Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատռէ՛ Ինքնախաբէութեան Շապիկդ Եւ Օ՛ն Յառաջ

June 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Գիտէ՞ք, որ այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ կան 10 միլիոն հայեր, որոնցմէ միա՛յն 3 միլիոնը Հայաստանի բնակիչ է, իսկ մնացածը… մնացածը մե՛նք ենք` սփիւռքահայերս, ցրուած  աշխարհի տարբեր անկիւնները, ունինք երկու հայրենիք` մէկն այն է, ուր կ’ապրինք, իսկ միւսը… միւսն այնտեղ է, ուր միշտ կը ձգտի մեր հոգին, միւսը Հայաստանն է:

Այսօր ո՞վ ենք մենք, ո՞վ է սփիւռքահայը: Միթէ բաւարա՞ր է պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալը, հայու հետ շփուիլը, հայերէն խօսիլը, կամ մականունի վերջաւորութեան «եան» մասնիկ ունենալը: Ի հարկէ  ո՛չ…

Այսօրուան սփիւռքահայը… երեւի հայրենասէր է, պատրաստ` իր կեանքը զոհելու հայրենիքի փրկութեան համար, սակայն նոյնքան անհոգ ու անտարբեր` իր հայրենիքին նկատմամբ: Ամբողջական հոգիով ու սրտով կը սիրէ հայրենիքը, իր ազգութիւնը, սակայն միաժամանակ երանի՜ կու տայ որպէս ամերիկացի լոյս աշխարհ եկողներուն: Հայ մշակոյթին հանդէպ անսահման սէր ունեցող մըն է ան, կը հաւատայ, որ հայ մշակոյթը պէտք է ապրի ու գոյատեւէ, սակայն, հակառակ իր այդ համոզումին, օտարինը աւելի հաճելի, աւելի ազդու եւ յաջող կը նկատէ. Կոմիտասը իբրեւ արժէք կ՛ընդունի, սակայն կը նախընտրէ օտար երգիչի մը «գոռում-գոչումը» լսել:

Մենք սխալ ընթացքի մէջ ենք, այս ի՞նչ ամօթալի մտայնութիւններ են, զորս կը տարածենք գաղութին մէջ: Սկսած ենք մեր մտքերուն հագցնել ինքնադրժումի եւ ինքնախաբէութեան շապիկը. եւ ամենացաւալի՞ն` հասած ենք հոն, երբ կը հպարտանանք իր զաւակը հայկական վարժարան ուղարկելու գիտակից ու առողջ ընտրանք կատարած ծնողներով: Կը հմայուինք ակումբ գացող կամ նոյնիսկ հայկական երգեր լսող երիտասարդութեամբ: Իրականութիւնը ըսե՞մ, ասոնք հերոսական արարքներ չեն, ո՛չ ալ հպարտութեան արժանի գերմարդկային ուժեր: Ա՛յս է բնական ու տրամաբանական ընթացքը` պահելու մեր ազգային ինքնութիւնը:

Մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, պէտք է փոխենք մեր այս մտայնութիւնը: Պէտքը չունիք կախարդուելու «իսկական» հայերով, ընդհակառակը, պէտք է «ծուռ աչքով» դիտենք եւ, աւելի՛ն, դաւաճան համարենք բոլոր անոնք, որոնք կ’ուղղուին դէպի օտարամոլութիւն: Ըլլանք «բնական»-ները, այլ ոչ` «երանի՜ տուող»-ները:

Յոյսով եմ, որ օր մը, բոլորս պիտի հասկնանք եւ զգանք հետեւեալը. «Ես սփիւռքի զաւակ եմ, ես չեմ ծնած մայր հայրենիքին մէջ, այլ հայրենիքը ծնած է ի՛մ մէջս»:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (27 Յունիս 2024)

Յաջորդը

Ընդդէմ Ձուլումի Եւ Օտարամոլութեան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.