Յօդուածներ

Ստացուած Գիրքեր.  «Գրախօսականներ Եւ Անդրադարձներ Պերճ Թերզեանի Գիրքերուն Մասին Եւ Իրեն Հետ Եղած Հարցազրոյցներ»

Ստացուած Գիրքեր. «Գրախօսականներ Եւ Անդրադարձներ Պերճ Թերզեանի Գիրքերուն Մասին Եւ Իրեն Հետ Եղած Հարցազրոյցներ»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գահիրէի մէջ 2024-ին լոյս տեսաւ «Գրախօսականներ եւ անդրադարձներ Պերճ Թերզեանի գիրքերուն մասին եւ իրեն հետ եղած հարցազրոյցներ» գիրքը, բաղկացած` 278 էջերէ: «Եգիպտահայ  հայեացքներ» (արաբերէն) գրութեան մէջ գիրքը ներկայացնելով` դոկտ. Մոհամէտ Ռէֆաաթ Իմամ կ՛ըսէ, որ հեղինակը` Պերճ Թերզեան, իր անձնական դիտանկիւնէն մեկնելով ունի միաձուլուած յատկանիշներ, որոնք իրենց դրոշմը տարածած են հրատարակուած յօդուածներուն վրայ: Պարոյր Աղպաշեան կը նշէ, որ Թերզեան...

Ոտնակոխ Տունը

Յետարդիական Խճանկարի Տեսակ Մը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 5, 6 եւ 7 ապրիլ 2024-ին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց հինգ շատ կարճ թատերակներու փունջ մը` «Տեսակ մը թատրոն» վերնագիրին տակ: Ասիկա թատերախումբին երրորդ նմանօրինակ ելոյթն էր, այն տարբերութեամբ, որ առաջին երկուքին` «Զրադաշտը դարձաւ շուն» (2016) եւ «Բարի բժիշկը» (2019),  թատրերգութիւններու դրուագները շատ աւելի սերտ առնչուած էին իրարու, առնուազն` որպէս ոճ եւ մօտեցում,...

Նշմար. Մղձաւանջը Վե՛րջ Պիտի Գտնէ (Կամ` Նոր Արշալոյսի Մը Ոտնաձայները)

Նշմար. Մղձաւանջը Վե՛րջ Պիտի Գտնէ (Կամ` Նոր Արշալոյսի Մը Ոտնաձայները)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ  «... Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին Արշալոյսի մ՛Արշալոյսի մը` որուն (Հաւատացէ՛ք ինձ, Մայրեր) Ես ոտնաձայնը կ՛առնեմ...»: ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ  Հայաստանի մէջ վեց տարի առաջ սկսած մղձաւանջը բացորոշ կերպով մօտեցած է իր վախճանին, վերջ պիտի գտնէ վաղը-միւս օր: «Դրական պայթում»-ը, որուն սպասումը շատերու հետ ակնկալած էինք շուրջ 10 օր առաջ, վերահաս է: Բագրատ սրբազանով մարմնաւորուած պահանջատիրական երթը Երեւան հասաւ այն օրը,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Թակարդը Որմէ Պէտք Է Անպայման Խուսափիլ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Այս կէտին վրայ վարչապետ Փաշինեանի եւ իր արտաքին հովանաւորներու աւագ առաջնահերթութիւնն է ամէն գնով փրկել Փաշինեանի իշխանութիւնը եւ ապահովել անոր անարգել գոյատեւումը Հայաստանի եւ Կովկասի բեմին վրայ: Չկասկածի՛լ, որ իշխանութիւնն ու Արեւմուտքը ամէն ճիգ պիտի ընեն, որ Փաշինեան կարողանայ յաղթահարել Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժման մեծ մարտահրաւէրը: Նոյն առաջնահերթութիւնը ունին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: Բագրատ սրբազան կրցաւ իր քայլերթը շռնդալից...

Վիգէններուն Յիշատակը Անոր Գլխագիր Տեսա՛կը Ապրեցնելով Է, Որ Կը Յաւերժանայ

Շուշիի Նահատակը (Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին)

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ 1988-ին արցախեան շարժումը ազգային զարթօնքի մը ազդանշանը տուաւ համայն հայութեան: Հայրենիքէն սփիւռք` հայութիւնը միահամուռ կերպով արձագանգեց հայրենի Արցախը մայր Հայաստանին վերամիացնելու պահանջին: Սփիւռքահայութեան բոլոր շերտերը խանդավառուեցան: Հայաստանի անկախացումը եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծումը երազանքէն սկսաւ իրականութեան ցոլքեր տալ, եւ յոյսը վերազարթնեցաւ բոլորին մէջ անխտիր: Արցախեան շարժումը չմնաց խաղաղ ցոյցերու շրջագիծին մէջ: Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը օրըստօրէ ծաւալեցաւ եւ տեւեց...

Նահատակ Բանաստեղծին Ծննդեան 140-Ամեակին Առիթով.  Վերյիշելով Դանիէլ Վարուժանն Ու Իր «Դերենիկը»

Նահատակ Բանաստեղծին Ծննդեան 140-Ամեակին Առիթով. Վերյիշելով Դանիէլ Վարուժանն Ու Իր «Դերենիկը»

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Համացանցային տեղեկասփիւռներու ճամբով լուր մը տարածուեցաւ. Քալիֆորնիոյ մէջ (Սան Պերնանտինօ) 12 հոկտեմբերին մահացեր էր մեծանուն բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի մէկ թոռնուհին: Անունը` Ռոննի Սաֆրազեան: Կ՛ըսուէր, թէ 78 տարեկան էր: Իրականութեան մէջ անկարեւոր լուր մըն էր, քանի որ ողբացեալը հայ կեանքին ու մշակութային մեր ապրումներուն հետ մասնաւոր առնչութիւն մը չունէր, չէր ունեցած: Վարուժանի արեան հեռաւոր մէկ ժառանգորդն էր պարզապէս, թերեւս`...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը.  Համահայկական Նոր Ռազմավարութեամբ Եւ Ամուր Յանձնառութեամբ Դիմաւորենք Նոր Տարին

Պատգամ Արամ Ա. Կաթողիկոսի` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով Ժողովրդային Հաւաքին

Սիրելի՛ հայորդիներ, Հաւաքուած էք ձեր հաւաքական մտահոգութիւնները, սպասումները եւ տեսակէտները արտայայտելու` ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Հայաստանը յուզող խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ: Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ: Բարձր կը գնահատենք Լիբանանի հայութեան մարտունակ ու հայրենանուէր կեցուածքը: Ծանօթ է բոլորին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին` ոչ սոսկ...

Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքը Պահելու Վերջին Առիթն Է (*)

Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքը Պահելու Վերջին Առիթն Է (*)

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Համայն հայութիւնը կ՛ապրի իր պատմութեան վերջին տասնամեակներու ամէնէն դաժան պահերը: Թաւշեայ կոչուող յեղափոխութենէն ետք միայն 6 տարին բաւարար էր ընդունելու, որ այս շարժումին գործիքը յաջողած է կատարել իրեն վստահուած պարտականութիւնը` քանդել ամէն ինչ: Գարուն խոստացող յեղափոխութիւն, որ միայն արիւն եւ մահ բերաւ մեր ժողովուրդին: Դերասանութիւն, սուտ, աժան ամբոխավարութիւն, ժողովրդահաճոյ կեցուածքներ, կեղծիք, խոստումներու դրժում, անձնատուութիւն եւ սեփական կեանքի վաճառք… ասոնք...

Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներու Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

Դաշնակցութիւնը Իր Ըսելիքը Ունի, Երբ Վտանգը Կը Սպառնայ Հայաստանի Եւ Հայ Ժողովուրդի Գոյութեան (*)

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, օրհասի եւ ճգնաժամի պահուն է, որ լուսարձակի տակ կը յայտնուին ազգերու ընկերա-քաղաքական իսկական խաւերը, որոնք կը կազմաւորուին շերտ առ շերտ եւ կը գունաւորուին երանգ առ երանգ: Կը յայտնուին անտարբերներն ու վախկոտները, կեղծաւորներն ու անկեղծները, կարգապահներն ու խուլիկանները, հայրենասէրներն ու դաւաճանները: Կը յայտնուին նաեւ ռազմադաշտէն քիչ հեռու բլուրի մը վրայ կանգնած պատեհապաշտները, որոնք անհամբեր կը սպասեն` տեսնելու, թէ...

Արցունք Բերաւ Աչքերէս Սրբազանին Պատկերը…

Արցունք Բերաւ Աչքերէս Սրբազանին Պատկերը…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Սրբապատկեր ըլլար... Գալստանեան արքեպիսկոպոսը միս մենակ, հարթ գետնի վրայ ծունկի եկած, կուրծքը վահան դարձուցած, կը փորձէ պաշտպանել հայրենի հողը` ազդու պատգամ մը ուղարկելով այդ հողերը աճուրդի հանած հայանուն դասալիքներուն եւ այդ հողերը հեշտօրէն խլելու պատրաստուող արիւնարբու թշնամիին: Եւ հայութիւնը հարուածող այս բոլոր դժբախտութիւններուն մենակատարը «առատաձեռն» մեր վարչապետն է, որ քաղաքական մարդու մը համար անընդունելի միամտութիւն կը սնուցանէ` կարծելով,...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Տիպար Մօր Մը Դերն Ու Ազդեցութիւնը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ընտանիքը թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ աստուածային հաստատութիւն մըն է: Մարդկային հաստատութիւն է, որովհետեւ կազմուած է մարդոցմով: Աստուածային է, քանի որ անոր Արարիչն ու ճարտարապետը Աստուած Ի՛նքն է: Ընտանիքը միանգամայն ազգի մը թէ՛ հիմնաքարը եւ թէ՛ մանրանկարն է: Ազգ մը ընտանիքներէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է: Անոր առողջ կամ վատառողջ ըլլալը կախում ունի զայն կազմող ընտանիքներէն: Ընտանիքն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Ուսանողութեան Ուժը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն օրէն, երբ Կազայի պատերազմը կտրեց 6-րդ ամսուան սահմանը, ամերիկեան համալսարաններու մէջ աւելի՛ աչքառու դարձան պաղեստինցիներուն ի նպաստ ուսանողական ցոյցերն ու դասադուլերը, որոնց միացան` համալսարաններու վարիչներ, դասախօսներ, մտաւորականներ եւ քաղաքական դէմքեր: Բողոքողները ամենասուր քննադատութիւններուն կ՛ենթարկեն Իսրայէլի պետութեան ոճիրները, որոնց զոհերուն թիւը, ըստ նորագոյն տեղեկութեանց, անցած է 34 հազարը (մօտաւորապէս կէսը` մանուկներ, իսկ մնացեալին մէջ կան մեծ թիւով տարեցներ...

Հայրենի Կեանք

Դէպի Պատմական Արտաշատ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Մենք վաղուց էինք ծրագրել գնալ պատմական Արտաշատի պեղումները դիտելու: Հայաստանի հնագոյն քաղաքներից մէկը` մայրաքաղաք Արտաշատը, «նոր Կարթագէնը»... Տեսնես` իսկապէ՞ս Հաննիպալն է խորհուրդ տուել հեքիաթային այդ քաղաքը կառուցելու: Անցեալ տարուայ լաւագոյն օրերը կորցրինք, յետոյ ձմեռը վրայ հասաւ: Բայց ուրիշ մի շատ կարեւոր հանգամանք էլ կար: Արտաշատի պեղումները շարունակւում են մինչեւ հիմա: Մենք շատ էինք ուզում հանդիպել հնագիտական արշաւախմբի...

Կարմիր Որմազդ (Affiche Rouge)

Կարմիր Որմազդ (Affiche Rouge)

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Շատ մը հայեր Միսաք Մանուշեանին մասին գաղափար չունէին: Գիտենք, որ շատ ֆրանսահայեր  պայքարեցան ֆրանսական բանակին հետ եւ մանաւանդ ֆրանսական դիմադրութեան ընթացքին ֆրանսական Վիշի կառավարութեան դէմ, որ գերմանացիներուն հետ կը գործակցէր եւ նացի Գերմանիոյ միացած էր: 21 փետրուար 2024-ին շատ մը հայեր աշխարհի ամէն կողմերէն մեծ հպարտութեամբ եւ զգացմունքով  հետեւեցան ֆրանսական պատկերասփիւռի կայաններէն Միսաք Մանուշեանի աճիւններու պանթէոն փոխադրութեան հանդիսութեան,...

«Աննիբալը Դրան Մօտ Է»

«Աննիբալը Դրան Մօտ Է»

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Պատմութեան մէջ ծանօթ է այս խօսքը, որ կը նկարագրէ Կարթագինացի (Ափրիկէ) Աննիբալ զօրավարի բանակին Հռոմ մայրաքաղաք մօտենալը եւ պաշարումը։ Այս ասոյթը ընդհանրապէս կը բնութագրէ մօտալուտ ազգային աղէտ մը։ 2020 թուականի 44օրեայ պատերազմին յաջորդող տխրահռչակ համաձայնութենէն ետք՝ 2023 Սեպտեմբերին, հայրենի իշխանութեան ծնողական գուրգուրանքէն զրկուած Արցախահայութեան գաղթը ի Հայաստան, իսկ ներկայ ամսոյս 15ին Տաւուշ մարզի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ-Յուշեր. «Ի Վերջոյ Թուրքը Թո՛ւրք Է` Արիւնարբու, Անբարեկարգելի Ու Վրէժխնդիր, Չի Փոխուիր», Կը Հաստատէ Հարպորտ 1919-ի Իր Տեղեկագիրին Մէջ. Հայրս Իր Յուշերուն Մէջ Կը Վկայէ Այս Վարքագիծը` 1937-ին, Թել Ապիատ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հօրս` Գրիգոր Չէքիճեանին յուշերէն կ՛ամփոփեմ 1937-ին պատահած, Թել Ապիատի շոգեկառքի կայանէն սկսած եւ շոգեկառքին մէջ պատահած այս դրուագը, որ կը բացայայտէ «զարգացած» թուրք երիտասարդներուն օր ցերեկով, առանց ամչնալու, օտարներու առջեւ նոր հարսի մը սեռային ոտնձգութիւն կատարելը եւ` անոր համար ալ մրցակցիլը... Այսպէս կը սկսի յուշագրութիւնը. 1. Թել Ապիատ` Թուրքիա-Սուրիա սահմանին, Հալէպ, Իսկենտերուն` Ալեքսանտրեթ, Ռաքքա, Այնթապ, Քիլիս, Տէօրթեօլ, Քրքխան...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշուայ Բերդի Պարիսպին Դիմաց… (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ         Երեսուներկու տարի առաջ, ճիշդ այս օրին, հայ ազատամարտիկի մտքին ու բազուկին, կամքին ու ռազմական հանճարին մէկ փայլուն արտայայտութիւնը լոյսին կու գար, երբ Քարինտակ գիւղէն դէպի վեր, ցից ժայռերը մագլցելով` հայ ֆետային անակնկալի կը բերէր թուրք-ազերի ստահակները եւ մուտք կը գործէր Շուշիի բերդ: Օրին Արցախի զինուորական հրամանատարութիւնը թէեւ ծրագրած էր երեք ուղղութեամբ յարձակում գործել ու բարձրանալ Շուշի, այդուհանդերձ, Քարինտակէն...

գաղութէ գաղութ

գաղութէ գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Համազգայինի Հիմնադրութեան 95-Ամեակի Նշում Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 6-8 ապրիլին Լոս Անճելըսի մէջ տօնախմբուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Գլխաւոր հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 6 ապրիլին Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Յայտագիրը ընթացք առաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Համազգայինի պատմականը` հիմնադրութեան օրերէն ցայսօր: Օրուան հանդիսավար Մարալ Ղարիպեան Գալեմքերեանի բացման եւ բարի գալստեան...

Սթափելու Ժամանակը

Ոչ Մէկ Իշխանութիւն Կրնայ Ազգի Ու Հայրենիքի Սեփական Տեսութիւն Մը Փաթաթել Հայութեան Վզին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի մէջ ճակատագրական օրերու սեմին կը գտնուինք: Տաւուշի Կիրանց գիւղէն ճամբայ ելած քայլարշաւը, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, կը մօտենայ Երեւանին: Ուրիշ քայլարշաւ մը Գիւմրիէն ճամբայ կ՛ելլէ 8 մայիսին Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի գլխաւորութեամբ: Ճանապարհին մասնակիցներով ուռճանալով երկու խումբերը 9 մայիսին կը հասնին Երեւան, ուր այլ մասնակիցներու ալ յաւելումով, տեղի կ՛ունենայ մեծ հաւաք: Նպատակը միակողմանի զիջումներով սահմանազատումը արգիլել է: Կը...

Հայ, Հայաստան, Հայրենիք Ու Աստուած

Հայ, Հայաստան, Հայրենիք Ու Աստուած

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Բագրատ արք. Գալստանեան: Անուն մը, որ ծանօթ ու սիրելի եղաւ իր ժողովուրդին, երբ ստանձնեց Հայոց աշխարհի ամէնէն վտանգուած սահմանային շրջանի` Տաւուշի թեմի հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Ամէն կիրակի եղաւ իր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ` անոր մատակարարելով հոգեւոր հացը: Ան եղաւ խրամատներուն մէջ` հայոց բանակի զինուորներուն կողքին, կորով ներշնչելով անոնց հայրենիքի պաշտպանութեան աշխատանքին մէջ: Եղաւ մանաւանդ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն հետ` ամրացնելով անոնց...

Page 190 of 1110 1 … 189 190 191 … 1,110

Արխիւներ