Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդէմ Ձուլումի Եւ Օտարամոլութեան

Յունիս 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Վերջին տարիներուն Լիբանանի հայ գաղութին մէջ արդէն իսկ նկատելի են օտար արժէքներու ներխուժումները, որոնք լիբանանահայ երիտասարդութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն:

Նախորդ տարիներուն տեսանք, թէ ինչպէ՛ս օտար  երկիրներու եւ ժողովուրդներու մշակոյթի աւանդութիւններ սկսան մաս կազմել գաղութի երիտասարդական շրջանակին` սկսելով օտար լեզուն գործածելէն, հասնելով մինչեւ օտար աւանդութիւններու հետեւիլը եւ մեր հայ աւանդութիւններէ հեռու մնալը: Օրինակներէն մէկն է Ամերիկայի մէջ տեղ գտած է Գնահատանքի օրը` «Appreciation Day», որ ամէն մարտ ամսուան առաջին ուրբաթը կը նշուի, այս աւանդութիւնը եկած է օտար մշակոյթէ, մաս չի կազմեր մեր կեանքին, բայց եւ այնպէս, լիբանանահայ երիտասարդներուն մէջ զգալի թիւ մը այս սովորութիւնը իւրացուցած է, եւ այս մասին գրառումներ կը կատարեն ընկերային ցանցերուն վրայ:

Տարբեր մշակոյթէ եկած հագուածքներ, լեզուներ, երգեր, պարեր, ճաշեր, տօներ արդէն իսկ մասամբ մը կը գտնենք մեր հայ գաղութին մէջ:

Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը կրնան որոշ չափով մարսելի ըլլալ, եթէ հայ երիտասարդութիւնը կառչած մնայ նաեւ հայկական աւանդութիւններուն, սակայն մենք ատիկա չենք տեսներ: Ձուլումի եւ օտարինը իւրացնելու ընթացքը մտահոգիչ է:

Ինչպէ՞ս կարելի է կանխարգիլել օտարամոլութիւնն ու ձուլումը:

Հայկական ինքնութեան պահպանութիւնը կը սկսի տուներէն` հայ ծնողներու դաստիարակութեամբ: Հայ ծնողին պարտականութիւնն է քաջալերել իր զաւակը` յաճախելու հայ վարժարան, սորվելու մայրենի լեզու, հայերէն երգելու, գրելու ու կարդալու` կանուխ տարիքէն: Այս մէկը հայ անհատին առաջին քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մայրենի լեզուն գործածելը կարեւոր դեր կը խաղայ ինքնութեան պահպանութեան մէջ ու նաեւ հեռու կը պահէ օտար շրջանակներէ, եւ հայ անհատը մինչեւ հասուն տարիք կը մնայ հայկական շրջանակի մէջ:

Կարեւոր քայլերէն մէկն է նաեւ, որ հայ անհատը կանուխ տարիքէն սկսի ակումբ յաճախելու: Հայ ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայ տունն է: Հո՛ն է, որ հայ անհատը իր փոքր քայլերով պիտի սկսի մեծնալ եւ լաւ դաստիարակութիւն ստանալ իր պատանի եղած տարիքէն: Տարիներ շարունակ ակումբը մեծ դեր ունեցած է հայ ինքնութեան պահպանութեան մէջ եւ դաստիարակած` հայ պատանին ու երիտասարդը ազգասիրութեամբ եւ այնպիսի կազմաւորումով, որ պաշտպանէ հայ գաղութը օտարամոլութենէն, ձուլումէ եւ հարուածներէ:

 

 

Նախորդը

Պատռէ՛ Ինքնախաբէութեան Շապիկդ Եւ Օ՛ն Յառաջ

Յաջորդը

Մինչեւ Ե՞րբ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?