Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Վարուժ Ներկիզեանի, շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դիմաց հանդէս պիտի գայ «Քատանս» անսամպլը:
«Քատանս» անսամպլը կազմուած է 2004 թուականին, հինգ հայ երաժիշտներու կողմէ, նպատակ ունենալով մեկնաբանել արժանթինցի երաժիշտ Ասթոր Փիացոլլայի ստեղծագործութիւնները: Ժամանակի ընթացքին անսամպլը ընդարձակած է իր կատարումները` ներառելով եւրոպական, ամերիկեան, ռուս եւ հայ դասական ու ժամանակակից երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ, միաժամանակ հարազատ մնալով Փիացոլլայի երաժշտական արուեստին:
Անսամպլի առաջին համերգային շրջագայութիւնը տեղի ունեցած է ապրիլ 2005-ին: Ան ելոյթներ ունեցած է` Արժանթինի, Վրաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (Ապու Տապի, Տուպայ), Եգիպտոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Չինաստանի, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Չեխիոյ, Շուէտի, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է միջազգային փառատօներու:
«Քատանս»-ի «Էքսպրեսիա. հայկական կերպարանափոխումներ» ձայներիզը արժանացած է Լիւքսեմպուրկի «Պիցիկատօ» երաժշտական հանդէսի «Սուփերսոնիք» մրցանակին: 2010 թուականին «Քատանս» երաժշտական կեդրոնը հիմնած է «Երեւանեան թանկօ» միջազգային փառատօնը, որուն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած են «Քատանս»-ի յիշարժան համերգներու շարք մը: 2014 թուականի յունիսին անսամպլը իր մասնակցութիւնը բերած է Թիֆլիսի մէջ կայացած Սայաթ Նովայի 300-ամեակին նուիրուած համերգին, իսկ նոյն տարին յուլիս ամսուն հանդէս եկած է «Հայկական մշակոյթի օրեր»-ուն կայացած երկու համերգներուն` Թել Աւիւի եւ Հայֆայի մէջ: Ասոնց կողքին, անսամպլը հանդէս եկած է բազմաթիւ համերգներով զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ:
2012 եւ 2015 թուականներուն անսամպլի կիթառահար Յակոբ Ջաղացպանեան եւ ջութակահար Վարազդատ Խաչումեան արժանացած են Հայաստանի Հանրապետութեան «Վաստակաւոր արուեստագէտ»-ի կոչումին:
Անսամպլը երկու առիթներով այցելած է Լիբանան եւ արժանացած` լիբանանահայ եւ տեղացի հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին:
«Քատանս» անսամպլի երաժիշտներն են` Յակոբ Ջաղացպանեան` կիթառ, Վարազդատ Խաչումեան` ջութակ, Մերուժան Եկանեան` ձեռնադաշնակ, Սոֆի Միքայէլեան` դաշնամուր, Գուրգէն Ամիրեան` քոնթրապաս:
«Քատանս» անսամպլի եւ ընդհանրապէս այս տարուան համերգին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ անսամպլի հիմնադիրներէն եւ արտադրիչ եւ տնօրէն Նիքա Պապայեանին հետ, որ դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի հետ իրենց կապերը շատ սերտ են եւ վաղեմի: Ան ըսաւ, որ 2000-2009 թուականներուն համագործակցած են լիբանանցի արուեստագէտներուն հետ, մասնակցած են լիբանանցի նշանաւոր արուեստագէտ Ֆէյրուզի բոլոր համերգներուն: Ան բացատրեց, թէ այն նուագախումբը, որ այդ 9 տարուան ընթացքին աշխատած է Ֆէյրուզին հետ, հիմնականին մէջ դասական մասը կազմուած էր Հայաստանի երաժիշտներէ, եւ բոլոր նախագիծերուն խմբավարը եղած է Կարէն Տուրկարեանը, որ ներկայիս Հայաստանի օփերայի թատրոնի գլխաւոր տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավարն է: Պապայեան յայտնեց, որ իրենց կապը Լիբանանի հետ միշտ շատ կարեւոր եղած է, եւ իրենք բախտը ունեցած են աշխատելու ոչ միայն Ֆէյրուզի հետ, այլ նաեւ միաժամանակ պատիւը ունեցած են 2000-2019 թուականներուն աշխատելու Զիատ Ռահպանիի հետ, եւ ապահոված են փառատօներու եւ համերգներու իր մասնակցութիւնը:
Նիքա Պապայեան յայտնեց, որ Ֆէյրուզի երաժշտական ծրագիրներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Քատանս»-ի երաժիշտները 2006 թուականի Տուպայի համերգին, իսկ նախորդ 2000-2006 թուականներուն անսամպլի ձեռնադաշնակ նուագող Մերուժան Եկանեանը մասնակցած է Ֆէյրուզի 12 տարբեր ելոյթներուն` սկսեալ Պէյթէտտինի փառատօնէն մինչեւ Տուպայ, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, եւ այլն, աւելցնելով, որ «Քատանս» անսամպլը եւ ինք մինչեւ օրս կապ ունին Ֆէյրուզին եւ Զիատ Ռահպանիին հետ:
«Քատանս» անսամպլին մասին խօսելով մասնաւորաբար` Պապայեան ըսաւ, որ երկու անգամ այցելած են Լիբանան, առաջինը` 2007-ին, իսկ երկրորդը` 2008 թուականին, տուած են շարք մը համերգներ Պիպլոսի փառատօնի ծիրին մէջ, իսկ 2008-ին ելոյթ ունեցած են «Ալ Պուսթան» փառատօնի սրահին մէջ: Ան նշեց, թէ ասիկա իրենց երրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, որ, ինչպէս նախորդ անգամներու պարագային, կազմակերպուած է Համազգայինի կողմէ: Այս առիթով ան մեծապէս գնահատեց Համազգայինին հետ իրենց ունեցած կապերը` յոյս յայտնելով, որ այդ համագործակցութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ:
Անդրադառնալով այս տարուան ելոյթին` Պապայեան նկատել տուաւ, որ տեղի պիտի ունենայ 21 սեպտեմբերին, միայն մէկ անգամ եւ յոյս յայտնեց, որ այս նուագահանդէսը բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ մեր հայրենակիցներուն համար: Ան ցաւ յայտնեց վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական վիճակին համար, որ մեծապէս կը խանգարէ Լիբանանի զարգացման եւ կանոնաւոր կեանքին, աւելցնելով, որ Պէյրութը եւ Լիբանանը անընդմէջ կը տուժեն թէ՛ պատերազմներու, թէ՛ տնտեսական-ընկերային խնդիրներու եւ թէ՛ տարբեր հարցերու պատճառով: Այս բոլոր տագնապներուն պատճառով ալ փոխանակ այս հոյակապ դրախտային երկիրը զարգանայ, կը նահանջէ եւ մեծ վնաս կը հասցնէ հայկական համայնքին: Արուեստագէտը հաստատեց, որ տարիներ շարունակ աշխատած է սփիւռքի հետ, սակայն լիբանանահայութիւնը իրեն համար ամէնէն հիմնական հայկական համայնքն է աշխարհի տարածքին, որովհետեւ շատ կը տարբերի այլ երկիրներու մէջ գտնուող հայերէն: Ան ունի այն համոզումը, որ Լիբանանը տարբեր երկիր է իրենց համար, եւ ինք անձամբ շատ մեծ սէր ու յարգանք կը տածէ լիբանանահայութեան նկատմամբ եւ բաւական քաջածանօթ է համայնքին վիճակին: Պապայեան ըսաւ, որ այս շրջանը ամէնէն ծանր շրջանն է, եւ շատ հաւանական է, որ այս փուլը պէտք է անցնի, եւ գայ այն օրը, երբ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը, թէ՛ Լիբանանը ստանան նոր շունչ, նոր կեանք եւ աշխարհին մէջ կը գրաւեն այն տեղը, որուն արժանի են:
Ան դիտել տուաւ, որ վերջին անգամ Պէյրութ գտնուած է 2023 թուականին, երբ ընկերակցած է «Կոմիտաս» քառեակին, որ ելոյթ պիտի ունենար մէկ նուագահանդէսով` Պէյրութի մէջ եւ երկու նուագահանդէսով` Սուրիոյ եւ Հալէպի մէջ: Պապայեան ըսաւ, որ այդ ուղեւորութիւնը իր վրայ շատ ծանր տպաւորութիւն ձգած է, երբ ականատես եղած է, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած էր եւ տակաւին կ՛ունենար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, աւելցնելով, որ ցաւալի երեւոյթ էր, բայց ինք միշտ կը մնայ լաւատես: Ան շեշտեց, որ իրենց համար մեծագոյն ուրախութիւն է Լիբանանի մէջ համերգ տալ, որուն համար անհամբեր են, եւ յոյս յայտնեց, որ ուժ եւ ուրախութիւն կը մատուցուի մեր համայնքին, որովհետեւ պիտի ներկայացնեն այնպիսի ծրագիր եւ անմոռանալի համերգ մը, որ միշտ պիտի մնայ հանդիսատեսին մտքին մէջ:
Աւարտին Պապայեան ըսաւ, որ ներկայիս «Քատանս» անսամպլը տարբեր ծրագիրներու վրայ կ՛աշխատի: Ունի նոր ձայնագրութիւններ եւ նոր համերգներու պայմանաւորուածութիւններ:



