Մայիսը անցաւ, հասաւ յունիսը: Կրթական ճնշիչ տարեշրջանը պիտի փակէ իր վարագոյրը:
Այս օրերուն գրեթէ բոլոր ուսուցիչները ամառնային աշխատանք պատրաստելու հեւքի մէջ են :
Ես` 36 տարուան ուսուցչուհիս, 36 տարիէ կը փորձեմ հասկնալ ամառնային աշխատանքին բարիքները, կը փորձեմ ըմբռնել անոնց օգտաշատութիւնը եւ կը կարծեմ, որ դեռ երկար տարիներ պիտի որոնեմ իմ փնտռածս:
Մենք` ուսուցիչներս, կա՛մ տասնեակ էջեր վարժութիւններ կը պատրաստենք, կա՛մ պատրաստ վարժութիւններ ձեռք կը ձգենք եւ կա՛մ ալ քանի մը գիրքի վերնագիր կը ճշդենք ու կը պարտադրենք աշակերտներուն.
« Ամրան արձակուրդին կատարել հետեւեալ աշխատանքները…»:
Եւ դեռ երբեմն կը գործածենք գեհենային հրդեհածին համեմ մը , որ կը վիժեցնէ աշակերտին արձակուրդը.« Վերամուտին այս աշխատանքին շուրջ ստուգում ունիք, եւ այդ ստուգումին նիշը պիտի ըլլայ ձեր նոր տարեշրջանի առաջին գնահատականը»:
Բայց, սերունդները վկայ, ամառնային աշխատանքը (բոլոր նիւթերը մէկտեղուած` կրնան թեւակոխել 70 էջն ու 4-էն 5 գիրքը) ո՛չ վերաքաղ է, ո՛չ ալ զբաղում: Ամառնային աշխատանքը սատանայածին այն քառաժանին է, որ կը սահի ու անշշուկ մուտք կը գործէ տուներէն ներս` աշակերտին արձակուրդը մղձաւանջի ու տագնապի վերածելու եւ անոր անմեղունակ հոգեկան աշխարհը ամբողջ ամառ մը տակնուվրայ ընելու համար: Ամառը ընտանեկան յարկի մը տակ ի՞նչ կայ աւելի խռովարար նիւթ, քան` ամառնային աշխատանքը…
***
Վերամուտը կը մօտենայ : Ծնողքին պարտադրանքով, երբեմն ծեծ ու պոռչտուքով, երբեմն ալ նո՛յնինքն ծնողքին ձեռագիրով կամ բարձրաձայն ընթերցանութեամբ ամառնային աշխատանքը կը հասնի իր աւարտին ու դպրոցէն ներս կը գտնէ իր արժանավայել տեղը (հասկցողին շա՜տ բարեւ)…
Սիրելի՛ ուսուցիչներ,
Ի՞նչ կ՛ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը, եթէ ամառը տնօրէնութիւնը քանի մը հարիւր էջ սրբագրութիւն տայ մեզի, կամ շաբաթական դրութեամբ մեզ սեմինարներու «հրաւիրէ» լուսաբանելով` եղած-չեղածը շաբաթը մէկ անգամ է, թէ՛ կը զբաղիք, թէ՛ կ՛օգտուիք:
Սիրելի՛ կրթական մշակներ, համադրողներ, տնօրէննե՛ր,
Կ՛առաջարկեմ գիրքերու երկար ու այլազան ցանկ մը տալ աշակերտին, որպէսզի վերջինս զինք հետաքրքրող նիւթեր ընտրէ ու կարդայ: Չ՛ո՞ւզեր, թող չկարդայ: Ամառնային աշխատա՞նք պիտի տանք: Տանք, բայց չպահանջենք:
Պարտադրուած աշխատանքը արդիւնք չ՛ապահովեր, բոլորս գիտենք: Ծնողներէն ալ խնդրենք, որ հանգիստ ձգեն իրենց զաւակները: Աշակերտները, թերեւս, մեզմէ աւելի պէտք ունին հանգիստի: Աշակերտները ձգենք ազատ, թող թռչկոտին, խաղան, հոգեկան թեթեւութիւն եւ ուրախութիւն ապրին: Ազատ ընթերցանութեան հաճոյքը վայելելու առիթը ընձեռենք իրենց: Երկար հանգիստէ ետք անոնք սիրով ու կարօտով թող վերադառնան իրենց կրթական օճախները: Վերամուտի առաջին տասը-տասնհինգ օրուան ընդհանուր վերաքաղը (որ արդէն բոլորս կ՛ընենք) կը թարմացնէ աշակերտին յիշողութիւնը եւ կը պատրաստէ զայն նոր տարեշրջանի կրթական մարտահրաւէրին :
Վստահինք մեր աշակերտներուն: Հանգիստ ամառ մը ապրելու արդար իրաւունքը տանք իրենց:
Խաղաղ եւ բարի արձակուրդ բոլորիս: