ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Մանկութեանս օրերուն այցելութեան նախասիրած վայրերէս մէկը դպրեվանքն էր: Հայրս, աշխատանքային առնչուածութեամբ, բայց` հոգիի եւ էութեան ամբողջական կապուածութեամբ, իր ազատ ժամերն ու արձակուրդի օրերը նոյնիսկ կը նախընտրէր դպրեվանքին մէջ անցընել: Շաբթուան բոլոր օրերու դասաւանդումէն ետք, շաբաթավերջին` շաբաթ առաւօտներն ու կիրակի յետմիջօրէները, դպրեվանք այցելութեան իր ժամերն էին. եւ ես` փոքր տարիքէս անքակտելիօրէն հօրս կապուած, իւրաքանչիւր յարմար առիթի իրեն հետ դպրեվանք կը բարձրանայի:
Մանուկ ուղեղիս եւ տակաւին միամիտ տրամաբանութեանս համար Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը դրախտավայր էր. ի վերջոյ` անիկա ամէ՛ն բան ունէր իրաւամբ դրախտ կոչուելու` կանաչազարդ բնութիւն, խաղողի այգիներ, լուռ ու հանդարտ մթնոլորտ, մաքուր օդ, եկեղեցի ու անդադրում աղօթք, խունկի հոտ, մոմի լոյս, հիասքանչ տեսարան, բարի մարդիկ, կարգապահ առօրեայ, համով խնձոր…
Աւելի ուշ, դպրոցական տարիներուս, երբ ծանօթացայ Մեծարենցի «Կիրակամուտք»-ին, պատանի ուղեղիս համար անվարանօրէն յստակ էր եւ անառարկելի, թէ բանաստեղծը անկարելի էր, որ այդ տողերը Ս. Աստուածածին մատուռէն տարբեր այլ եկեղեցւոյ մը մասին գրած ըլլար: Այս մտածումս եւ համոզումս նոյնիսկ համարձակած էի արտայայտել հայոց լեզուի ուսուցիչիս` արժանանալով անոր կուշտ ու կուռ խնդուքին:
Դպրեվանքի այգին յարկ-յարկ դասաւորուած էր. անոր ծակն ու ծուկը գիտէի, հոնկէ մարգարտածաղիկ եւ վայրի կակաչ կը քաղէի ու փունջ կը կազմէի: Բակին մէջ հեծանիւ կը քշէի, երբեմն տղոց գնդակի եւ աչքխփուկի խաղերուն կը մասնակցէի:
Դասարաններու յարկը լաւ կը ճանչնայի. արձակուրդի օրերուն պարապ դասարաններու ազատ գրատախտակները իմ «ուսուցիչ-աշակերտ» խաղիս թատերաբեմը կը հանդիսանային, ուր պարապ աթոռներուն վրայ աշակերտներ երեւակայելով` երկա՜ր ժամեր «դաս» կը բացատրէի. այդ օրերուն ամբողջովին անգիտակ էի, որ այդ մէկը ինծի համար պատուաբեր իրականութիւն պիտի դառնար ապագային, երբ դպրեվանքի ուսուցիչ դառնալու պատիւն ու պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէի:
Դպրեվանեան կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէր ռուպի պատրաստութեան շաբաթը, որուն իւրաքանչիւր օրը քէֆ էր ինծի համար: Այդ շաբթուան ընթացքին, ի տարբերութիւն այլ այցելութիւններու, կարելի էր ամէ՛ն օր դպրեվանք բարձրանալ, նոյնի՛սկ գիշերը ու հոն մնալ մինչեւ ուշ ժամեր: Հօրս խանդավառութիւնը այս առիթով նման էր բոլոր ռուպ պատրաստողներուն տրամադրութեան, ուրախութեան նոյն կշռոյթով, կատակներու եւ երգերու տեղատարափով, աշխատանքի բծախնդիր ընթացքով ռուպի տարեկան պաշարը կը պատրաստուէր:
Աշակերտներ, հսկիչներ, տեսուչներ, միաբաններ եւ կաթողիկոս` ռուպի արարողութեան մասնակից էին եւ անոր պատրաստութեան գործին լծակից: Ամէն անգամ ալ ռուպը համտեսելը եւ դափնիի տերեւով «փրփուր»-ը ճաշակելը կը վերածուէին հաճելի ծէսի մը, որուն հաւատարիմ դիտարկողն էի` մի՛շտ նոյն հետաքրքրութեամբ:
Իսկ պատրաստուած ռուպն ալ առատօրէն կը բաժնուէր բոլորին. անիկա մեր տան ամէնօրեայ հացի սեղանին անբաժան մէկ մասնիկն էր եւ երբեմն հօրս նախաճաշի կամ ընթրիքի միակ ուտելիքը, ճի՛շդ դպրեվանքի իր աշակերտութեան օրերուն նման, որոնց մասին այնքա՜ն երախտագիտութեամբ, հաւատարմութեամբ, սիրով եւ ակնածանքով պատմեր էր միշտ:
Ներկայիս ռուպի պատրաստութիւնը համեմատաբար աւելի հեշտ դարձած է. խաղողը աղացող մեքենան փոխարինած է ոտքի ճզմող հարուածներու գործը: Բայց դպրեվանքին մէջ ռուպի պատրաստութեան թէ այլ ժամանակներու ընթացքին սրտերն ու հոգիները երբեք չեն մեքենայականացած:
Գործիքները, մեթոտները տարբեր են` ժամանակակից եւ նորարար, բայց ոգին ու մթնոլորտը` նո՛յնը, անփոփոխ: Տարիներ անցած են այդ օրերէն, շատ մարդ ու շատ բան անվերադարձ մեկնած են արդէն. բայց դպրեվանքը տակաւի՛ն կանգուն է ու գործուն: Ս. Աստուածածին վանքը տակաւի՛ն դրախտավայր է. դպրեվանքի պատերէն արձագանգող աղօթքն ու հոն կազմաւորուող մթնոլորտը տակաւի՛ն տարածուն են բոլորիս վրայ. եկեղեցին ու ազգը իբրեւ բարձրագոյն արժէքներ դաւանող սկզբունքները տակաւի՛ն իշխող են եւ առաջնորդող:
Օրին, պատասխանելով հարցումիս` թէ ի՞նչ է ռուպը, հայրս ըսեր էր, որ այգիին բարիքը` խաղողի բերքն է, խաղողին բարիքը` ռուպը, իսկ փրփուրը` ռուպին համով ըլլալու փաստը: Իսկ հիմա, հօրս տուած բացատրութեան համահունչ, կարելի է անվարանօրէն հաստատել, որ մեր ժողովուրդի կեանքի անփոխարինելի բարիքներէն մէկը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է, անոր բարիքներէն մեծագոյնը` դպրեվանքը, իսկ անոր գործին ապացոյցը` կիրթ ու ազնիւ աշխատանքի խանդով տոգորուած, հոգեմտաւոր առաքելութեամբ փրփրացող հոգիներով դպրեվանեցիները. այլ խօսքով` մեր հաւաքական կեանքը քաղցրացնող դպրեվանքի «ռուպ»-ը: