդ օր հետս կը տանէի Պէյրութ… ապահովութեան համար: Ասիկա ուրի՜շ հետաքրքրական պատմութիւն է, որ այլ առիթով մը կարելի է հրապարակել…
Այո՛, Պետիկը երկու անհատականութիւն ունէր, եւ բնաւ պատահական չէ, որ Փոլ Կիրակոսեանը, որ լաւ կը ճանչնար զինք, երբ ուզեց իր դիմանկարը իրագործել, երկու «Պետիկ» պատկերեց… յիշողութեամբ. «Մտաւորականը» եւ «Յեղափոխականը»…
Այդպէս էր նաեւ անոր գրականութիւնը, որուն անդրադարձած են կարգ մը կայացած ու հեղինակաւոր մտաւորականներ, ինչպէս` Աբրահամ Ալիքեանը, Ալեքսանդր Թոփչեանն ու ուրիշներ, որոնք գնահատած են իբրեւ այդպիսին: Այո՛, թէեւ գնահատուեցաւ իբրեւ քնարերգակ բանաստեղծ, սակայն հալածուեցաւ իբրեւ ըմբոստ մտաւորական, այդ պատճառով ալ անոր «Եուհու» վիպակը երկար ժամանակ մնաց լուսանցքի վրայ…
Պետիկին ընկերներէն շատեր իր մասին գրած ու խօսած են անոր նկարագրային յատկանիշներուն մասին:
Ստորեւ կու տամ Վարուժան Խտըշեանին վկայութիւնը միայն. «Շատ մեծ կորուստ էր ինծի համար Պետիկը, որովհետեւ ի՛նչ որ կը մտածէի, իրեն հետ կը խորհրդակցէի: Ինքն ալ կը բացուէր ինծի: Երբեմն կ՛առնէր խորհուրդս` իբրեւ մեծ եղբօր, իրապէս, որովհետեւ շատ սրտանց էի իրեն հետ. ինքն ալ` ինծի հետ: Թարգմանութիւնները, զորս կ՛ընէի, նախ իրեն կը կարդայի, ինք աւելի գեղեցիկ բառերը, ճիշդ բառերը գիտէր, կը սրբագրէր համբերութեամբ: … Շատ բարի, զուլալ, միամիտ ըսուելու չափ անուշ տղայ մըն էր: Պոյաճեան, Սնապեան եւ Հերեան: Շատ մեծ, աւելի մեծ խոստումներ ունէր Պետիկը…»:
Մոնրէալ, 2024, մարտ
(Շար. 2 եւ վերջ)