Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Եւ Հայկական Ինքնիշխանութեան Արժէքը

Մայիս 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հայերը` իբրեւ հիմնարար արժէքներ, փայփայած են ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, յատկապէս` այն ժամանակներուն, երբ կորսնցուցած են զանոնք: Այս իտէալները, հայկական ամուր տարածքային ինքնութեան հետ միասին, հետեւողականօրէն առաջնորդած են ազգին ոգին` ձեւաւորելով հայութեան տոկունութիւնն ու ազգային միասնութիւնը: Տաւուշի շարժումը եւ վերջին բողոքի ցոյցերը, որոնք կը հակազդեն միակողմանի կերպով Ազրպէյճանին հողեր յանձնելու Փաշինեանի քայլին, կ՛ընդգծեն խորապէս արմատաւորուած այս յանձնառութիւնը:

Դեռ կանուխ է գնահատելու շարժման երկարաժամկէտ կենսունակութիւնը. ոմանք այս բողոքի ցոյցերը հապճեպ կերպով ձեւակերպած են իբրեւ օտար ուժերու ազդեցութեանց հետեւանք, պառակտումի նոր առիթներ հրահրելով: Կենսական է, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը դիտուի իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանող ժողովուրդի մը պրիսմակէն:

Տաւուշի սահմաններուն պարտադիր սահմանագծման եւ գիւղերու սահմանազատման դէմ շարժումը հիմնովին ուղղուած է ազգային ինքնիշխանութեան պահպանման: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ բնակչութեան մէկ հատուածը ինչպէ՛ս պատրաստ է պաշտպանելու իր հիմնական արժէքները` դիմակայելով բոլոր արտաքին ճնշումներուն, որոնք կը սպառնան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնավարութեան:

Համազգային ճգնաժամի ժամանակ հայ քաղաքական միտքը կրնայ օգտագործել առիթը` համազգային համախոհութիւն ստեղծելու համար: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եզակի արժէքներ են, որոնց շուրջ կարելի է համախմբել ամբողջ հայութիւնը: Ինքնիշխանութեան մասին կեղծ պատմութիւններ կառուցելը, յատկապէս` ազգը պառակտող անհիմն պատումներով, ոչ կառուցողական է: Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ազգային խորհրդանիշները կամ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը փոխելու օտար թելադրանքներու եւ ճնշումներու առջեւ զիջիլը չ՛արտացոլացներ ինքնիշխանութեան իսկական գաղափարը: Նմանապէս, սահմաններու պաշտպանութեան համար օտար ուժերու   ապաւինիլը (տե՛ս անցեալ շաբաթ Փաշինեանի Մոսկուա այցը) եւ միաժամանակ այդ ուժերը որպէս ազգային ինքնիշխանութեան սպառնալիք ներկայացնելը կը խաթարէ ժողովրդավարական ուղղամտութեան բուն էութիւնը եւ կեղծ է:

Այս պահուն Հայաստանի վիճակը կը պահանջէ ազնիւ, ծայրայեղ իրատեսական ինքնագնահատում: Մեր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման պատասխանատուութիւնն առաջին հերթին մերն է: Աւերիչ պատերազմէ դուրս եկած Հայաստանի նման փոքր պետութիւն մը չի կրնար ինքզինքին թոյլ տալ խճճուելու գերպետութիւններու մրցակցութիւններու կամ տարածաշրջանային անհետեւողական արկածախնդրութիւններու մէջ: Ազգային ճգնաժամի ժամանակ քաղաքական վերնախաւը պէտք է խթանէ միասնութիւն` հիմնական արժէքներու շուրջ: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը այնպիսի արժէքներ են, որոնք արժանի են մեր առաւելագոյն խնամքին եւ յարգանքին:

Այս արժէքներուն վկայութիւնն է Տաւուշի շարժումը: Զայն իբրեւ արտաքին միջամտութեան արդիւնք տեսնելու փոխարէն` պէտք է դիտել որպէս ազգային համաձայնութեան կամուրջներ կառուցելու շատ ուշացած հնարաւորութիւն: Ընդունելով շարժման էական ուղերձը` Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը կրնան ամրապնդել իրենց յանձնառութիւնը ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան նկատմամբ, հզօրացնելով ազգին միասնութիւնը` արտաքին բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Նախորդը

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման Երթը Դէպի Օփերա Եւ Օրուան Ամփոփումը Ս. Աննա Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Մինսքի Խմբակն Ու Անոր Բոլոր Հիմնարկները

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?