Լոյս տեսած է Քարլօ Աքաջերեանի 6-րդ վէպը` «Քեզի երբեք ցտեսութիւն պիտի չըսեմ» խորագիրով: 175 էջերէ բաղկացած գիրքը լոյս տեսած է «Քալիմա-Արթլիպան» հրատարակչատունէն:
Վէպը կը խօսի Լիբանանէն հեռանալ-չհեռանալու երկընտրանքին մասին:
Քարլօ Աքաջերեան իր վէպին մակագրումը պիտի կատարէ երկուշաբթի, 20 մայիսին երեկոյեան ժամը 5:30-էն 8:30-ի միջեւ, Մոնոյի մէջ, Պէյրութի քաղաքապետութեան գրադարան-Ասսապիլի մէջ: