Հայկական Ինքնութիւնը
ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Արդէն իսկ հասանք 21-րդ դար` համաշխարհայնացման գագաթնակէտին, գերի դարձած օտար նորարութիւններու: Այս մէկը բացայայտօրէն կը տանի ազգերու ձուլման, յատկապէս` սփիւռքահայութեան ձուլումը, ըլլալով խոցելի այս բներեւոյթին ընդդէմ, վտանգելով սփիւռքահայ ինքնութիւնը, յատուկ այն պատճառով, որ կը գտնուինք հեռու մեր հայրենիքէն: Բոլորս գիտակից ենք այս իրականութեան, սակայն կը մերժենք այդ մէկը լրջօրէն դիմագրաւել: Կ՛ապրինք անտարբերութեան ժամանակաշրջան մը:...



















