Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ինքնութիւնը

June 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Արդէն իսկ հասանք 21-րդ դար` համաշխարհայնացման գագաթնակէտին, գերի դարձած օտար նորարութիւններու: Այս մէկը բացայայտօրէն կը տանի ազգերու ձուլման, յատկապէս` սփիւռքահայութեան ձուլումը, ըլլալով խոցելի այս բներեւոյթին ընդդէմ, վտանգելով սփիւռքահայ ինքնութիւնը, յատուկ այն պատճառով, որ կը գտնուինք հեռու մեր հայրենիքէն: Բոլորս գիտակից ենք այս իրականութեան, սակայն կը մերժենք այդ մէկը լրջօրէն դիմագրաւել: Կ՛ապրինք անտարբերութեան ժամանակաշրջան մը: Սակայն ասոր դէմ դնելը մեր սերունդին կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է:

Միեւնոյն ժամանակ Հայաստան կը գտնուի ճակատագրական փուլի մը մէջ: Հայաստան անուղղակիօրէն ենթակայ է ներքին ձուլումի, կը փորձեն հայ ժողովուրդին մոռցնել իր պատմութիւնն ու մշակոյթը, նաեւ` կրթական հաստատութիւններուն մէջ:

Ոչ միայն մշակոյթը վտանգուած է, այլ նաեւ` հայկական հողերը, որոնք հետզհետէ կը յանձնուին թշնամիին` առանց նուազագոյն դիմադրութեան պետութեան կողմէ: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը պայքարի Դաշնակցութեան դէմ այն պատճառով, որ Հայաստանը բնորոշող գաղափարը կը պաշտպանուի Դաշնակցութեան կողմէ: «Կը պաշտպանուի», որովհետեւ Հայաստանի գաղափարը յարձակման ենթակայ է: Մենք` իբրեւ սփիւռքահայութիւն, չենք կրնար հանդիսատես մնալ ներկայ իրադարձութիւններուն:

Սակայն այսօր  որքա՞ն ազդեցիկ են սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնն ու խօսքը աշխարհի  չորս կողմերէն: Իտէալական միջոցն է ֆիզիքապէս վերադառնալ հայրենիք եւ պայքարը մղել գետնի վրայ` հասնելու համար մեր նպատակին, եւ վստահաբար բոլորս այդ մէկուն ծարաւ ենք: Այդ մէկը անկարելի եւ անհասանելի չէ, սակայն ատոր դիմաց ունինք խոչընդոտներ, որոնք կը բարդացնեն մեր վերադարձը: Ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ հայրենիքը կարիքը ունի բոլոր միջոցներով օգնութեան: Իբրեւ հեռու ապագայի ծրագիր, պէտք է կրկին որդեգրուի  «Դէպի Երկիր»` կարգախօսը` չկորսնցնելու համար մեր հայրենիքը եւ հայրենազուրկ ազգ մը չդառնալու համար: Մօտիկ ապագային մեզի կ՛իյնայ, առանց շեղելու մեր սկզբունքներէն, որդեգրել աշխարհի զարգացած նորարութիւնները` ի նպաստ մեր գաղափարներուն, պահպանելու համար մեր հայկական ինքնութիւնը եւ հայ ազգը:

 

 

Նախորդը

Մինչեւ Ե՞րբ

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.