ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս տարի ամբողջ Ամերիկայի տարածքին Մայրերու օր տօնը կը զուգադիպի կիրակի, մայիս 12-ին:
Պարզապէս յիշեցնելու միտումով ըսեմ, որ այս տօնը մեծ անցեալ մը չունի: Ան սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1908-ին, եւ ապա տարածուած ամբողջ քաղաքակիրթ երկիրներէն ներս: Նաեւ աւելցնեմ, որ մայրերու օրը ազգային տօն մըն ալ չէ, այլ` ընկերային բնոյթ կրող եւ մանաւանդ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւն ունեցող «օր» մը, որ ամէն տարի, hո՛ս, մեր մօտ կը նշուի վարդերու ամիս մայիսի մէջ:
Բայց ինչ որ ալ ըսուի կամ որակուի, Մայրերու օր տօնը գեղեցիկ ու բարի աւանդութեան մը հարազատ արդիւնքն է: Այսպէս, մայիս ամսուան ընթացքին կը կազմակերպուին` զանազան ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, ելոյթներ, որոնց ընթացքին կը փառաբանուի եւ կը գնահատուին մայրը եւ անոր նուիրումն ու անզուգական դերը` իր տան սիւները ամուր պահելու մնայուն ճիգին համար:
Այս բոլորը` անոր համար, որ մայրը ունի յատուկ եւ մեծ դեր աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ան է, որ կ՛ապահովէ ազգերու յարատեւումը: Այլ խօսքով, մարդկային շղթային յաւերժականութեան ոսկի եւ ստեղծագործ օղակը նկատուած է, եւ որուն շնորհիւ ընտանիքի անդամներ իրարու կը կապուին, իրարմով կ՛ամբողջանան: Անկասկած:
Ազգային դէմքեր, քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ եւ շա՜տ շատեր ընդհանրապէս իրենց մօր գուրգուրանքով եւ անմիջական հսկողութեամբ ու քաջալերանքով է, որ յառաջացած են, «տեղ հասած» են ու լաւագոյնս դրսեւորուած:
Անուրանալի է, որ այս աշխարհի մէջ, սարսափով եւ ամէնօրեայ նորութիւններով ու վախերով լեցուն մեր կեանքէն ներս մեր առաջին քայլերը իրմով առած ենք: Կարելի չէ մոռնալ եւ անտեսել: Երբեք: Իր գութն ու հոգատարութիւնը լեցուցած են մեր տարիները:
Իսկ իբրեւ հայեր, մեր մօտ… Պարզեմ:
Հայ մայրը միշտ եղած է հայուն սրբութեան յատկանիշը: Դարերու ընթացքին մշակոյթի մեր հանճարները իրենց անխոնջ գրիչներով, բանաստեղծութիւններով, յօդուածներով, երգերով եւ քանդակներով միշտ յիշած, պատուած ու մեծարած են իրենց մայրը:
Իբրեւ հին ժողովուրդ եւ ազգ մենք` հայերս, մեծ յարգանք ու երախտիք ցուցաբերած ենք մեր մայրերուն եւ կը կարծենք, որ աշխարհի մայրերուն մէջ հայ մայրը ամէնէն տառապածն է իր ընտանիքին, իր հարազատներուն եւ հայրենիքին համար:
Վկայ` երկար դարերու մեր պատմութիւնը: Աստուծմէ ետք մենք մեր մայրն ենք պաշտած, որովհետեւ մեր մօր մէջ մենք գտած ենք` գութ եւ սէր, անսահման բարութիւն, մեծ նուիրում եւ հոգածութիւն ու աստուածային բոլոր սրբազան արժանիքներ:
Մեր ժողովուրդի ճակատագիրը` պանդխտութիւն, բաժանում, ջարդ, եղեռն, կարծէք հա՛յ մօր ճակտին գրուած ըլլային:
Հայ մայրը իր ամուսնոյն կողքին միշտ կանգնած է` իբրեւ ամուր վահան եւ պատնէշ, ամբողջ իր կեանքի ընթացքին:
Հայ մայրն է, որ զէնքը ձեռքին լեռ բարձրացած է պաշտպանելու համար հայրենի հողը: Նոյն ինքն է, որ իր զաւակները քաջալերած է, յոյս եւ կորով տուած է, որպէսզի անոնք դիմադրեն կեանքի բազմաշերտ եւ բազմազան բոլոր հարուածներուն:
Տակաւին, հայ մայրն է, որ Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ, նոյնիսկ իր մահամերձ վիճակով, իր երեխային «այբ-բեն-գիմ»-ը սորվեցուցած է:
Այլ խօսքով, հայ մայրը եղած է հայակերտումի առաջին ուսուցիչը իր հայ մանուկին: Ան է, որ իր մէջ կը պարփակէ կեանքի ամէնէն գեղեցիկ զգացումները ու զանոնք եւ ատենին ու պատշաճօրէն կը փոխանցէ իր զաւակներուն, որովհետեւ, հայ կեանքը վկայ, հայ մայրն է որ իբրեւ յանձնառու իր սրբազան դերին, իր գիտակցութեամբ, համբերութեամբ, իր սիրով, գուրգուրանքով զոհաբերութեամբ, իր օրինակով եւ իր խրատականներով մեծցուցած է եւ տակաւին կը շարունակէ մեծցնել իր զաւակները:
Անոր համար մեր մօտ լաւին, բարիին, հաւատացեալին քաջութեան եւ վեհանձնութեան օրինակելի խորհրդանի՛շն է ան:
Եւ հաւատացէ՛ք, մեր ընտանիքները կը փլին, եթէ մեր մայրերը այս անգիր պատասխանատուութեան տէրերը չդառնան:
Հայ մայրն է, իր տղուն կամ աղջկան հոգիին մէջ հայ ինքնութիւն կերտողը, դաստիարակողը, փայլուն ապագայի ճամբան ցոյց տուողը:
Բոլորս ալ վկաներն ենք այս իրականութիւններուն: Կասկած չկայ:
Բայց երբեք չենք ուզեր, որ հայ մայրը փոխէ իր հայեցի իւրայատուկ նկարագիրը: Չենք ուզեր, որ հայ մայրը կորսնցնէ իր ազգային մաքուր գիծերը, իր գեղեցիկ բարենիշները:
Կը մաղթենք ամէնէն բարին, հոգեկան արիութիւն եւ կորով` դիմագրաւելու եւ շարունակելու համար սրբազան իր առաքելութիւնը, յանուն հայ ընտանիքին, հայրենիքին եւ ազգին:
Մեր կարգին, իր այս աղուոր եւ գեղեցիկ տօնին, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն, ի սրտէ բխող մեր որդիական սէրն ու յարգանքը կու գանք հրապարակել բոլոր մայրերուն:
Շնորհաւոր ըլլայ Մայրերու օր տօնը: Փա՛ռք ու պատիւ մեր բոլոր մայրերուն: