«Ծղօտը, որ կոտրեց ուղտին մէջքը» արաբական ասացուածք մըն է, որ կը նշանակէ, թէ ուղտը այնքան բեռցուած էր, որ վրան ծղօտ մը երբ աւելցուցին, ուղտը ծունկի եկաւ, մէջքը կոտրուեցաւ: Այս առածը յիշեցի, երբ վերջերս ազերիներուն պահանջած Տաւուշի չորս գիւղերն ալ յանձնելու որոշումը լսեցինք: Չի բաւեր ցարդ մեր զիջածները, հիմա ալ 4 գիւղեր` որպէս «Բարի կամքի դրսեւորում»…
Այնքան ենթարկուեցանք թշնամիին քմահաճ պահանջներուն, այնքան լռեցինք անոր տարատեսակ ոտնձգութիւններուն, որ ա՛լ յորդեցաւ համբերութեան մեր բաժակը, եւ տեղին էր վերնագրուած ասոյթը: Երբ թշնամիին մօտ դեռ 23 պատանդ ունինք, որոնցմէ 8 Արցախի նախկին ղեկավարներն են, մենք, բարի կամքի փոխարէն, սակարկութեան չենք մտներ, նոր գիւղեր կ՛ուզէ, անոնք ալ կու տանք, ի՞նչ կայ որ, գիւղ` շատ… Չեմ հասկնար այս մեր ըրածը «բարութի՞ւն» է, որ կ՛օգտագործենք որպէս դիմակ մեր վախին` յանկարծ չյարձակին, չտալուն վերջը պատերազմ է: Ուրիշ բան չէ, պարզապէս վախկոտութեան հետեւանք է մեր այսքան տկար կեցուածքը եւ թշնամիին բոլոր սադրանքները բարութեամբ փոխադարձելը: Շաբաթ չ՛անցնիր, որ մեր զինուորներուն ուղղութեամբ թիրախաւորումներ չըլլան թշնամի դիպուկահարներու կողմէ: Ազերին կը սպաննէ ու կ՛ըսէ, թէ կը պատասխանէ մեր զինուորներուն հրացանաձգութիւններուն, իսկ օտար դիտորդները սահմանի վրայ ի՞նչ կ՛ընեն, կը քնանա՞ն, շախմատ խաղալով ժամանա՞կ կ՛անցընեն, օր մը իրենց արդար եւ կտրուկ վկայութիւնը պիտի չարտայայտե՞ն:
Հաւատացէ՛ք` շա՛տ դժուար է տկար երկրի մը մէջ ապրիլ, ուր օր ու գիշեր խաղաղութիւն կը մուրան, իսկ թշնամին անվերջանալի պայմաններ կը դնէ խաղաղութեան դիմաց, այնպիսի պայմաններ, որոնք մեր կողմին համար անընդունելի ըլլան, որուն պատճառով լուծումը միայն պատերազմով ըլլայ: Պատերազմը սարսափեցուցած է մեր երկրի իշխանութիւնը, թերեւս իրաւունք ունինք, քանի ամէն անգամ մեծաթիւ նահատակներ կու տանք ու անդադար կ՛ընդարձակենք Եռաբլուրի գերեզմանատունը: Սակայն կայ նաեւ արժանապատուութիւն ըսուածը, որ կը յենի քաջութեան վրայ, ոչ անպայման ուժի: Երկու տարբեր բաներ են քաջութիւնն ու ուժը, մէկը ոգեկանն է, միւսը` ֆիզիքական-առարկայականը: Չէ՞ պատահած, որ տկար պետութիւններ իրենց քաջարի կեցուածքով, որուն մէջ կ՛իյնան քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը, կրցած են պատերազմը դադրեցնել եւ հաշտութիւն կնքել թշնամիին հետ: (Վաղը կը տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս չյանձնուող պաղեստինցին պիտի տիրանայ իր անկախութեան):
Մենք այսօր իսկական քրիստոնէական վարդապետութեան պատգամները կիրարկողներ դարձած ենք, թէեւ շատ կարեւորութիւն չենք տար եկեղեցիին ու եկեղեցականներուն, բայց մեր մէկ երեսին երբ հարուած կը ստանանք, միւս երեսնիս կը դարձնենք…
Ա՛լ կը բաւէ, իշխանութիւնը ինքզինք կը համոզէ, որ վարած քաղաքականութիւնը ճիշդ է, որպէսզի հասնինք խաղաղութեան եւ մեր տարածքի ամբողջականութեան, երբ պատառ-պատառ փրցուած են մասեր մեր տարածքէն ու դարձած` ազերիական հող: Իբր թէ մասնագէտներ պիտի չափեն-չափչփեն մեր հողերը եւ սահմանազատում կատարեն: Չեմ հաւատար անոր իրական ըլլալուն, քանի որ թշնամիին չափորոշիչները տարբեր են մերինէն, եւ անշուշտ արդիւնքն ալ ի նպաստ թշնամիին պիտի ըլլայ: Չես հաւատար, քեզի` ե՛լ ու չափէ, պիտի ըսեն:
Միով բանիւ կացութիւնը բաւական մտահոգիչ է. իմ կարծիքով, մեր եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաշտութիւն չի կրնար ըլլալ, զինադադար` թերեւս, սակայն հաշտութիւն եւ յարաբերութեանց բնականոնացում` երբե՛ք, որովհետեւ մեր միջեւ արիւն կայ թափուած, հող կայ բռնագրաւուած: Թշնամիին պայմաններն ու պահանջները վերջ պիտի չունենան. բազմաթիւ գիւղեր գրաւած է, նոր ցանկ մը ունի` ուրիշ խումբ մը գիւղեր պահանջող: Տանք եւ վերջանա՞նք, բայց մնացա՞ծը, չէ՞ որ ամբողջ Հայաստանը կ՛ուզէ, չէ՞ որ, ըստ իրեն, ասիկա Հայաստան չէ, այլ` արեւմտեան Ազրպէյճան… Չեմ գիտեր` խնդա՞նք անոնց տգիտութեան ու սանձարձակ ապուշութեան վրայ, թէ՞ լանք մեր ապիկարութեան, մեր խեղճութեան վրայ:
Մեր յուշարձանները, մեր դասագիրքերը, մեր արժանապատիւ կեցուածքը երբեք պիտի չյարմարեցնենք անոնց անվերջանալի պահանջներուն: Մեր քաջութիւնը շատ գոված ենք երգերով, պատմութիւններով, պարերով ու նկար-քանդակներով… ատենն է, որ զգաստանանք, տէրը ըլլանք մեր գովասանուած քաջութեան ու հպարտութեան: