Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Նոյն Ստորագրութիւնը

Մայիս 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը դրուագ` աշխարհի տարբեր շրջաններէն, որոնց տակ կերեւին նոյն ստորագրութիւնը, նոյն հրէշին ականջները:

Ա.- Ամերիկեան համալսարաններու մէջ իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ պաղեստինցիներու սպանդը, ցեղասպանութի՛ւնը դատապարտող, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ պահանջող ուսանողներ ոստիկանական բիրտ ուժի դիմաց տեղի տուին եւ դուրս քշուեցան ցոյցի վայրերէն, բայց չպարտուեցան: Ցոյցերը սկսած էին խաղաղ, շարունակուեցան խաղաղ, մինչեւ որ… հակացոյցի անուան տակ իսրայէլեան դրօշակ պարզած խռովարարներ պատճառ դարձան բախումներու եւ վայրագութեանց: Ոստիկանները, կարգ-կանոն հաստատելու պատճառաբանութեամբ, գործի անցան արդարութիւն պահանջողներո՛ւն դէմ, որովհետեւ Սպիտակ տան պետն ալ (որուն մտային կարողութիւններուն նօսրացման մասին զրոյցները կը բազմանան) յայտարարեց, որ` «Հակասեմականութիւն ընդունելի չէ»: Արդեօք պաղեստինցիք կամ առհասարակ արաբները սեմական չե՞ն, դեղի՞ն, կամ կարմի՞ր ցեղերու կը պատկանին…

Բ.- Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները անընդունելի կը գտնեն իրենց պապենական բնակավայրերը, դարաւոր հայրենիքէն նոր հատուածներ Ազրպէյճանին նուէր տալու Նիկոլ Փաշինեանի պատճառաբանութիւնները, բողոքի ելած են, որպէսզի ցոյց տան վարչապետ կոչեցեալին տեսութիւններուն սնանկութիւնը, անհիմն ըլլալը: Ոստիկանական ուժեր բրտութեան կը դիմեն եւ կ՛աշխատին պարտութեան մատնել պահանջատէր, իրաւատէր ժողովուրդը: Մարդիկ սկսած են կասկածիլ, թէ ոստիկանները հայախօս ազերինե՞ր են, որոնք կը գործադրեն բացարձակապէս Ազրպէյճանի շահերուն ծառայող վարչախումբին հրամանները: Տաւուշցիք չեն պարտուած, վճռած են չպարտուիլ եւ ցոյց տալ, որ իրենց պահանջատիրութիւնը միայն իրենց շրջանով չէ սահմանափակուած, որովհետեւ Տաւուշը Հայաստանի մէկ մանրանկարն է, ինչպէս որ էր Արցախը` մինչեւ երէկ…

Գ.- Վրաստանի խորհրդարանը որդեգրեց, ըստ էութեան, օտարներուն ծառայութիւն ընողները հակակշիռի տակ պահելու կոչուած ու կառավարութեան կողմէ մշակուած օրէնք մը, որ հաշտ աչքով չի դիտուիր Արեւմուտքին կողմէ: Օրէնքին ընդդիմացողները սկսան քարոզել, որ սա ռուսական արեւելում ցոյց տուող բանաձեւ մըն է, եւ մայրաքաղաքը վերածեցին ցոյցերու բեմի: Չմտնենք երկար մեկնաբանութիւններու մէջ, այլ կեդրոնանանք արձագանգներուն վրայ: Արեւմտեան աշխարհը իր քաղաքական եւ մամլոյ-քարոզչական մեքենաներով լայն արձագանգ եւ զօրավիգ կը հանդիսանայ իշխանութեան դէմ ցոյցերուն, կը պահանջէ օրէնքին չեղարկումը: Ինչո՞ւ, քանզի անոր մէջ կը տեսնէ «ռուսերուն ի նպաստ բոյր» մը: Հայաստանի մէջ իշխանութեան մեքենաները աղաղակող բռնարարքներ կը գործադրեն, ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը ամէն քայլափոխի ոտնատակ կ՛ըլլայ, սակայն «քաղաքակի՜րթ եւ ժողովրդավարութեան դրօշակի՜ր» Արեւմուտքը կոյր ու խուլ կը մնայ: Ընդդիմադիր երեսփոխանները բազում խաղքութիւնները ցուցահանող յուշագիր կը յղեն արեւմուտքցի դեսպաններու: Նմանապէս` ո՛չ մէկ շօշափելի արձագանգ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իշխանախումբը քայլ առ քայլ կը հետեւի իր թելադրած հակառուս վարքագիծին: Մեր նպատակը Ռուսիոյ ի նպաստ կամ անոր դէմ դիրքորոշուելու ընտրանքները քննարկել չէ, այլ ԲԱՆ ՄԸ ցուցահանել:

Դ.- Ուքրանիոյ քանդումը կը շարունակուի աւելի քան երկու տարի եւ երկու ամիսէ ի վեր: Արեւմուտքը հսկայածաւալ զէնք եւ նիւթական օժանդակութիւն կը հոսեցնէ դէպի Ուքրանիա, որովհետեւ ան ալ լիարժէքօրէն լծուած է հակառուս արշաւին: Հայաստանի նոյնիմաստ պատրաստակամութիւնը հազիւ թէ փշրանքներու արժանի կը դարձնէ մեր հայրենիքը. յստակօրէն կ՛ըսեն մեզի, որ իրենց նպատակը ո՛չ Հայաստանը պաշտպանելն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ (զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ նման բան մտածէին, այսինքն` Հայաստանը պաշտպանել իրենց… դաշնակիցին եւ շահակիցին դէմ), այլ հիմնական նպատակն է «ռուսերուն ոտքը կտրել Կովկասէն», ի՛նչ գին ալ վճարելու ըլլայ Հայաստան (Ուքրանիոյ վճարածին հաշիւները կը ծանրանան օրէ օր): Չէ՜, չեն մոռնար մեզի զինական օժանդակութիւն խոստանալ: Կայ «ոչ մահացու զէնք»-ի խոստումը, քանի մը հատ ալ` ցուցարարները ճնշելու համար օգտագործելի զրահապատ կառք: Չմոռնանք… հեռադիտակներով օժտուած դէտերը:

Ե.- Իսրայէլ կը շարունակէ պաղեստինցիները ջարդել, Նեթանիահու կը սպառնայ հիմնայատակ կործանել նաեւ Ռաֆահը, որ ապաստարան դարձած է բազմահազար գաղթականներու, անտուն մնացած կազացիներու: Ուաշինկթըն իբր թէ զգուշացման կոչ կ՛ընէ Նեթանիահուի, միւս կողմէ օժանդակութեան նոր ծրարներ կը քուէարկուին խորհրդարանին մէջ (նաեւ` ի նպաստ Ուքրանիոյ եւ Թայուանի, այդ ալ այն պահուն, երբ Պլինքըն Չինաստան գացեր է պահանջելու, որ,  չծիծաղի՜ք, Չինաստան չնպաստէ Ռուսիոյ…): Նեթանիահու անպատիժ ու անսանձելի կը մնայ, ինչպէս որ անպատիժ են ու անսանձելի` Թուրքիա եւ անոր կրտսեր եղբայրը` Ազրպէյճան:

***

Այս սիւնակը խորագրեցինք «Նոյն ստորագրութիւնը»: Կրնանք նմանօրինակ դրուագներու ցանկը երկարել: Ընթերցողս վստահաբա՛ր հասկցած է, թէ ինչո՛ւ նոյն խորագիրին տակ հաւաքեցինք այս դրուագները:

4 մայիս 2024

Նախորդը

Փաշինեանի Ձեռքերը Կը Թաթխուին Արեան Մէջ, Եթէ Ֆրանսահայը Մահանայ Երեւանի Օդակայանին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Պատանիները, Երիտասարդներն Ու Ուսանողները «Յանուն Հայրենիքի» Խորագիրով Ինքնաշարժերով Զօրակցական Երթ Կատարեցին

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?