Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրը Նոր, Ապազգային Գաղափարը Նոր

Յունիս 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նախորդ շաբաթավերջին Հանքաւանի մէջ տեղի ունեցած է Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան քաղաքական ժողովը: Այս կուսակցութեան պարբերական ժողովները առիթ կը հանդիսանան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար յստակացնելու օրակարգային հարցերը եւ կուսակիցներուն փոխանցելու զանոնք: Սրբազան շարժման մասին Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ վտանգը շրջանցուած է ու անխափան կարելի է շարունակել Հայաստանին ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն խոստացող քաղաքական գիծը: Պարզ է. ցոյցը ցրուելու համար ոստիկանութեան գործադրած բիրտ միջոցները ոչ միայն բնական ու ճիշդ համարուեցան իշխանութիւններուն կողմէ, այլեւ լռութեամբ ողջունուեցան եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Ուաշինկթընը նոյնիսկ հարցականի տակ առաւ արցախցիներու բռնի տեղահանութիւնը, յայտարարելով, որ կը քննուի կամաւոր թէ պարտադրուած տեղափոխութիւնը…

Վերադառնանք Հանքաւանի ժողովին: Զանազան նիւթերու մէջէն ընտրութիւն կատարելով, կ՛ուզենք անդրադառնալ անոնցմէ երկուքին:

Առաջինը կը վերաբերի սփիւռքին, աւելի ճիշդ` սփիւռքահայութեան: Սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը Հայաստանի հասարակական կեանքին Նիկոլ Փաշինեանի համար օտար քաղաքացիութիւն ունեցողներու միջամտութիւն է անկախ ու ինքնիշխան այլ պետութեան մը գործերուն: Ուրեմն սփիւռքահայերը իրաւունք չունին զբաղուելու հայաստանեան քաղաքական կեանքով: Փոխադարձաբար, Հայաստանն ալ չի կրնար տեսակէտ ունենալ սփիւռքի գաղութներու ներքին կեանքին վերաբերեալ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող հարցերու անդրադառնալ, ինչ որ թոյլատրելի չէ: Այսպէս ուրեմն, սփիւռքահայերս կը վերադառնանք խորհրդային տարիներու զբօսաշրջիկի կարգավիճակին: Հայրենիք, պետութիւն, Հայաստան հասկացողութիւնները կը վերաբերին միմիայն 29800 քառ. քմ տարածքին եւ այդ տարածքին վրայ ապրող շուրջ երեք միլիոն (թերեւս ալ` նուազ) քաղաքացիներուն:

Յաջորդ նիւթը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած նոյն քաղաքացիներու ձգտումներուն: Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ Հայաստանի քաղաքացիներու ստուար մեծամասնութիւնը իշխանութեան կը յանձնարարէ վարելու խաղաղութեան քաղաքականութիւնը: Թէ ինչպէ՞ս գիտէ այս իրողութիւնը Հայաստանի վարչապետը, անորոշ է: Իր իսկ կողմէ բանաձեւուած եւ արեւմտեան պետութիւններու կողմէ յանձնարարուած քաղաքական այս վարդապետութիւնը Փաշինեան կը ներկայացնէ իբրեւ յանձնարարութիւն ժողովուրդին կողմէ: Ժողովուրդը կ՛ուզէ ազատ, բարեկեցիկ ու խաղաղ ապրիլ այն հողակտորին վրայ, որ պատմութենէն մեզի ժառանգուած է իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Արցախը Ազրպէյճան է, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը…. Արեւելեան Թուրքիա: Ցեղասպանութեան ճանաչում, Հայ դատ, կորսուած հայրենիքի երազանք եղած են խանգարիչ գաղափարներ, որոնք արգելք հանդիսացած են կեդրոնանալու իրական Հայաստանի վրայ եւ այնտեղ կառուցելու անվտանգ ու երջանիկ դրախտային Հայաստանը:

Գետնի վրայ իրողութիւնները տարբեր են: Հայաստանի քաղաքացիները, առնուազն կարեւոր թիւ մը այդ քաղաքացիներէն, այլեւս չեն հաւատար սուտի եւ կեղծիքի վրայ հիմնուած քաղաքականութեան: Նախկիններուն նկատմամբ վերապահութիւնները կը յամենան տակաւին, սակայն նուազած տարողութիւն ունին: Այդ կեղծ տարբերակումը, որ հիմնուած էր որոշ չափով իրական տուեալներու վրայ, պառակտեց քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ տկարացուց Հայաստանը: Այժմ, պառակտումի նոր պատճառ կայ: Արդարացի պատճառներէ յառաջ եկած հակառուսական տրամադրութիւնները այժմ ամէն բանի համար գործիքի վերածուած են: Ընդդիմադիր ամէն դրսեւորում, նոյնիսկ Սրբազան շարժումը, կը վերագրուի ռուսական միջամտութեան: Փաստեր ներկայացնելու կարիք ալ չկայ, նոյնիսկ Ռուսիոյ հետ զգուշաւոր յարաբերութիւն պահելու առաջադրանքը կը թարգմանուի ռուսասիրութեամբ, Ռուսիոյ հպատակելու տրամադրութեամբ: Գտնուած է ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման առաջնորդող նոր ուղի մը, որ համարկումն է քաղաքակիրթ Եւրոպային, անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան: Գաղափարը խոստմնալից է, սակայն Եւրոպական Միութենէն որեւէ քաջալերանքի չի հանդիպիր:

Եւրոպական Միութիւնը 27 երկիրներու բարդ կառոյց է, որուն խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները ցոյց տուին ծայրայեղ աջի նշանակալի յառաջդիմութեան: Եւրոպական Միութիւնը ներքին տագնապի գօտիի վերածուելու նշաններ ցոյց կու տայ: Հայաստան անդամութեան թեկնածու դառնալու համար երկար ճամբայ ունի կտրելիք, եթէ երբեք հասնի անոր: Իսկ անդամութեան մասին խօսիլն իսկ անիմաստ է, ափսոս, հազար ափսոս:

Արտախորհրդարանական չորս կուսակցութիւններ ներկայացուցած են առաջարկ շուտափոյթ կազմակերպելու հանրաքուէ մը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նպատակով: Չորս կուսակցութիւններն ալ իշխանութիւններու կողմնակից փոքր խմբաւորումներ են. իրենց այս քայլը հաւանաբար իշխանութիւններուն թելադրանքով կը կատարեն եւ կը քաջալերուին իշխանութիւններուն կողմէ: Նպատակը յայտնի է եւ փորձուած: Ամէն անգամ որ իշխանութիւնները հանրութեան կողմէ դժուար մարսուող երեւոյթի մը առջեւ կը գտնուին, կը դիմեն ուշադրութիւնը շեղող հնարքի մը: Սուտի եւ կեղծիքի դէմ, հանրային հաշտութեան եւ ազգային նպատակներու շուրջ համախմբումի առաջնորդող Սրբազան շարժումին թումբ կանգնելու նպատակով, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ցանկալի, բայց անիրականանալի նպատակի մը շուրջ հանրային քննարկում եւ… հանրաքուէ:

Տակաւին շատ հեռու ենք իսկապէս ժողովրդավար քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու առաջադրանքէն:

 

 

Նախորդը

Դպրեվանքի «Ռուպ»-ը. Դպրեվանքի 94-րդ Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Փակման Առիթով

Յաջորդը

Միքայէլ Կուրճեանի «Ամերիկացի» Ժապաւէնը Պիտի Ներկայացուի Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?