Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաք, Պարտք, Միջանցք…(*)

Սեպտեմբեր 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

1. Լոս Անճելըս, 9 սեպտեմբեր (11 սեպտեմբերէն երկու օր առաջ): Պատկերասփիւռի լուրերէն կը հաղորդեն, որ կարգ մը հանրային դպրոցներ փակուած են, կամ կէսօրեայ դրութեամբ կը բանին, որովհետեւ հեղձուցիչ տաք է: Այո՛, շաբաթներէ ի վեր Լոս Անճելըսի (եւ այլ շրջաններու) մէջ «կրակ կը տեղայ» բառացիօրէն: Անտառային հրդեհները դարձեալ ծուխ ու բնակարաններու հրկիզման սպառնալիք կը տարածեն: Լրագրողներ վազեր են դպրոցներ` ստուգելու, թէ ինչո՞ւ պարտադիր արձակուրդ կը տրուի վերամուտէն քանի մը օր ետք: Մանկահասակ աշակերտ մը կ՛ըսէ. «Զովացնող սարք չունինք», ուրիշներ չքմեղանքի ոճով կ՛ըսեն, որ սարքերը խանգարում ունին (եւ այլն): Կը մտածեմ, որ արդեօք դպրոցներու պատասխանատուները ամրան արձակուրդի օրերուն (կամ այլապէս) չէի՞ն ստուգած սարքերը, թէ՞… նորոգութեան համար պիւտճէ չունին:

2. Նոյն օրը երեկոյեան վաղեմի մէկ ընկերս դիմատետրեան հետեւեալ լուսանկարը կը հասցնէ հեռաձայնիս:

Ցուցատախտակներ Հոլիվուտի մէջ

Արձանագրութիւնները կ՛ըսեն. «Երբ դուք կը տքնէիք, մենք Իսրայէլի 24,5 միլիառ տոլար տուինք, որպէսզի ռմբակոծէ մանուկներ: ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԷՔ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ», իսկ իբրեւ բացատրութիւն վարը` «Իսրայէլ` հրեաներու երկիրը, Կազայի մէջ 8 ամսուան միջոցին սպաննեց 45 հազար իսլամներ եւ քրիստոնեաներ ու վիրաւորեց 150 հազար պաղեստինցիներ» (մոռցուած են համատարած քանդումները Կազայի եւ Արեւմտեան ափին մէջ):

Կը մտածեմ: Հը՜մ: Ուրեմն կարելի է մինչեւ իսկ մանուկները տաքի «խղճին» մատնելու գնով հսկայական գումարներ հասցնել Իսրայէլ (այս ցուցատախտակը հաստատողները լուր ունի՞ն Ուքրանիա եւ այլուր ղրկուած գումարներէն): Իսկ հասարակ մահկանացուները հլու հնազանդ կ՛ենթարկուին դպրոցներու վարչութեանց կարգադրութեան ու իրենց հոգեհատորները տուն կը տանին կանխահասօրէն, առանց մտածելու, թէ իրաւունք ունին բողոքի ձայն բարձրացնելու եւ արդար պահանջ ներկայացնելու «խնայասէ՜ր» իշխանութիւններուն դէմ: Չեմ մոռնար, որ բողոքողներ կան, բայց անոնց ձայնը կը խլացուի կամ տեղ չի հասնիր: (Ու դարձեալ կը մտածեմ. արդեօք ե՞րբ նման պաստառներ ամբաստանութիւններ պիտի արձակեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, որոնք առատօրէն կ՛օգտուին ամերիկացի բարեկամներէն…):

Հլու հնազանդ ենթարկուողները ի մտի ունենալով, կը դիմեմ համացանցին` տեսնելու, թէ պատերազմներու հնոցներուն առատ վառելանիւթ հասցնող Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պարտքերը ո՞ւր հասած են: Հետեւեալ կայքը (կրնաք դուք ալ այցելել. https://www.pgpf.org/national-debt-clock#:~:text=The%20%2435%20trillion%20(and%20growing,funds%20and%20other%20government%20accounts.) գլխապտոյտ պատճառող թիւեր ցոյց կու տայ. աւելի քան 35 թրիլիոն տոլար (հոն պիտի գտնէք նաեւ «ժամացոյց» մը, որ ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւր ակնթարթի պարտքը որքա՛ն կ՛աւելնայ): Հոն կ՛երեւի նաեւ սարսափազդու այլ թիւ մը. իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտքէն բաժին կ՛իյնայ մօտաւորապէս… 105 հազար տոլար: (Անհատի մը նուազագոյն եկամուտը` տարեկան 15 հազար տոլար, ընտանիքի մը (հաւանաբար` մէկէ աւելի աշխատողներ) միջին եկամուտը` շուրջ 75 հազար տոլար, ընդհանուր միջին` 45 հազար տոլար):

3. 10 Սեպտեմբեր.- Այս տողերը կ՛արձանագրենք քանի մը ժամ առաջ այն խեղկատակութենէն, որ պատկերասփիւռի պաստառներէն պիտի տարածուի Քամալա Հերիս-Տանըլտ Թրամփ բանավէճ անունով: Կ՛ըսուի, որ վէճը առաւելաբար պիտի կեդրոնանայ «տնային` (ներքին հարցերու» վրայ: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ` ենթադրելու, որ պատերազմներու մատակարարման մասին խոստումներն ու յայտարարութիւնները կապ պիտի չունենան իրական աշխարհին հետ, որովհետեւ այդ աշխարհը կը կառավարուի «վեր պետական» միաւորներու կողմէ. անոնց շարքին` զէնքի ճարտարարուեստի գանձապահները, որոնք հաւասարապէս կը կողոպտեն կառավարութի՛ւնն ալ, ժողովո՛ւրդն ալ: Ամերիկացիներուն համար արդեօք մխիթարակա՞ն է գիտնալ, որ այլ երկիրներու մէջ ալ նման «գանձապահներ» կը կողոպտեն կառավարութիւն ու տքնող ժողովուրդ…

4. Մխիթարուած զգալու նոյն հարցումը` մեր հայրենի ժողովուրդին կացութեան լոյսին տակ: Հայաստանի կառավարութեան պարտքերուն գումարը մօտեցած է 12 միլիառ տոլարի (2005-ին` նուազ քան 2 միլիառ, 2018-ին` շուրջ 6,5 միլիառ տոլար), այսինքն իւրաքանչիւր քաղաքացիի ուսին նստած է մօտաւորապէս 3.800 տոլարի պարտք (ներառեալ` մանուկներ եւ տարեցներ, առանց սեռի խտրութեան): Պարտքի կուտակման մէջ բաժին ունին` գումարներու մսխումը (նորակազմ ընկերութիւններու սնանկացում եւ քայքայում), պարգեւավճարներ եւ անբաններու պաշտօններու կոչումը (ԽԾԲ-ի հի՜ն աւանդութեան համաձայն):

5. Այս խորապատկերին առջեւ ՔՊ-ապետ «իմաստուն ամենագէտ»-ը դարձեալ հրապարակ եկած է «խաղաղութիւն պիտի կերտենք»-ի յանկերգներով, հոգ չէ, թէ ինք եւ «ուսապարկերը» բանիւ եւ գործով վաճառած են Արցախն ու Հայաստանէն պատառիկներ, կը մերժեն մինչեւ իսկ ճանչնալ, թէ Արցախ օտարներու կողմէ ճանաչում գտած իշխանաւորներ ունի, որոնք հիմա հալածանքի, դրժումի եւ արհամարհանքի կ՛ենթարկուին Երեւանի նահանջակերտ իշխանաւորներուն կողմէ. իմաստակապետ եւ «խելքի տոպրակներ» պատրաստ են նոր զիջումներու (ցանկը երկար է), «Զանգեզուրի միջանցք»-ի եւ «Սիւնիքէն անցնող ճամբաներու» բառախաղերով կը զբաղին եւ կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը, կը հաւաստեն, որ լուծման միջոցներէն մէկն է այդ ճամբաներու հսկողութիւնը վստահիլ… օտար ընկերութիւններու (հիմա նոր բառ մը աւելցած է «հնարքներուն» շարքին. Արտապատուիրակել: Սա արդէն առանձին քննարկելի հարց է, ականատես ենք, թէ հարուստ պետութիւններու պատքերը ինչպէ՜ս կ՛ուռճանան նման գործառութիւններով): Անդին` Ռուսիա եւ Իրան, առանց ականջ կախելու Հայաստանի իրաւունքներուն եւ իրողական… անտարբերութեան, կը փորձեն լաւագոյն ձեւ մը գտնել այդ ճամբաներուն վերահսկողութեան իրե՛նց պատկերացումներուն իրականացման մասին: Իսկ եթէ «արտապատուիրակելու» հնարքը տեղ գտնէ, ՔՊ-ականներ հաւանաբար վաղը սկսին մտածել նոյնինքն իշխանութիւնն ալ յանձնելու «արտապատուիրակեալներու» (արեւմուտքցի դէտերու նախափորձը ունին, չէ՞, կրնան հոն ալ հեծանիւներ գործի լծել): Անկէ ետք ալ ո՞վ իրաւունք կ՛ունենայ զիրենք մեղադրելու, որ ինքնիշխանութիւն, գերիշխանութիւն եւ Հայաստանի հողերուն ամբողջականութիւնը չեն պաշտպաներ…

10 սեպտեմբեր 2024

(*) Այս բառերը հանելուկ մը կը թաքցնեն: Պատասխանը կ՛ունենաք այս սիւնակին բաժինները իրարու զօդելով:

Նախորդը

Հայաստանը Պէտք Է Օգտուի Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւններէն

Յաջորդը

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?