Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնը Ճեզիրէ Շրջանի Հայութեան
Վերջերս Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Գամիշլի:
31 մայիսին սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ շինարարական ընթացքի մէջ եղող Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նորակառոյց ներքնասրահին մէջ կատարուեցաւ Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան վերջին ժամերգութիւնը:
Նոյն օրը սրբազան հայրը այցելեց` Գամիշլիի «Խորէնեան» կեդրոն, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան», ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնները:
1 յունիսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ:
Նոյն օրը երեկոյեան փոխանորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական ընդունելութիւն` սրբազան հօր արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով: Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը շնորհաւորեց սրբազան հայրը եւ Գամիշլիի, Հասիչէի ու Տէրիքի թաղական խորհուրդներուն հետ սրբազան հօր նուիրեց եպիսկոպոսական փիլոն, պանակէ, խաչ եւ ակնակուռ մատանի:
2 յունիսին, սրբազան հօր նախագահութեամբ, Ճեզիրէ շրջանէն ներս տեղի ունեցաւ տարեկան ուխտագնացութիւն` դէպի Խանիք գիւղը, Ս. Գէորգ ուխտատեղին, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:
Կիպրոս
Վարդան Թաշճեան Պարգեւատրուեցաւ Համազգայինի Շքանշանով
Ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի կազմի վարչութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ եւ մանկավարժ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրումը «Համազգայինի շքանշան»-ով` ձեռամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեպուհ Այնթապլեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան: Ապա Եղիա Գայայեան ներկայացուց կրթական մշակ եւ գեղանկարիչ, թատերական եւ հասարակական գործիչ, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս, բարերար եւ երաժշտասէր, յուշագրութիւններու եւ գիրքերու հեղինակ Վարդան Թաշճեանի կեանքն ու բեղուն վաստակը, յատկապէս` անոր կրթական լայն գործունէութիւնը, գեղանկարչական յաջողութիւններն ու արուեստի այլ ոլորտներուն մէջ անոր բազմատաղանդ ներկայութիւնը: Ան անդրադարձաւ` մեծարեալին կենսագրական գիծերուն, կեանքին ընթացքին վերոյիշեալ բնագաւառներուն մէջ տարած բեղուն գործունէութեան ու արձանագրած յաջողութիւններուն, կերտած աւանդին, հրապարակած գիրքերուն, ստեղծագործած գեղանկարներուն:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեպուհ Այնթապլեան ու կատարեց շքանշանի տուչութիւնը:
Աւարտին Վարդան Թաշճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որուն սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ 95-ամեայ Համազգայինի ազգանուէր առաքելութիւնը, կատարած հսկայական դերն ու ծառայութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեց իբրեւ կրթութեան եւ արուեստի մշակ` իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքի ազնիւ արարքին ու անմոռանալի փորձառութեան համար, որ` «Պիտի մնայ կեանքիս յիշատակելի էջերու կարգին, պիտի մնայ խոր ներգործում մը` առաւել եւս խթանելու ճիգերս, բազմապատկելու կորովս ազգանուէր ծառայութիւնս խնկարկելու մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակներուն»:
Ան հաստատեց, որ իրեն տրուած պատիւը կ՛ուղղուի նաեւ բոլոր անոնց, որոնց հետ աւելի քան վեց տասնամեակ իր կեանքը շաղուեցաւ, հարստացաւ եւ իմաստաւորուեցաւ, ըլլան անոնք` կրթական կառոյցներ, ուսուցիչ, աշակերտ, ծնողք, պաշտօնակից, բարեկամ, ազգային, եկեղեցական, դերասան, արուեստասէր, թատերասէր, ժողովական, ըլլան անոնք` մանաւանդ` ընտանիքի անդամ եւ ազգական, շնորհիւ իրենց ընձեռած անվերապահ վստահութեան, գործակցութեան, զօրակցութեան, քաջալերանքին:
«Այս վայրկեանիս ո՛չ մազին ձիւնն է եւ ո՛չ ալ տարիներու սահանքն ու յոգնութիւնը, որոնց մասին կը մտածեմ, այլ` խղճիս հանդարտութեան, որ կրթութեան եւ արուեստի ընդարձակ դաշտը ոռոգող մեծ գետին մէջ հոսող վտակի մը դերը կատարած եղայ իբրեւ աստուածային տուրք եւ բարոյական պարտք:
«Այս պարգեւատրումը անցեալի եւ ներկայի ծառայութեան վկայումն ու վարձատրութիւնը ըլլալէ աւելի` ես կը նկատեմ տակաւին իբրեւ ուխտ եւ հրաւէր գալիքին ալ համար, խոստում մը` նպատակ ու նկարագիր զսպանակելու դէպի հայութեան առաջադրանքները, որքան ատեն որ դեռ տրոփ կայ սրտիս մէջ: Կամքը յոգնութիւն եւ տարիք չի ճանչնար, ոչ ալ փոխ կ՛առնուի:
«Ամէն մարդ երազ մը ունի, ամերիկացի իր ժողովուրդին իրաւունքներուն ջատագով, նահատակ Մարթին Լուտեր Քինկին պէս` «I have a dream»… Իմ ալ երազս է տեսնել ոչ միայն ուսեալ, կրթեալ ու դաստիարակեալ նոր սերունդներու շարանը, այլեւ` Հայաստանը, Արցախը, սփիւռքը եւ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք վերելքի մէջ, բարօրութեան մէջ, խաղաղութեան մէջ ու մեր արդար Դատի եւ իրաւունքներու վերատիրացման մէջ: Տա՛յ Աստուած, որ իրականանայ այդ երազը», եզրափակեց Թաշճեան:
Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսանիւթեր, առաջինը Վարդանի կեանքին բազմազան դրուագները ներկայացնող նկարներու փունջ մը, իսկ երկրորդը` Վարդանի գեղանկարչութեան մասին բարձր մակարդակով նկարահանուած ժապաւէն մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Յայտագիրը փակուեցաւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Դեսպան Մկրտիչեան Առաջարկեց Կազմակերպել ՀՀ Եւ Կիպրոսի Անհետ Կորածներու Հարցերով Կառոյցներու Համատեղ Ձեռնարկ
Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտիչեան (նստավայրը` Աթէնք) վերջերս Նիկոսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ անհետ կորած անձերու հարցերով Կիպրոսի նախագահի յատուկ յանձնակատար Աննա Արիստոտէլուսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Մկրտիչեան ներկայացուց արցախեան երկու պատերազմներու ընթացքին անհետ կորած անձերու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները` ընդգծելով, որ հակառակ արհեստական խոչընդոտներուն, գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորած անձերու հարցերով զբաղող Հայաստանի միջգերատեսչական յանձնաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքը, եւ նկատի ունենալով Կիպրոսի մէջ տարիներէ ի վեր այդ ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները` անհրաժեշտ է փորձի փոխանակման կազմակերպում` հաղորդակցութիւններու գործնականացման համար հայաստանեան գործընկերներուն հետ:
Աննա Արիստոտէլուս նշեց, որ բազմաթիւ ընդհանրութիւններ կան անհետ կորած անձերու հարցերով զբաղող հայկական եւ կիպրական համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ եւ առաջարկեց դիտարկել յառաջիկային համատեղ ձեռնարկներով հանդէս գալու հնարաւորութիւնը, որ կը հետապնդէ միջազգային ճանաչման բարձրացման նպատակ:
Ժընեւ
Ժընեւի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ընտրութիւն
Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անդամական տարեկան ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 յունիս 2024-ին, նախագահութեամբ առաջնորդական տեղապահ եւ հոգեւոր հովիւ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեանի:
Ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ խորհուրդին եռամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Յառաջիկայ եռամեակի նոր կազմը ընտրուեցաւ բաղկացած հետեւեալ անդամներէ` Օննիկ Գազանճեան, Սարգիս Նարոյեան, Վաչէ Մարկոսեան, Արնօ Սրապեան, Արաքսի Մկրտիչեան, Սիմա Փափազեան, Մարալ Թորոսեան, Աստղիկ Գրիգորեան, Նաթաշա Քարմի եւ Նաթալի Քեպապճեան:
Չեխիա
Յունիսեան Ձեռնարկներ` Նուիրուած Հայաստանին Եւ Հայ Մշակոյթին
Յունիսի առաջին կէսը հարուստ էր տարբեր ձեռնարկներով, որոնք նուիրուած էին Հայաստանին ու հայ մշակոյթին, կամ նշանակալի էին հայազգի մշակոյթի գործիչներու մասնակցութեամբ:
1 յունիսին Փրակայի շաբաթօրեայ հայկական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնին եւ Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան: Վարժարանի տնօրէն Գոհար Մելիքեան շնորհաւորեց աշակերտները, որոնք մեկնաբանեցին «Մէկը յունիսի» երգը:
Հանդէսին հիմնական թեման հայոց լեզուի պահպանութիւնն էր: Աւագ խումբի երեխաներու ելոյթը նուիրուած էր Եղիշէ Չարենցի, իսկ միջին դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայ ականաւոր դէմքերու խօսքերը` հայոց լեզուի եւ հայերէն խօսելու կարեւորութեան մասին:
Աւարտին մեկնաբանեցին «Հայերէն երգենք» եւ «Այբ, բեն, գիմ» երգերը, նաեւ ներկայացուեցաւ փոքրիկ բեմադրութիւն մը, նաեւ` աղջիկներու պարային տեսարան մը:
Վենետիկ
Լեւոն Արք. Զէքիեանի Ութսունամեակին Նուիրուած «ՏՕՆԱԳԻՐ»-ին Շնորհահանդէսը Վենետիկի Մէջ
Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանին մէջ, ուր Լեւոն արք. Զէքիեան տարիներ առաջ հիմնած է հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը եւ դասաւանդած նոյն նիւթը` լրիւ երեսունհինգ տարիներ, 17 յունիս 2024-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ 2023-ի հոկտեմբերին իր ութսունամեակին առիթով խումբ մը նախկին սաներու կողմէ պատրաստուած ՏՕՆԱԳԻՐ-ին (Mélanges) շնորհահանդէսը: Նախկին սաներու, գործընկերներու, Վենետիկէն եւ այլ քաղաքներէ ժամանած մտաւորական ու մշակութասէր խուռն բազմութիւն մը ամբողջութեամբ կը լեցնէր համալսարանին գլխաւոր դահլիճը: Այս առիթով Հռոմէն յատկապէս ժամանած էր Հռոմի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին նախագահ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի, որ Վենետիկի համալսարանին մէջ հայր Լեւոն Զէքիեանի առաջին աշակերտներէն մին եղած էր:
ՏՕՆԱԳԻՐԸ պատրաստուած է հայր Լեւոնի նախկին երեք սաներու համագործակցութեամբ` Փաուլօ Լուքքա, Ալտօ Ֆերրարի եւ Պենետեթթա Քոնթին, որուն կը վիճակուէր, իր գործընկերներուն վկայութեամբ, գլխաւոր դերակատարութիւնը հատորին պատրաստութեան մէջ: Հատորը լոյս կը տեսնէր հայագիտական օտարալեզու ամէնէն հեղինակաւոր hանդէսը նկատուող Revue des Etudes Arméniennes-ի շարքին մէջ` իբրեւ 41-րդ հատորը, տարի` 2022, հանդէսին խմբագրապետ` փրոֆ. Ժան Փիեր Մահէի եւ համաշխարհային տարողութեամբ «Փեթերս» հրատարակչատան բարեհաճ ընկալումով: 650 էջնոց հատորին կազմութեան մասնակցած են աշխարհի չորս կողմերէն` ամէնէն հեղինակաւոր հայագէտներու կարգին նկատուող 35 հայագէտներ:
Հանդէսին բացումը կատարեց Քա Ֆոսքարիի Ասիոյ եւ Միջերկրականեան Ափրիկէի բաժանմունքին տնօրէն փրոֆ. Լաուրա տէ Ճորճի, որմէ ետք Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիայի ներկայացուցիչ արքեպիսկոպոսը կարդաց այս առիթով պատրիարքին ուղղած շնորհաւորական նամակը` Լեւոն արք. Զէքիեանին: Ապա օրուան հանդիսավար փրոֆ. Ալտօ Ֆերրարի, նոյնպէս հ. Լեւոնի նախկին սաներէն ու ներկայիս իր յաջորդը Վենետիկի հայագիտական ամպիոնին մէջ, խօսքը տուաւ կարտ. Կուճերոթթիի, որ գրեթէ կէս ժամ տեւողութեամբ ուրուագրեց հայր Լեւոնին կերպարը` որպէս մարդու, դասախօսի, գիտնականի, իմաստասէր-գաղափարախօսի եւ հոգեւորականի: Ապա խօսք տրուեցաւ Պենետեթթա Քոնթինի, որ ներկայացուց հատորին կազմը եւ բովանդակութիւնը: Յաջորդաբար խօսք առին փրոֆեսէօրներ` Ալտօ Ֆերրարի եւ Փաոլօ Լուքքա, որոնք շեշտեցին հայր Լեւոնի հոգեմտաւոր եւ մշակութային հորիզոններուն բացառիկ ընդարձակութիւնը, անոր բոլորովին ուրոյն մերձեցումը ո՛չ միայն հայագիտական, այլ առ հասարակ մշակութային ընդհանուր հարցերու, ինչպէս նաեւ` հարցերու մերձեցման կերպին մէջ հորիզոնի բացառիկ ընդարձակութիւնը, որով ան կը հանդիսանայ իսկական «վարպետ» եւ «վարդապետ» մը` թէ՛ հայագիտութեան եւ թէ՛ առ հասարակ մարդուն վերաբերեալ հարցերու ծիրին մէջ:
Հուսկ, խօսք առաւ ինքը` հայր Լեւոն Զէքիեան, որ սկսաւ` շեշտելով, որ այս վերջին տարիներուն յատկապէս իր խոհերը կը կեդրոնանան թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ առ հասարակ մարդկութեան ապրած ճգնաժամային արտակարգ իրադարձութիւններուն եւ մանաւանդ այս ճգնաժամին ակունքին մէջ ներգործող պատճառներուն եւ ազդակներուն վրայ: Շեշտեց ի միջի այլոց դիւանակալութեան յարաճուն երեւոյթը հասարակութեան այլեւայլ հարթակներուն վրայ, ներառեալ` համալսարանը եւ ակադեմական հաստատութիւնները, մէջբերելով իտալացի հանրածանօթ գիտնականի մը ազդարարութիւնը, որ այս գործընթացը, եթէ չկարենանք զայն պահել ընդունելի սահմաններու մէջ, կրնայ վտանգել լրջօրէն նոյնինքն գիտական պրպտումի, մանաւանդ հասարակական գիտութիւններու յառաջընթացը: Հայր Լեւոն համառօտ ակնարկեց նաեւ Վենետիկի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքին, որ յառաջիկայ տարի իր քառասնամեակը պիտի բոլորէ, ինչպէս նաեւ` սոյն դասընթացի ծիրին մէջ պատրաստուած «Հայերէն խօսինք» վերնագիրով տեսալսողական դասերիզին: Հուսկ, իր երախտագիտութեան տուրքը ընծայեց նախ` վերին Նախախնամութեան եւ ապա` համալսարանի հեղինակութիւններուն եւ այս բացառիկ օրն ու ՏՕՆԱԳԻՐ-ը պատրաստող նախկին սաներուն եւ գործընկերներուն:
Քանատա
Լաւալի Մէջ Նշուեցաւ Լաւալի Քաղաքապետարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 25-Ամեակը
Կազմակերպութեամբ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբին, 30 մայիսին Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 25-ամեակին նուիրուած յատուկ ընդունելութիւն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արեւիկ Աֆարեան. ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք յիշելու, թէ ինչպէ՛ս 1999 ապրիլին Լաւալի քաղաքապետարանը ցոյց տուաւ, որ ղեկավարութիւնը կաշկանդումներ եւ սահմանափակումներ չի ճանչնար, երբ հարցը կը վերաբերի խիստ վիճելի խնդրի մը, աւելցնելով, որ Լաւալը, որ Քեպեք նահանգի քաղաքներէն մէկն է, ճանաչման առաջամարտիկներէն եղաւ, որ յանգեցուց Քանատայի կողմէ Ցեղասպանութեան ընդունման. Ցեղասպանութիւն, զոր հայ ազգի նախնիները ապրած են: Այս ճանաչումը, սակայն, քաղաքական կարեւորութենէն ալ անդին, մարդկութեան պատմութեան կը վերաբերի, եւ որ իրականացաւ Հայ դատի յանձնախումբին եւ քաղաքապետարանի այն անդամներուն ճիգերով, որոնք ամուր կառչած են մարդկային սկզբունքներուն:
ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան նախ անդրադարձաւ Լաւալի մէջ հայ համայնքին ունեցած բազմերես ներդրումին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Լաւալի քաղաքապետութեան` 1999 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առթիւ, ինչպէս նաեւ` Արցախի հարցով ընդունուած բոլոր բանաձեւերուն, յայտարարութիւններուն եւ որոշումներուն համար: Ան շեշտեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ առաւել եւս կարիքը ունինք իրենց աջակցութեան, որ մեծապէս կ’արժեւորուի մեր կողմէ:
Հայ դատի Լաւալի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ Հերակ Հերկելեան, որ հաստատեց, թէ Լաւալի քաղաքապետութիւնը 6 ապրիլ 1999-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը եւ այս արարքով ցոյց տուաւ իր անհերքելի հաւատարմութիւնը արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ան զարմանքով յայտնեց, որ մենք տակաւին կը խօսինք այս ցաւալի անցեալին մասին, որովհետեւ մինչեւ օրս կանգնած ենք բառացիօրէն մեր ժողովուրդի բնաջնջման սպառնալիքին դէմ յանդիման: Թուրքիան մնալով անպատիժ` կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, եւ իր այս անպատժելիութիւնը թոյլ կու տայ, որ տեղի ունենան նոր ցեղասպանութիւններ եւ կրկին մնան անպատիժ: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Լաւալի քաղաքապետութեան` հայ համայնքին հանդէպ իր անվերապահ աջակցութեան համար:
Լաւալի քաղաքապետ Սթեֆան Պուայիէ իր ուրախութիւնը յայտնեց Լաւալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 25-ամեակին նուիրուած այս նախաձեռնութեան իր ներկայութեան առիթով եւ ըսաւ, որ Լաւալը Քեպեքի երկրորդ ամենամեծ քաղաքն է, ուր մենք կ’ողջունենք ներգաղթեալ ընտանիքներ, որոնցմէ եղած են հայ ընտանիքները տարիներէ ի վեր, եւ որոնք մեծապէս կը նպաստեն քաղաքի բարելաւման: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին, որ տեղադրուած է Լաւալի մէջ, եւ հաստատեց, որ պիտի շարունակեն համագործակցիլ, որպէսզի երիտասարդները եւ քաղաքացիները զգան ապահով եւ ունենան բոլոր հնարաւորութիւնները` զբաղելու իրենց նախասիրութիւններով: Քաղաքապետը նաեւ յայտարարեց, որ Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով ծրագրած է Հայոց ցեղասպանութեան Լաւալի յուշարձանը տեղափոխել աւելի ակնառու հրապարակ մը:
Աւարտին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչին եւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետին ձեռամբ քաղաքապետին յանձնուեցաւ գեղանկարիչ Կարպիս Թերզեանի գործերէն հայկական արուեստի գեղանկար մը: