Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Անօդաչու Սարքերը Փոխեցին Ժամանակակից Պատերազմի Օրէնքները

Յունիս 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստուած`  Քափիթեն ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՇԱԼԵԱՆԻ կողմէ
Անգլերէնէ թարգմանուած` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆԻ կողմէ

Բ.- Անօդաչու սարքեր արեւելեան ճակատի մէջ. հայեացք` Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ անօդաչու սարքերու օգտագործման

Ռուսիոյ կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը Ուքրանիոյ արեւելեան հակամարտութեան մէջ եղած է ժամանակակից պատերազմի մէջ անօդաչու սարքերու ճարտարագիտութեան վրայ աճող վստահութեան վառ օրինակ: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը թոյլ տուած է Ռուսիոյ` զգալի առաւելութիւն ունենալ իր հակառակորդներուն նկատմամբ, նոյն պահուն տրամադրելով հետախուզական եւ թիրախային աջակցութիւն: Հակամարտութեան մէջ Ռուսիոյ կողմէ, մասնաւորապէս, լայնօրէն օգտագործուած է Orlan-10 անօդաչու սարքը, որ  ի վիճակի է իրականացնել հեռահաս առաքելութիւններ եւ ունի եղանակային ծանր պայմաններուն մէջ գործելու կարելիութիւն, որ զայն կը դարձնէ իտէալական գործիք` Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններուն համար:

Orlan-10  ռուսական արտադրութեան անօդաչու սարք մըն է, որ նախատեսուած է ռազմական օգտագործման համար: Անիկա աչքի կ՛իյնայ շատ ճշգրիտ հսկողութիւն ապահովելու գործին մէջ իր գերազանցութեամբ, տեսախցիկներու եւ սենսըրներու միջոցով հսկողութեան եւ հետախուզման յառաջադէմ հնարաւորութիւններ տրամադրելով: Միաժամանակ կրնայ զէնք կրել յարձակողական գործողութիւններու համար` դառնալով բազմակողմանի օգտագործման սարք կռուի դաշտին մէջ:

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ շարունակուող հակամարտութեան ընթացքին Orlan-10 ապացուցած է, որ արժէքաւոր է ռուսական ուժերու համար: Անօդաչու սարքը օգտագործուած է հակառակորդի դիրքերը բացայայտելու, ուժերու տեղաշարժը վերահսկելու եւ հակառակորդի գործողութիւններու վերաբերեալ հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքելու համար: Այդ նաեւ օգտագործուած է ուքրանական ռազմական թիրախները յայտնաբերելու եւ չէզոքացնելու համար` ռուսական ուժերուն ճշգրիտ եւ ժամանակին տեղեկատուութիւն տրամադրելով արդիւնաւէտ ռազմական գործողութիւններ ծրագրելու եւ իրականացնելու:

Ընդհանրապէս Orlan-10 բարձր արհեստագիտութեամբ եւ մեծ կարողութիւններով անօդաչու սարք է, որ լաւապէս կը յարմարի ռազմական գործողութիւններու: Իր յառաջադէմ սենսըրներով եւ սպառազինութեամբ անիկա արժէքաւոր է պատերազմի դաշտին մէջ մարտավարական առաւելութիւններ ձեռք բերելու ձգտող ռազմական ուժերու համար:

Անօդաչու սարքերու օգտագործումը մեծ նշանակութիւն ունեցած է պատերազմի դաշտի փոփոխական պայմաններուն արագ արձագանգելու Ռուսիոյ կարողութեան մէջ: Նոյն պահուն հետախուզութեան միջոցով ռուսական ուժերը յաջողած են յարմարեցնել իրենց մարտավարութիւնը եւ ժամանակին պատասխանել Ուքրանիոյ ուժերու տեղաշարժներուն: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը թոյլ տուած է նաեւ Ռուսիոյ` նուազագոյնի հասցնել իր ռազմական անձնակազմի համար վտանգը: Անօդաչու սարքերով հետախուզական առաքելութիւններ կատարելով, ռուսական ուժերը կարողացած են խուսափիլ իրենց ուժերը վտանգի տակ դնելէ` նուազեցնելով զոհերու թիւը:

Բայց եւ այնպէս, Ուքրանիոյ անօդաչու սարքերու օգտագործումը նաեւ մտահոգութիւն յառաջացուցած է քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու եւ ենթակառոյցներու հասցուելիք վնասներու  հնարաւորութեան վերաբերեալ: ԵԱՀԿ-ը յայտնած է, որ Ռուսիոյ կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը կը խախտէ Մինսքի համաձայնագիրները, որոնք նախատեսուած էին Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը մեղմացնելու: Բացի անկէ` եղած են հաղորդումներ անօդաչու սարքերու հարուածներու մասին, որոնք վնաս հասցուցած են քաղաքացիական ենթակառոյցին եւ անմեղ քաղաքացիներուն:

Հակառակ այս մտահոգութիւններուն` ակներեւ է, որ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ մէջ անօդաչու սարքերու օգտագործումը զգալի ազդեցութիւն ունեցած է հակամարտութեան վրայ: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը թոյլ տուած է Ռուսիոյ հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքել, օդային հարուածներ հասցնել եւ պատերազմի դաշտին մէջ մարտավարական առաւելութիւն ձեռք բերել: Քանի որ անօդաչու սարքերու արհեստագիտութիւնը կը շարունակէ զարգանալ, հաւանական է, որ մենք կը տեսնենք աւելի շատ երկիրներ, որոնք կ՛օգտագործեն անօդաչու սարքեր ապագայ հակամարտութիւններուն մէջ: Պատերազմի մէջ անօդաչու սարքերու յաւելեալ օգտագործումը շատ հաւանաբար կը փոխէ ժամանակակից պատերազմ վարելու ձեւը: Այս կը յանգեցնէ անոր, որ անօդաչուներու պատերազմը կանոն կը դառնայ ժամանակակից հակամարտութիւններու մէջ:

Հետեւաբար Ռուսիոյ կողմէ անօդաչու սարքերու օգտագործումը Ուքրանիոյ արեւելեան հակամարտութեան մէջ ցոյց տուաւ անօդաչու սարքերու արհեստագիտութեան աճող կարեւորութիւնը ժամանակակից պատերազմի մէջ: Անօդաչու սարքերու օգտագործումը Ռուսիոյ տուած է մարտավարական առաւելութիւն` հնարաւորութիւն տալով անոնց ճիշդ ժամանակին հետախուզութիւն կատարել, օդային հարուածներ հասցնել եւ արագ արձագանգել պատերազմի դաշտին մէջ փոփոխական պայմաններուն: Թէեւ անօդաչու սարքերու հարուածներու պատճառով քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու եւ ենթակառոյցներուն վնաս պատճառելու հնարաւորութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններ կան սակայն, պարզ է, որ անօդաչու սարքերու օգտագործումը պատերազմին մէջ պէտք է մնայ: Քանի որ անօդաչու սարքերու արհեստագիտութիւնը կը շարունակէ զարգանալ, մենք կրնանք ակնկալել, որ ապագային աւելի շատ երկիրներ կը ներառեն անօդաչու սարքեր իրենց ռազմական գործողութիւններուն մէջ:

(Շար. 4)

 

(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)

Նախորդը

Ամառնային Աշխատանքը` Կրթական Բռնածաղր (Bullying)

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Սպանիոյ Կրան Փրին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?