Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՕՄ-ը` Ջաւախքի Հետ
5 մայիսին Կլենտէյլի «Իմփրեշընզ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» հիմնադրամի հանգանակային ձեռնարկը, որուն հասոյթը պիտի նպաստէ Ախալցխա, Ախալքալաք եւ Նինոծմինտա քաղաքներուն մէջ գտնուող Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն:
Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Սեդա Խոճայեան, որ բարձր գնահատեց բոլոր հիւրերուն ներկայութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւոր Ռաֆիկ եւ Հելլի Խաչատուրեաններուն, Բաղդասարեան ընտանիքին, Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ տարիներ շարունակ Ջաւախքի ի նպաստ ծրագիրներուն աջակցած ներկայ եւ կեանքէն հեռացած բարերարներուն: Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը «Ջաւախք» հիմնադրամի կատարած աշխատանքներուն, ՀՕՄ-ի դերակատարութեան` Ջաւախքի ազգապահպանման եւ հայրենանպաստ ծրագիրներուն մէջ եւ վարչութեան կողմէ ներկայացուց ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորներուն յուշանուէրները:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Զօրակցական Հաւաքներ` Ի Նպաստ
«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման
Թեհրան
Ի զօրակցութիւն Տաւուշի հայոց թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման, 9 մայիսին Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համահաւաք:
Պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին խօսքը արտասանեց «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան: Ան անդրադարձաւ հայրենի աշխարհի դէմ ծառացած օրհասական վիճակին եւ Հայաստանի մէջ գործող իշխանութեան դաւադիր ու հայրենակործան քաղաքականութեան` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի թշնամին միայն մէկ նպատակ կը հետապնդէ` բզկտել, մասնատել ու կազմաքանդել հայոց պետականութիւնը ու ձգել բուռ մը Հայաստան, որ իր գոյութեամբ կախեալ ըլլայ իրմէ, եւ ցաւով յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ իշխանութեան վրայ բազմած հայրենիքը ուրացող, ազգութիւնը ուրացող, հաւատքը ուրացող անձեր կը փորձեն առիթ տալ այդ բոլորին: Ան շեշտեց, որ եթէ այսօր ընկրկինք եւ յանձնուինք, վաղը հայոց պետականութիւն եւ ինքնիշխան Հայաստան գոյութիւն չ՛ունենար, եւ բնականաբար չի կրնար գոյատեւել նաեւ սփիւռքը, հետեւաբար պէտք է հաւատանք եւ պատրաստ ըլլանք յամառ պայքարի, մինչեւ արձանագրենք յաղթանակ ու վերականգնենք մեր ոտնակոխ եղած արժանապատուութիւնը:
Ապա պատանի Դաւիթ Շահնազարեան արտասանեց յանուն հայ յանձնառու երիտասարդի իր խօսքը, ուր նշեց, որ այսօր վտանգուած է մեր հայրենիքը, եւ մեր պարտքն է միանալ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար ձեւաւորուած շարժումին:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Ան ընդգծեց, որ Արցախը հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ անմահացած է եւ կարեւոր նկատեց հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնը հայրենիքին եւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն, շեշտելով, որ պիտի գայ օր մը, երբ մենք կրկին ազատագրենք մեր Շուշին եւ նուիրագործենք Արցախը, որովհետեւ Արցախը մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի անբաժան մասն է, եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի զայն իր աթոռի պահպանման համար տալ թշնամիին: Ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ ժողովուրդը մասնակից դարձաւ համահաւաքին եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանին եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման:
Քանատա
