ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Երկար տարիներ հայրենիքէն հեռու մնալը եւ միեւնոյն ատեն մեր ինքնութիւնը պահպանելն ու օտարամոլութեան դէմ դնելը դիւրին չեն: Ահա այսօր անցած է 109 տարի Հայոց ցեղասպանութենէն: Իբրեւ սփիւռքահայեր, հակառակ մեր դիմագրաւուած բոլոր խոչընդոտներուն, մենք յաջողեցանք մնալ ՀԱՅ:
Ողջոյնի խօսքս պիտի ուղղեմ բոլոր հայ միութենականներուն, հայկական վարժարաններ յաճախածներուն, կամ բոլոր հայերուն, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին առիթը ունեցան կամ ստեղծեցին սորվելու հայոց լեզուն, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, այո՛, մենք այդպիսով մնացինք ՀԱՅ: Սակայն անդին կան հայեր, որոնք նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ՀԱՅ. ասոնք այն հայերն են, որոնք մանկութենէն իրենց ծնողներուն հետ կը խօսին օտար լեզուներով: Ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն արաբական դպրոցներ` «փրեսթիժ»-ի համար:
Այսօր հայութեան իրավիճակը չափազանց մտահոգիչ է: Կան «հայեր», որոնք միմիայն արեամբ կամ մականունով հայ են: Իսկ խորքին մէջ անոնք անհաւատարիմ են իրենց արմատներուն ու ինքնութեան, ուրացած` մեր սուրբ Դատն ու պայքարը: Անոնք զիջած են իրենց պապենական իրաւունքներէն ու դարձած` թուրքին եւ կարգ մը թրքացած հայերուն խամաճիկները: Ցաւալի չէ՞, որ հայութիւնն ու հայկական արժէքները մոռացութեան տալու աշխատանք տանողներուն պատճառով մեծ թիւով սփիւռքահայեր արդէն իսկ կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը: Ցաւալի չէ՞, որ, հակառակ սերունդներու դարաւոր աշխատանքին, օտարամոլութիւնն ու ձուլումը երկար ժամանակէ ի վեր մուտք գործած են մեր ազգին մէջ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք մեր ձեռքերով քանդել մեր ինքնութիւնը:
Իբրեւ լիբանանահայեր` մեր պարտականութիւնն է մեր գոյութիւնը հաստատել Լիբանանի մէջ` դրոշմելու համար մեր ինքնութիւնը: Պէտք չէ բաւարարուիլ հայութեան մէջ, քարոզչական գործեր կատարելով, այլ պէտք է այս սուրբ գործը տարածել լիբանանեան ընկերութեան մէջ, լիբանանցիներուն մէջ` անոնց ծանօթացնելով ու բացատրելով մեզի Դատը: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է մեզի հետ կրել մեր անցեալն ու պատմութիւնը եւ սորվիլ անցեալի սխալներէն` զանոնք չկրկնելու համար: Իւրաքանչիւրս իր ասպարէզը պէտք է օգտագործէ իբրեւ միջոց` մեր ձայնը լսելի դարձնելու համար:
Դժբախտաբար բաւակա՜ն ուշացանք օտարամոլութեան դէմ դնելու, սակայն տակաւին կարելիութիւնը ունինք շարժելու: Գուցէ ասիկա մեր վերջին առիթը ըլլայ:
Երբ հասկնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ՀԱՅ, իսկակա՛ն ՀԱՅ, ու հաւատանք սոյն գաղափարին, ապա ո՛չ մէկ բան կրնայ վտանգել մեր ինքնութիւնը: