Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակե՛նք Լերան Ոգիով

Սեպտեմբեր 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻԳԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ-ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած յատկանշական դէպքերը կը բնութագրեն տուեալ արարքը կերտած ժողովուրդը` էութիւնը, խառնուածքը, անհատականութիւնը:

Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» դիւցազնավէպին եւ հայ ժողովուրդի 20-րդ դարու պատմութեան մէջ կը կարդանք Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին:

Ի տարբերութիւն շատ մը ուրիշներու, 1915-ին մերժելով օսմանեան բռնակալութիւնը, մուսալեռցիք հերոսաբար կը դիմադրեն ու պատմութեան համար կ՛արձանագրեն Մուսա Լերան հերոսամարտը:

Իսկ 1939-ին, դարձեալ մերժելով թրքական իշխանութիւնը, լքելով իրենց տունն ու տեղը` կը փոխադրուին Պեքայի դաշտին արեւելեան կողմը գտնուող Այնճար կիսանապատային դաշտը:

Ու այսպիսով կը սկսի Այնճարի  նոր պատմութիւնը:

Իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ, պապենական Մուսա Լեռէն աշխարհագրականօրէն շա՜տ հեռու  Մուսա Լեռ-Այնճարը դիմագրաւեց շատ մը մարտահրաւէրներ` ապրուստի, սնունդի, ջուրի, հիւանդութիւններու հարցեր: Կենաց եւ մահու հրամայականին դէմ յանդիման, տեղահանութիւն եւ գաղթականութիւն իր ետին թողած, ժողովուրդը իր ինքնատիպ դիմադրողականութեամբ եւ տոկուն ու յամառ կազմուածքով կրցաւ յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները: Վերապրումի եւ վերականգնումի խորհրդանիշ մուսալեռցի-այնճարցին. վերակազմակերպեց ինքզինք ու իր արդար քրտինքով քար առ քար, ծառ առ ծառ, ճահճահուտ Այնճարը վերածեց հայկական արծուեբոյնի մը, որ յատկանշուեցաւ իր կանաչազարդ բնութեամբ:

Այսօրուան Այնճարը հայկական կազմակերպ գաղութի մը վերածուած է եւ իւրայատուկ է իր ինքնուրոյն ազգային, հայկական դիմագիծով, իսկ համահայկական իմաստով ներկայութիւն է ամէն տեղ: Այսօր եթէ ակնարկ մը նետենք գիւղին մէջ կազմաւորում ստացած եւ ազգային արժէքներով դաստիարակուած սերունդներու տարբեր գաղութներու մէջ ծաւալած գործունէութեան, հպարտութեամբ կը լեցուին մեր հոգիները: Այնճար ներկայութիւն դարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդի գոյապայքարի ճամբուն վրայ իրականացուելիք իղձերուն ի խնդիր եւ տուաւ նահատակներ:

Սփիւռքի պայմանները եւ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու տնտեսական կացութիւնը, բնական ընթացքով պատճառ հանդիսացան, որ մուսալեռցի-այնճարցին կայք հաստատէ օտար երկիրներու մէջ: Մուսա Լերան յիշողութիւնը եւ աւանդը նաեւ կանգուն է հեռու ապրող մուսալեռցիներու կենցաղին մէջ եւ շաղկապած է զանոնք` ըլլան անոնք Մուսա Լեռ թէ հայրենիք եւ կամ սփիւռքի տարբեր երկիրներ: Չկայ աւելի հարազատ ու մտերմիկ միջավայր, քան այն, ինչ որ է Այնճարը: Անոնք անհուն սիրով կապուած են գիւղին, եւ ամէն տարի մեծաթիւ հայրենակիցներ կ՛այցելեն գիւղ, կը վայելեն գիւղի ջերմիկ մթնոլորտը, կը բաժնեկցին գիւղի մտահոգութիւնները եւ ի հարկին սատար կը հանդիսանան անոր կարիքներուն:

Այնճարցի ըլլալու երեւոյթը անքակտելի կապով մը մեզ կը համախմբէ: Այս մէկը մտածել կու տայ, որ Այնճարի ներուժը կ՛ամրանայ, երբ դերակատար ուժ է նաեւ իր սփիւռքը:  Այնճարը համայն այնճարահայութեան ներգործութեամբ աւելի եւս կը հզօրանայ եւ կը շարունակէ իր գոյերթը:

Այնճարը այսօր կը թեւակոխէ իր 85-ամեայ պատմութիւնը: Համաշխահային առումով եւ ներքին քաղաքական ու տնտեսական իմաստով անկայուն վիճակ կը տիրէ: Գիւղը անմասն չի մնար այս կացութենէն: Մանաւանդ գիւղի աշխարհագրական դիրքը եւ ընկերային դժուար պայմանները պարտաւորութեան տակ կը դնեն մեզ` մտածելու, առաջքը առնելու, միջոցներ նախաձեռնելու հրամայականին դիմաց:

Հայոց պատմութեան սկզբնական օրերէն իսկ` սկսելով Հայկ նահապետէն անցնելով Աւարայրէն, հասնելով Մուսա Լեռ, հայը իր ճակատագիրը ինքնիր ձեռքով կերտելու կարողութեամբ առաջնորդուած է:

Ու ահա դժուարութիւնները անպայման յաղթահարելի են:

Մուսալեռցին յանդուգն եղած է եւ  խիզախօրէն դիմադրած է, նոյնիսկ եթէ տուեալները ի նպաստ իրեն չեն, քաջ գիտնալով, որ զէն ի ձեռին դիմադրութիւնը արժանապատիւ մահ է: Մանաւանդ երբ Այնճարը իր նոր սերունդով լաւապէս ըմբռնած է Մուսա Լերան խորհուրդը`  չյանձնուիլ, պայքարիլ, վերականգնիլ, նորէն պայքարիլ, հզօրանալ, դիմադրել ու վերապրիլ:

Այս յաղթանակի փառապանծ օրինակը կը հանդիսանան 85 տարիներ գոյատեւած եւ իր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահած ու  պահպանած այնճարցին եւ Այնճարը: Որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, Այնճարցին տակաւին կառչած կը մնայ իր հողին եւ կը շարունակէ  իր գոյերթը, ան  կը պահէ` եկեղեցի, կրօն, մշակոյթ, դպրոց, միութենական կառոյցներ, հայկական դիմագիծ, հայերէնախօսութիւն:

Ի վերջոյ, Մուսա Լերան ոգիով շաղախուած  85-ամեայ գոյերթը կու գայ մեզի ըսելու, որ Այնճարը սուրի եւ խաչի ժառանգորդ ժողովուրդի բնօրանն է, Ցեղասպանութիւնը մերժելու խորհուրդ է, հայրենասիրութեան պատգամ է ու  համահայկական արժէք է:

Գիտենք նորէն պայքարիլ, վերականգիլ,  վերապրիլ ու յաղթանակել:

 

 

Նախորդը

Մուսա Լերան Հայերու Քառասուն Օրերու Յաղթական Ինքնապաշտպանութիւնը

Յաջորդը

Մուսա Լերան Պարպումը, Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?