ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍԱՈՒՆԵԱՆ
Ֆրանսահայ լրագրող Լէօ Նիկոլեան 16 օր շարունակ հացադուլ կ՛ընէ Երեւանի օդակայանին մէջ, Հայաստան մուտք գործելու արգելքէն ետք:
57-ամեայ Նիկոլեան հետաքննող խիզախ լրագրող է, որ բազմաթիւ վէճեր յառաջացուցած է կարեւոր մարդոց մասին իր բացայայտումներուն պատճառով: Ան եղած է Արցախի հակամարտութեան եւ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վերջերս տեղի ունեցած բախումներու առաջին գիծին վրայ, վիրաւորուած է երկու հակամարտութիւններու ժամանակ:
Անցեալ 30 տարիներու ընթացքին Նիկոլեան տասնեակ անգամ այցելած է Հայաստան ու Արցախ եւ հարցազրոյցներ ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Այսուամենայնիւ, ան ինչի որ բախեցաւ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի օդակայանին մէջ, իր վերջին այցելութեան ընթացքին, ամբողջովին անսպասելի էր եւ ցնցող:
Ապրիլի սկիզբը Նիկոլեան այցելած էր Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղը եւ հարցազրոյց ունեցած` Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի հետ, որ կը ղեկավարէ ժողովրդական շարժումը` ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կայացուցած որոշման` հայկական չորս սահմանային գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու:
Ապրիլի վերջը, երբ Նիկոլեան փորձեց վերադառնալ Հայաստան, Երեւանի օդակայանին մէջ ներգաղթի ծառայութեան պաշտօնեաները ըսին անոր, որ իրեն թոյլ չի տրուիր մուտք գործել երկիր: Հարցումին, թէ` ինչո՞ւ, անոր պատասխանեցին, որ ինք «վտանգ կը ներկայացնէ Հայաստանի անվտանգութեան»: Ասիկա ծիծաղելի մեղադրանք է, քանի որ Նիկոլեան մասնագէտ լրագրող է, որ հայկական օրէնք մը չի խախտեր եւ յանցագործութիւն մը չի կատարեր:
Ցաւօք, Նիկոլեան միակ սփիւռքահայը չէ, որուն մուտքը Հայաստան արգիլուած է: Քանի մը այլ մարդոց եւս Երեւանի օդակայանին մէջ վայրէջքէն ետք ըսած են, որ իրենց թոյլ չի տրուիր այցելել Հայաստան: Անոնցմէ ոչ ոք անօրինական կամ յանցաւոր բան մը ըրած էր, որ նման կոշտ պատիժի արժանանար: Աւելի՛ն. եթէ անոնք որեւէ օրէնք խախտած են կամ վտանգ կը ներկայացնեն Հայաստանի անվտանգութեան համար, զանոնք պէտք էր ձերբակալէին օդակայանը եւ կանգնեցնէին դատարանի առջեւ` անոնց ճակատագիրը որոշելու համար: Ոեւէ պաշտօնատար անձ, անկախ իր կոչումէն եւ պաշտօնէն, իրաւունք չունի դատական իշխանութեան անունով կամայական որոշումներ կայացնելու:
Աւելի՛ն. վարչապետ Փաշինեան իրաւունք չունի որոշելու, թէ ո՛վ կրնայ մուտք գործել երկիր: Հայաստանը անոր սեփական տունը չէ: Ան չի կրնար որոշել` որո՞ւ թոյլ տալ կամ որո՞ւ թոյլ չտալ: Հայաստան աշխարհի 10 միլիոն հայերու հայրենիքն է, եւ ոչ մէկ պաշտօնեայ իրաւունք ունի, օրինական պատճառի բացակայութեան պարագային, արգիլելու անոնցմէ ոեւէ մէկուն մուտքը երկիր:
Նիկոլեանի եւ քանի մը այլ սփիւռքահայերու մուտքը Հայաստան արգիլուած է միայն այն պատճառով, որ անոնք համարձակած են քննադատել Փաշինեանի պարտուողական քաղաքականութիւնը: Վարչապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ժողովրդավար է: Սակայն խօսքի ազատութիւնը ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, որ յաճախ կը խախտուի Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ, որոնք երկիրը վերածած են միանձնեայ կառավարման` բռնապետութեան:
Իրավիճակը աւելի վատթարացաւ, երբ Մուրատ Փափազեանի` Փաշինեանի ֆրանսահայ յայտնի քննադատին, թոյլ չտուին մուտք գործել Հայաստան, եւ ան բողոք ներկայացուց հայկական դատարան, որ ապօրինի համարեց կառավարութեան արգելքը: Քանի որ հայ պաշտօնեաները 30 օր ժամանակ ունէին բողոքարկելու աւելի ցած ատեանի դատարանի որոշումը, ոչ ոք չէր գիտեր, թէ արդեօք անոնք նման բողոք կը ներկայացնե՞ն: Բարեբախտաբար, երբ Փաշինեան այցելեց Փարիզ այդ 30 օրերուն ընթացքին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հանդիպեցաւ Փափազեանի եւ Փաշինեանի հետ եւ յորդորեց վարչապետին` հրաժարիլ Փափազեանը հետապնդելէ: Փաշինեան դժկամութեամբ համաձայնեցաւ ջնջել բողոքը, բայց ամօթալի էր, որ օտար երկրի մը ղեկավարը ստիպուած եղած էր միջամտելու հայկական ներքին գործերու:
Մինչդեռ Նիկոլեան վերջին 16 օրուան ընթացքին կը հիւծէր Երեւանի օդակայանը: Մեր հեռաձայնային բազմաթիւ զրոյցներուն ընթացքին ան ինծի ըսաւ, որ կը շարունակէ իր հացադուլը, նոյնիսկ եթէ այդ յանգեցնէ մահուան: Անոր կեանքը վտանգուած է, քանի որ ան քանի մը լուրջ հիւանդութիւններ ունի: Ժամանակ առ ժամանակ տեղւոյն բուժական անձնակազմը կու գայ անոր ճնշումը չափելու եւ քանի մը ներարկումներ ընելու: Անոր թոյլ չեն տար դուրս գալու օդակայանէն` բուժական որեւէ օգնութեան համար: Վերջին օրերուն շտապ օգնութեան մեքենայ ուղարկած էին օդակայան` ստուգելու համար անոր արեան ճնշումը, սրտին աշխատանքը եւ ներարկում մը եւս ընելու:
Նիկոլեանի վիճակը անորոշ է: Ան ինծի կ՛ըսէ` քանի որ ինք կը գտնուի օդակայանին միջազգայնօրէն պահպանուող «չէզոք գօտիի մէջ», հայ պաշտօնեաները չեն կրնար որեւէ գործողութեան ձեռնարկել իրեն դէմ: Վերջիններս փորձած են համոզել զինք` բարձրանալու Փարիզ մեկնող օդանաւը, սակայն ան մերժած է: Անոր նաեւ սանտուիչներ եւ ջուր առաջարկած են, զորս ան մերժած է:
Նիկոլեան ըսաւ ինծի, որ մտադիր է սովամահ ըլլալ Երեւանի օդակայանը: Ան կը կարծէ, որ իր մահը ամօթալի կ՛ըլլայ վարչապետին համար: Ես համոզուած չեմ, որ ան ճիշդ է: Կը կարծեմ, որ այդ խայտառակութիւն կ՛ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութեան համար:
Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, հակառակ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւններուն, մերժած է այցելել իր սեփական քաղաքացիին` տեղեկանալու համար անոր վիճակին մասին: Ասիկա Ֆրանսայի դեսպանին վրէժխնդրական դիրքորոշումն է, քանի որ Նիկոլեան լրատուական միջոցներուն բացայայտած էր դեսպանին գայթակղութիւնները: Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը նոյնպէս հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր Նիկոլեանի բարօրութեան նկատմամբ, քանի որ ան նախապէս հրապարակաւ քննադատած է Ֆրանսայի նախագահը:
Թէեւ Նիկոլեան իր կոշտ քննադատութիւններուն եւ բիրտ անհատականութեան պատճառով հակադրուած է բազմաթիւ մարդոց եւ կազմակերպութիւններու, հայեր պարտաւոր են ընել ամէն բան, որպէսզի հրապարակայնացնեն անոր ծանր վիճակը եւ փրկեն իրենց հայրենակիցին կեանքը` նախքան անոր սովամահ ըլլալը:
Ես կոչ կ՛ընեմ Հայաստանի քաղաքացիներուն` բողոքի ցոյցեր կազմակերպել Երեւանի մէջ, վարչապետական շէնքին դիմաց` պահանջելով, որ Նիկոլեանին թոյլատրուի Հայաստան մուտք գործելը: Բողոքի ցոյցեր պէտք է կազմակերպուին նաեւ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց:
Ֆրանսահայերը պէտք է բողոքի ցոյցեր ընեն Փարիզի մէջ, արտաքին գործերու նախարարութեան եւ նախագահական պալատին առջեւ` պահանջելով անոնց միջամտութիւնը Հայաստանի կառավարութեան մօտ:
Եթէ Նիկոլեան մահանայ Երեւանի օդակայանին մէջ իր երկարատեւ հացադուլին պատճառով, վարչապետ Փաշինեանի ձեռքերը կը թաթխուին արեան մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնինը` նոյնպէս:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