Պատրաստուած` Քափիթեն ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՇԱԼԵԱՆԻ կողմէ
Անգլերէնէ թարգմանուած` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆԻ կողմէ
Գ. – Անօդաչու սարքեր` Արցախի հակամարտութեան մէջ. Ազրպէյճանի յառաջխաղացքը` անօդաչուներով պատերազմին մէջ
Արցախի հակամարտութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, երկարատեւ տարածքային վէճը Արցախի շուրջը, ականատես եղաւ ժամանակակից պատերազմի մարտավարութեան կտրուկ վերափոխման, որ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած էր Ազրպէյճանի կողմէ յառաջադէմ անօդաչու սարքերու գործուն ներգրաւումով` իր զինուորական ռազմավարութեան մէջ:
Ազրպէյճանական անօդաչու սարքի զինարան
Ազրպէյճանը Արցախի հակամարտութեան ընթացքին անօդաչուներու կիրարկման գերիշխող ուժ եղած է: Անոնցմէ առանցքային նշանակութիւն ունէր Bayraktar TB2-ը` թրքական արտադրութեամբ զինուած անօդաչու սարքը: Bayraktar TB2-ը անօդաչու սարքի արհեստագիտութիւնը բեկումնային թռիչք էր, որ ունի մօտաւորապէս 12 մեթր թեւերու բացուածք, աւելի քան 150 քիլոմեթր հեռահասութիւն եւ մինչեւ 24 ժամ դիմացկունութիւն: Այս անօդաչու սարքը օժտուած էր ճշգրիտ կառավարուող զինամթերքով, որոնց շարքին` MAM-L շողարձակումով կառավարուող հրթիռներով եւ MAM-C խելացի փոքր զինամթերքով:
Bayraktar TB2-ը` գործողութեան մէջ
Bayraktar TB2-ը առանցքային դեր խաղացած է ազրպէյճանական գործողութիւններուն մէջ: Անոր յառաջադէմ սենսըրները, ներառեալ` ելեկտրա-տեսողական եւ ենթակարմիր (infrared) տեսախցիկներու շնորհիւ, կարելի եղած է ճիշդ ժամանակին մէջ տուեալներ հաւաքել հայկական դիրքերու եւ տեղաշարժներու վերաբերեալ: Անոր զինամթերքի հնարաւորութիւնները թոյլ տուած են ճշգրիտ հարուածներ հասցնել հայկական ռազմական միաւորներուն` տալով զգալի մարտավարական առաւելութիւն:
Գործողութեան յաջողութիւն
Հակամարտութեան ընթացքին Bayraktar TB2-ը ցոյց տուաւ իր բազմակողմանիութիւնը` տարբեր դերերու մէջ: Սարքը իրականացուցած է հետախուզական առաքելութիւններ` հաւաքելով կարեւոր տեղեկութիւններ հայկական դիրքերու, ենթակառոյցներու եւ ուժերու տեղաշարժի վերաբերեալ: Աւելի՛ն. այդ իրականացուցած է քանդիչ ճշգրիտ հարուածներ, թիրախաւորելով հայկական հրասայլերը, հրետանին եւ ամրացուած դիրքերը բարձր ճշգրտութեամբ: Հետախուզական եւ հարուածային կարողութիւններու այս համադրութիւնը Bayraktar TB2-ը խաղը փոխեց պատերազմի դաշտին մէջ:
Ռազմավարական ազդեցութիւն
Ազրպէյճանի կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու լայնածաւալ օգտագործումը վերափոխեց հակամարտութիւնը` տրամադրելով ճիշդ ժամանակին կացութեան իրազեկում եւ արագ արձագանգման հնարաւորութիւններ: Այս անօդաչու սարքերը թոյլ տուած են աւելի լաւ համակարգել ազրպէյճանական ցամաքային ուժերը` նպաստելով ժամանակին եւ ճշգրիտ յարձակումներուն հայկական դիրքերու վրայ: Անոնց զբաղուածութիւնը նաեւ նուազեցուց աւելի վտանգաւոր օդանաւերու շահագործման անհրաժեշտութիւնը:
Մարդկային եւ բարոյագիտական կատարումներ
Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը անհերքելի մարտավարական առաւելութիւններ կու տար, սակայն նաեւ զգալի մարդկային մտահոգութիւններ կը յառաջացնէր: Հակամարտութիւնը պատճառ եղած է զգալի թիւով զոհերու, որոնք մասամբ վերագրուած են անօդաչու սարքերու կիրարկումին: Անօդաչու սարքերը, ճշգրիտ առաջարկելով հանդերձ, նաեւ մեծցուցած են քաղաքացիական զոհերու եւ ենթակառոյցներու վնասներու հաւանականութիւնը` ընդգծելով բարոյական ուղեցոյցներու եւ միջազգային կանոնակարգերու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը կարգաւորեն անոնց օգտագործումը պատերազմի ընթացքին:
Հայաստանի անօդաչու սարքերու սահմանափակ հնարաւորութիւնները
Կարեւոր է ընդգծել, որ Հայաստանը Արցախի հակամարտութեան ժամանակ չունէր անօդաչու սարքերու համեմատելի հնարաւորութիւններ: Անօդաչու սարքերու արհեստագիտութեան անհաւասարութիւնը աւելի ընդգծեց այս ոլորտին մէջ Ազրպէյճանի գերակայութիւնը:
Այսպիսով, Արցախի հակամարտութիւնը վառ օրինակ է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտութիւնը կը վերափոխէ ժամանակակից պատերազմը: Ազրպէյճանի կողմէ անօդաչու սարքերու, մասնաւորապէս Bayraktar TB2-ի արդիւնաւէտ օգտագործումը ընդգծեց անոնց հիմնական դերակատարութիւնը` հսկողութիւններ կատարելու, տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ թիրախային հարուածներու գործին մէջ: Ինչպէս ցոյց տուաւ այս հակամարտութիւնը, անօդաչու սարքերու արհեստագիտութեան ընդունումը պատերազմին մէջ կը պահանջէ անոր բարոյական եւ մարդկային հետեւանքներու մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն, ինչպէս նաեւ` միջազգային գործակցութիւն, ուղեցոյցներ եւ կանոնակարգեր սահմանելու: Արցախի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը կը վկայէ պատերազմի փոփոխական բնոյթի մասին` ընդգծելով անօդաչու սարքերու զգալի ազդեցութիւնը անոր ապագայի ձեւաւորման գործին մէջ:
Եզրակացութիւն
Անօդաչու սարքերով ժամանակակից պատերազմի վերափոխումը կարելի չէ գերագնահատել: Մարդկային անձնակազմի համար նուազագոյն վտանգով հետախուզական եւ ճշգրիտ հարուածներ իրականացնելու անոնց կարողութիւնը յեղափոխութիւն կատարած է ռազմական գործողութիւններու մէջ: Անօդաչու սարքերը դարձած են անհամաչափ պատերազմի հիմնական գործիք, որ թոյլ կու տայ փոքր ուժերուն աւելի մեծ հակառակորդներու դէմ պայքարիլ: Անոնք նաեւ դարձած են հակաահաբեկչական գործողութիւններու կարեւորագոյն արժէք, ուր հսկողութիւն եւ թիրախային հարուածներ իրականացնելու կարողութիւնը խոչընդոտած է ահաբեկչական ցանցերու արարքները եւ կանխած յարձակումները:
Բայց անօդաչու սարքերու օգտագործումը նաեւ զգալի բարոյական եւ իրաւական մարտահրաւէրներ կը յառաջացնեն:
Առաւել հրատապ մտահոգութիւններէն մէկը անօդաչու սարքերու հարուածներու պատճառով խաղաղ բնակչութեան զոհերու հաւանականութիւնն է: Թէեւ անօդաչու սարքերը կրնան շատ ճշգրիտ ըլլալ, սակայն միշտ կայ ոչ կանխամտածուած վնասներու վտանգ, եւ անոնց օգտագործման կապուած թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան բացակայութիւնը կրնայ դժուարացնել պատճառուած վնասի չափը ճշդելը: Թափանցիկութեան այս բացակայութիւնը կրնայ նոյնպէս յանգեցնել իշխանութեան չարաշահումներու, քանի որ չկայ վերահսկողութիւն` ապահովելու անօդաչու սարքերու պատշաճ օգտագործումը:
Բացի քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու վտանգէն` անօդաչու սարքերու օգտագործումը կրնայ խախտել նաեւ ազգային գերիշխանութիւնը: Երբ անօդաչու սարքերը կը տեղակայուին երկրի մը կողմէ միւսի տարածքին մէջ, այդ կրնայ դիտուիլ որպէս յարձակումի յայտարարութիւն եւ կրնայ յանգեցնել ազգերու միջեւ լարուածութեան: Աւելի՛ն. հսկողութեան համար անօդաչու սարքերու օգտագործումը կրնայ խախտել անհատներու գաղտնիութեան իրաւունքները` մտահոգութիւն յառաջացնելով քաղաքացիական ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ:
Քանի որ անօդաչու սարքերու արհեստագիտութիւնը կը շարունակէ զարգանալ, քաղաքականութիւն մշակողները եւ ռազմական ղեկավարները պէտք է անդրադառնան այս բարոյական եւ իրաւական մտահոգութիւններուն, որպէսզի համոզուին, որ անոնց օգտագործումը կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին եւ բարոյական սկզբունքներուն: Այդ կը պահանջէ շարունակական ներդրումներ հետազօտութիւններու եւ զարգացման մէջ` անօդաչու սարքերու ճշգրտութիւնն ու անվտանգութիւնը բարելաւելու համար, նաեւ` անոնց օգտագործման յստակ ուղեցոյցներու մշակում: Այդ նոյնպէս կը պահանջէ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուողականութիւն` անօդաչու սարքերու հարուածներու ազդեցութիւնը ճշդելու եւ անոնց պատշաճ կիրարկումը ապահովելու յստակ ընթացակարգերով:
Եզրափակելով` թէեւ անօդաչու սարքերը վերափոխած են ժամանակակից պատերազմը եւ դարձած են հետախուզական տուեալներու հաւաքման, ճշգրիտ հարուածներու եւ զինուորական ռազմավարութեան կարեւոր գործիք, սակայն անոնք նաեւ զգալի բարոյագիտական եւ իրաւական մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն: Քաղաքականութիւն մշակողները եւ ռազմական ղեկավարները պէտք է լուրջ վերաբերին այս մտահոգութիւններուն եւ ապահովեն, որ անօդաչու սարքերու օգտագործումը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին եւ բարոյագիտական սկզբունքներուն: Անով անոնք կրնան օգտագործել անօդաչու սարքերու արհեստագիտական ուժը` միաժամանակ նուազագոյնի հասցնելով անմեղ քաղաքացիներու վնաս պատճառելու վտանգը եւ պահպանելով արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու սկզբունքները:
(Շար. 5 եւ վերջ)