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղին, 5 մայիսին տեղի ունեցաւ Լաւալի Հայ կեդրոնէն դէպի Մոնրէալի Հայ կեդրոն քայլարշաւ` առ ի զօրակցութիւն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին: Քայլարշաւէն ետք տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք Մոնրէալի Հայ կեդրոնին դիմաց: ՔԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան, որ դիտել տուաւ, թէ 9 մայիսին, որ կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրման 32-րդ տարեդարձին, ազատատենչ մեր հայորդիները, Տաւուշի թեմի առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ, պիտի հասնին Երեւան, որպէսզի փակեն հայոց պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկը: Ան հաստատեց, որ իբրեւ Քանատայի Հայ երիտասարդական միութեան անդամներ, կը վճռենք, թէ հայրենիքի համար կռուիլն ու մեռնիլը եթէ գերագոյն զոհաբերութիւն է, ապա անոր համար ապրիլը` գերագոյն նպատակ: Մենք պիտի ապրի՛նք մեր հզօր հայրենիքին սիրոյն:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան ելոյթ ունենալով` ըսաւ, որ այսօր հայրենիքի մէջ մեր հայրենակիցները փողոցներն են` դատապարտելու հայրենի հողեր յանձնելու Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր ընթացքը, աւելցնելով, որ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութեան յանձնուողական վարքագիծը եւ Արցախի, Տաւուշի ու համայն հայութեան կողքին է: Ան շեշտեց, որ կրկին անգամ կը դատապարտեն հայրենի հողերը յանձնելու եւ զիջելու իշխանութիւններուն պարտուողական դաւադիր այս ընթացքը եւ կը հաստատենք, որ որպէս ժառանգորդներ մեր պատմական հայրենիքին` այսօրուան եւ վաղուան յաջորդական սերունդներով վճռած են անվհատ շարունակել պայքարը մինչեւ մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացումը:
Աւարտին իր պատգամը յղեց Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան, որ ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդը պէտք է աշխատի իր հոգեւոր հայրենիքը ստեղծելու, որ կը կերտէ յաւերժական հայրենիք, եւ յոյս յայտնեց, որ 9 մայիսը ճակատագրական ու անկիւնադարձային օր մը պիտի ըլլայ, եւ Բագրատ սրբազանին խօսքին համաձայն, տաճարը պիտի յաղթէ փողոցին, եւ մեր կառուցած հոգեւոր հայրենիքով մենք պիտի յաւերժանանք:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Թորոնթոյի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղին, 5 մայիսին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» զօրակցական ժողովրդային հաւաք:
ՔԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Մինաս Վերտանեան, որ ըսաւ, թէ պահը օրհասական է. պայքարը` մէկ, եւ թշնամին` մէկ, երէկ Արցախն ու Շուշին, այսօր Տաւուշը, վաղը` Սիւնիքը, աւելի ուշ Երեւանը գրաւելու լուրջ վտանգին դէմ յանդիման կանգնած ենք: Պահն է համախմբուելու: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան յայտնեց, որ հայրենիքի մէջ մեր հայրենակիցները փողոցներն են` դատապարտելու հայրենի հողեր յանձնելու Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր ընթացքը, շեշտելով, որ ՀՅԴ Քանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութեան յանձնուողական վարքագիծը: Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան տուաւ իր պատգամը` ըսելով, որ այս օրերուն ոչ մէկ հայ կրնայ անտարբեր մնալ, երբ Տաւուշէն սկիզբ առած է քայլարշաւ մը, ոչ միայն քալելու, այլ` խօսքը լսելի դարձնելու այսօրուան իշխանութիւններուն, որոնք զիջումի քաղաքականութիւն կը վարեն. երէկ Արցախն էր, այսօր Տաւուշը, վաղը Գեղարքունիքը, միւս օրը` Սիւնիքը եւ Երեւանը… Անընդունելի է նման մօտեցում ու քաղաքականութիւն: Որքան որ Հայ եկեղեցին սրբութիւն է, նոյնքան հայրենի հողը սուրբ է եւ անժամանցելի գանձ: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին նման տագնապներէ անցած է, բայց երբեք չէ յուսահատած, շեշտելով, որ մենք երբեք իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ պիտի շարունակենք մեր պայքարը` յանուն վաղուան արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան, յանուն մեր հողերու ազատագրման ու պահպանման, մեր արժէքներու ու սրբութիւններու պահպանման ու յանուն մեր ապագայի տեսիլքի իրականացման:
Ֆրանսա
12 մայիսին Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` իբրեւ զօրակցութիւն Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժման, որ կը պահանջէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ սփիւռքը իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Բագրատ սրբազանին գլխաւորած խորհրդանշական ու խորքային շարժումին, որ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ միաւորած է Երեւանի մէջ եւ կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը: Ան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնները կը փորձեն այս շարժումը արժեզրկել, բայց անոր ակունքները շատ աւելի խորքային են, որովհետեւ այս շարժումը տեսակի ու տեսլականի պայքար է, հեռանկարի ու իտէալի պայքար է, պատուոյ ու արժանապատուութեան պայքար է, հաւատքի, ինքնութեան ու արժեհամակարգի պայքար է:
Միացեալ Նահանգներ
Կազմակերպութեամբ ՀԵԴ-ի, 8 մայիսին Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց` յանուն Տաւուշի պաշտպանութեան: ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով Սարօ Հարուն ըսաւ, որ ժամանակն է 9 մայիսը վերադարձնել մեր ժողովուրդի պատմութեան յաղթանակներու օրացոյցին: Ան դիտել տուաւ, որ փաշինեանական պարտուողական իշխանութեան պատճառով զրկուեցանք Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի բանակի հիմնադրութեան տարեդարձները տօնելու հպարտութենէն: Ան ըսաւ, որ այս օրերուն, հայ ժողովուրդին համար վճռորոշ այս փուլին մեզի համար յոյսի ու լաւատեսութեան միակ ներշնչումը մեր հայրենի ժողովուրդի արդար զայրոյթն ու պայքարի ոգին է, որ ծայր առած է Տաւուշէն` տարածուելով ողջ հայաշխարհ, եւ կ՛ուղղուի դէպի Երեւան` մեր ժողովուրդի արդար ձայնը լսելի դարձնելու Երեւանի ապազգային իշխանութեան եւ համայն աշխարհին: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի Տաւուշէն Երեւան ու Հայաստանէն սփիւռք տարածուած պայքարին եւ կանգնած է հայրենի ժողովուրդի կողքին` յանուն մեր երկրի ու հայրենիքի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, հաւատալով, որ մեր ազգային իրաւունքներն ու շահերը վերականգնելու համար առաջին հերթին պէտք է ազգային գաղափարախօսութեան հաւատարիմ հայկական իշխանութեամբ փոխարինել Փաշինեանի ապազգային իշխանութիւնը:
Հաւաք Եւ Հսկում` Միացեալ Նահանգներու
Արեւելեան Շրջանի Գաղթօճախներուն Մէջ
Չորեքշաբթի, 8 մայիսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ եւ հսկումներ` ի զօրակցութիւն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին:
Կարգ մը քաղաքներու պարագային, հակառակ աննպաստ օդին, միջոցառումները տեղի ունեցան առանց յապաղումի:
Հսկումի եւ հաւաքի ձեռնարկները տեղի ունեցան Պոսթընի, Տիթրոյթի եւ Շիքակոյի մէջ:
Ուաշինկթընի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կազմակերպած զօրակցական հաւաքին խօսք առաւ Մեղրի Ակիլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք մեր ընտրութեամբ հայ չենք ծնիր, բայց հա՛յ մնալը եւ հայ ազգի հոգերով ապրիլը մեր ընտրութիւնն է», շեշտելով, որ հայ մնալ` կը նշանակէ անդադար պայքարիլ յանուն մեր իրաւունքներուն եւ ընդդէմ հայ ազգի հանդէպ եղած անարդարութիւններուն: Ան նշեց, որ հայօրէ՛ն ապրելու ընտրութիւնը եւ պայքարի կանչն է, որ միաւորած է զիրենք` զօրակցութիւն յայտնելու Տաւուշի հայրենակիցներուն:
Խօսելով Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ ընթացք առած շարժման մասին` Մ. Ակիլեան ըսաւ, թէ անոր մասնակիցները կը գիտակցին, որ մեր թշնամիները պիտի չբաւարարուին միայն Տաւուշի գիւղերով, Ազրպէյճանի ախորժակը շատ մեծ է, ան առանց վարանելու կը յայտարարէ, թէ Հայաստանը արեւմտեան Ազրպէյճան է:
Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ եթէ մենք միասնական, Հայաստան եւ սփիւռք, չկասեցնենք Հայաստանի իշխանութեան դաւաճանական քայլերը, գալիք սերունդներուն պիտի չկարենանք ժառանգել հայրենիք, ուստի իրենք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան մղուած պայքարին: