ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայ դատի հետապնդումին եւ սփիւռքահայերը իրենց արմատներուն եւ բնօրրանին հետ պորտակապով կապելու հետեւողական, հաստատ ու ներդաշնակ առաջադրանքին հաւատարիմ` ընտանեկան ծառի կարեւորութեան մասին անդրադարձած էի «Սփիւռքի տարի» յօդուածաշարքիս մէջ, վերջինը` ակնարկ. «Ազդակ»-ի 67-րդ առցանց լսարանին առիթով «Սփիւռքի քաղաքական գործօնի վերաիմաստաւորման հրամայականը»: (https://www.aztagdaily.com/archives/615379)
Երկիր ծնած եւ գաղթական դարձած հօրս սերունդին յաջորդեց սփիւռքի մէջ ծնած առաջին սերունդը` իմ սերունդս, եւ` ինձմէ շուրջ 25 տարի աւելի մեծերը: Հօրս սերունդը, երկրին մէջ նահապետական, ընտանեկան տոհմային շրջապատով եւ համախմբուած, աւելի ընդարձակ գերդաստանով, մեծ-մեծ հայրէն եւ մեծ-մեծ մայրէն սկսեալ, երբեմն մինչեւ հարիւրաւոր զարմիկներով եւ հարազատներով ապրած են քով-քովի: Հօրենական մեծ մօրս ընտանիքը ամբողջ գիւղի մը տէր եղած է: Իմ պարագայիս, երկու հօրեղբայրէ, վեց հօրաքոյրէ եւ մէկ մօրաքոյրէ 42 առաջին զարմիկներ ունեցած եմ, սակայն թուրքին ցեղասպանութեան պատճառով, ոչ համախմբուած, իրարմէ հեռու, տարբեր երկիրներու մէջ ցրուած, եւ ոմանց բնաւ չեմ ալ տեսած (1), (2), (3):
Հօրեղբօրորդիս` Սեզար Յակոբ Չէքիճեանը, 1946-2021, Նիւ Ճըրզի մահացած, ազգաբանութեամբ հետաքրքրուած էր ու մեր ընտանիքին ազգագրական ծառը պատրաստած էր եւ բոլորիս հետ կապ կը պահէր: Ան իր ծինային քննութիւնն ալ կատարած էր եւ այլոց կողքին` Կիւզելիմեան ընտանիքին հետ մեր ընտանեկան կապը յայտնաբերած: Միւս կողմէ` Վահէ Կիւզելիմեան նոյնպէս իր ընտանիքին ազգագրական ծառը պատրաստած է եւ ծինային քննութեան ենթարկուելով` յայտնաբերած է մեր ընտանիքին հետ կապը (4):
Ընտանեկան ծառի պատրաստութիւնը կը սկսի յիշողութենէն, ապա` եկեղեցական մեր տոմարներէն եւ պետական արխիւներէն: Սփիւռքահայերուն բոլոր ընտանեկան ծառերը կը գտնուին օսմանեան եւ թրքական արխիւներուն մէջ, որ պէտք է հասանելի ըլլայ:
Միւս կողմէ` կ՛արժէ նշել 1920-ական տարիներուն պատրաստուած արժէքաւոր յուշամատեանները, որոնք հայրենակցական միութեան վարչութեան յանձնախումբը վաւերացուցած է: Անոնք բծախնդրութեամբ պատրաստուած կոթողային շուրջ 8-9 հարիւր մեծադիր էջ, կարգ մը քաղաքներու պարագային` երկու հատոր, նկարներով եւ անուններով լեցուն աշխատասիրութիւններ են, երբ տակաւին իրենց յիշողութիւնները թարմ էին: Օրինակ, երկու տարբեր քաղաքներու գիրքերուն մէջ գտայ երկու մեծ հայրերուս անունները եւ նաեւ մէկուն նկարը` խմբանկարի մը մէջ:
Ամէն սփիւռքահայ իր ընտանեկան արմատը կրնայ գտնել այնտեղ, եւ պէտք է կարդայ իր մեծ հայրերուն բնակավայրին, գեղեցիկ բնութեան, գետերուն, աղբիւրներուն, պարարտ հողին, աւանդութիւններուն եւ հետաքրքրական այլ տուեալներու մասին: Իբրեւ աղբիւր` այս պատմական ազգագրական գիրքերուն անուանացանկերէն կրնան օգտուիլ նաեւ ազգագրական ծառի կազմուելիք հիմնարկը եւ անհատներ:
Այս յօդուածին առիթով կապուեցայ ամերիկաբնակ Վահէին հետ, որ յայտնեց, թէ բարեկամութիւն մշակած էր Սեզար զարմիկիս հետ: Տրուած ըլլալով, որ Վահէին պատրաստած «ծառը» աւելի կատարելագործուած ու այժմէական է, եւ` համացանցով հրապարակուած, այս յօդուածով գործնական օրինակներով պիտի ներկայացնեմ համակարգչային ընտանեկան իր պատրաստած ծառը եւ անոր գործածութիւնը, առաջարկելով, որ ամէն գերդաստան, ընտանիք իր ընտանեկան ծառը ունենայ:
Ի՞նչ է ծինային համապատասխանութիւնը, DNA match:
Առանց գիտական մանրամասնութեան մէջ մտնելու, ծինային համապատասխանեցումը, անձի մը ծիներուն կազմութեան յաջորդականութեան եւ ծինային տուեալներու համաշխարհային շտեմարանին մէջ` այլ մարդոց ծիներուն հետ համեմատելու, բաղդատելու միջոցն է: Երբ շտեմարանին մէջ կը յայտնաբերուի զգալի քանակութեամբ նոյն ծինային յատկութիւններով անձ մը, կը նշանակէ, որ երկուքը նոյն նախահայրէն սերած են:
Ծինային քննութիւնները 1986-էն սկսեալ միայն ոստիկանական հետախուզութեան կը ծառայէին: 2000-էն սկսեալ հանրային` անձնական ծինային քննութիւնները սկսան, եւ մարդիկ, հայեր ալ, իրենց ծագումին, ազգային պատկանելիութեան մասին տեղեկութիւն ունեցան: Հայկական ծինային ծրագիրը` The Armenian Genome Project, ցարդ 5070 հայերու ծինային քննութիւն կատարած է (5): Ընդհանրապէս հայերուն մեծամասնութիւնը R1b1a2a, շուրջ 8000 տարեկան ծինային լայն խմբաւորումին կը պատկանի: Կան զանազան այլ ձեռնարկներ եւս, օրինակ` Ancestry.com.-ը, որ վճարովի անձի մը ծագումը, ընտանեկան ծառը կը յայտնաբերէ:
Վահէ Կիւզելիմեանին կայքէջէն կը մէջբերեմ. «Այս մեր ընտանեկան ծառին 33-րդ գլխաւոր սրբագրութիւնն է: «Ծառ»-ին ամենահին նախահայրը 1680-ական թուականէն է, եւ այժմ յայտնաբերած ենք 8 սերունդներ, աւելի քան` 6000 անձեր: Երկար պրպտումներէ ետք, ներառեալ` ծինային DNA ապացոյցներ, համոզուած եմ, որ Չէքիճեան գերդաստանը մեր ընտանիքին կապած է Ներսէս Դանիէլեանը, որ 1788-ին ծնած է Կեսարիոյ մէջ: Այս մէկը հարիւրաւոր նոր ազգականներ աւելցուցած է մեր ընտանեկան ծառին: Նմանապէս` Քիւրքճեան ընտանիքին հետ ալ կապեր գտած եւ տասնեակներով նոր զարմիկներ յայտնաբերած»:
Ահա «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն համար հետաքրքրական յայտնաբերում մը. օգտուելով Վահէին պատրաստած ընտանեկան ծառէն, կարելի եղաւ գտնել հօրս յուշերէն` Վեհանուշ խանումը եւ իր նկարը, որուն մասին գրած էի «Ազդակ»-ի 24 ապրիլ 2023-ի բացառիկին մէջ. «Ցեղասպան թուրքը եւ Թուրքիան պիտի հատուցեն մեր ամէն մէկ կաթիլ արիւնը եւ ամէն մէկ սանթիմ հողը. Վեհանուշ խանումը, Թիրօ քեմփը, հայրս եւ բժիշկը 1939-ին» (6): Հայրս կը նշէ, որ Վեհանուշին հետ խնամիական կապ ալ ունէինք` «Իր ամուսնոյն եղբայրը հօրեղբօրս աղջկան ամուսինն էր»: Եւ իսկոյն` ի՜նչ հրաշք: Կիւզելիմեան կայքէջը բացի եւ Վեհանուշ անունը փնտռեցի եւ ահա գտայ Վեհանուշ Չաքըճեանը, ամուսինը` Կարապետ Թիւթիւնճեան, ուրեմն Կարապետին եղբօր կինը Չէքիճեան պէտք էր ըլլար: Այդպէս ալ գտայ հօրս զարմիկը` Պեհիյէ Չէքիճեանը, որուն ամուսինն էր Աւետիս Թիւթիւնճեանը` Կարապետին եղբայրը:
Տրուած ըլլալով, որ Կիւզելիմեան կամ Չէքիճեան հիմնական ժառանգորդները զանազան մականունով, նաեւ ոչ հայ կիներ եւ ամուսիններ ունեցած են, կ՛արժէ, որ այս տողերը ընթերցողը փորձէ իր մականունը փնտռել https://guzelimiantree.com/ կայքէջը բանալով եւ էջին վերը` մականուններ, surnames զատելով, որ պիտի բանայ անգլերէնով շարուած մականուններու էջերը, ուր զատելով ձեր, կամ ոեւէ մէկուն մականունը` կը սկսիք «նաւարկել» ազգականներու փաղանգին մէջ, եթէ անշուշտ խնամիական կապ մը կայ կայքէջին մէջ նշուած անունի մը հետ: Եթէ կապ մը գտնէք, լաւ կ՛ըլլայ, որ տեղեակ պահէք Վահէն vaheguzelimian@gmail.com, որ ամբողջացնէ ձեր յայտնաբերած անուն(ներ)-ը իր-ձեր ընտանեկան ծառին մէջ:
Ահաւասիկ Վահէն 6 հազարէ աւելի ապրող եւ մահացած անձերու իրարու հետ ազգականական-խնամիական կապը յայտնաբերած է, անոնց ծննդավայրերն ու ծննդեան-մահուան թուականները, տքնաջան աշխատանքով եւ նուիրումով ու հետապնդումով, հարկ եղած պարագային, անոնց շառաւիղներուն հետ կապ պահելով եւ ազգագրական տեղեկութիւններու շտեմարանը ամբողջացուցած նաեւ, կարելիութեան սահմաններու մէջ անոնց նկարը ապահոված: Բծախնդիր եւ մանրակրկիտ, գովելի աշխատանք կատարած է` սատարելով Հայ դատին:
Իմ ընտանեկան ծառս պրպտելէ ետք, իբրեւ իմ կողմէս փորձ, Գանտահարեան մականունը զատեցի, որուն տակի 11 անուններէն Գէորգ զատեցի եւ ահա յայտնուեցաւ 1915-ին Այնթապ ծնած եւ 1948-ին Երեւանի մէջ մահացած Գէորգին էջը` իր լուսանկարով: Երբ նոյն էջին վերը Գէորգին հօր` Յարութիւնին անունը զատեցի, ահա յայտնուեցաւ ծնողքին էջը, ուր Գէորգին մայրը` լուսանկարով Նեկտար Չէքիճեանն է, 1894-ին Այնթապ ծնած եւ 1966-ին Երեւան մահացած մեծ հօրս երեք եղբայրներէն` Յակոբին դուստրը, ուր նշուած են նաեւ միւս երկու զաւակները` 1925-ին Պէյրութ ծնած եւ 1992-ին Երեւանի մէջ մահացած Մարին եւ 1929-ին Պէյրութ ծնած եւ 2002-ին Երեւան մահացած Յակոբը:
«Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ Ճորճ Աղճայեան 2018-ին երկու մասով յօդուած գրած է «Հետազօտէ հայկական արմատներդ – ի՛նչ պէտք է գիտնաս» «Research Your Armenian Roots-What You Need to Know» (7), (8), որ ընտանեկան ծառ կազմելու ուղեցոյց մըն է:
Առանց իմ կողմէս որեւէ արժեւորում կամ փորձ կատարելու կամ յանձնարարելու, «Հայկական ընտանեկան ծառ» որոնելով, համացանցին մէջ հետեւեալ հաստատութիւններն ու ծրագիրները, software, յայտնուեցան: Ա. Armenian Family Tree (9), Բ. How to Fill in Your Armenian Family Tree (10), Գ. Getting Started with Armenian Genealogy – Research Your Armenian Heritage (11) տեսանիւթ, Դ. Armenia family history research page (12), եւ այլն: Իսկ այլապէս, ընդհանուրին համար մեծ թիւով ձրի եւ վճարովի համացանցով մատչելի ծրագիրներ կան կը նշեմ ձրիներէն քանի մը հատը. Ա. Ancestris (13), Բ. Gramps (14), Գ. RootsMagic Essentials 9 (15), եւ այլն:
Որքա՛ն շատ հայեր իրենց ընտանեկան ծառը կազմեն, սփիւռքահայութեան միջեւ կապերն ու յարաբերութիւնները կը զարգանան, քանի որ անպայման «ծառերու» միջեւ կապեր պիտի գտնուին, եւ եթէ անոնց ամբողջութիւնը մէկտեղուի մէկ կեդրոնի մէջ, օրինակ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարկին տակ, այն ատեն կը վերածուինք ազգականական կապերով ու ցանցերով միացած սփիւռքի մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ, փոխանակ իր արմատներէն կտրուած, կորսուած ու ամայացած վիճակի մը մէջ զգալու`,գործնապէս կապուած կ՛ըլլայ իր հարազատներուն, տոհմին եւ իր բնօրրանին հետ` հաւաքական պատկանելիութեան մը շօշափելի զգացումով:
6 յունիս 2024
haroutchekijian.wordpress.com
- https://www.aztagdaily.com/archives/549082
- https://www.aztagdaily.com/archives/615379
- https://www.aztagdaily.com/archives/598389
- https://guzelimiantree.com/
- https://www.familytreedna.com/groups/armeniadnaproject/about/project-statistics
- https://www.aztagdaily.com/archives/578910
- https://armenianweekly.com/2018/07/24/research-your-armenian-roots-what-you-need-to-know-part-i/
- https://armenianweekly.com/2018/07/30/research-your-armenian-roots-what-you-need-to-know-part-ii/
- http://www.armenianfamilytree.com/
- https://www.familysearch.org/en/blog/armenian-family-tree-build
- https://www.youtube.com/watch?v=2nFw2QLtnFY
- https://www.ancestry.com/search/places/europe/armenia/
- https://www.ancestris.org/index.html
- https://gramps-project.org/blog/
- https://www.rootsmagic.com/try/