Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարշաւայի Մէջ «Ազրպէյճանի Բազմամշակութային Ինքնութեան» Ցուցահանդէսը Եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Այրերուն Ապիկարութիւն

Սեպտեմբեր 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լեհահայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առնչութիւնները

Լեհահայ կաթողիկէ եկեղեցին պատմականօրէն` իբրեւ հայ կաթողիկէութեան առաջին անկախ կառոյց, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի ինքնանկախ կարգավիճակ ունեցած է, այլ խօսքով, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան թեմերու մաս չէ կազմած: Սակայն լեհահայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրողութիւնը կը շրջուի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Մանաւանդ Լվովի մէջ լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Եուզեֆ արք. Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ՛ենթարկուին` փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները: Ուստի, ինչպէս բոլոր լեհերը, նոյնպէս տեղւոյն լեհահայերն ալ կը լքեն Լվովն ու յարակից շրջաններու լեհահայ կաթողիկէ թեմի բազմաթիւ եկեղեցիները, կալուածներն ու կը հաստատուին ներկայ Լեհաստանի զանազան քաղաքներու եւ մարզերու մէջ:

Նկատի առնելով, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Լեհաստանի նոր սահմաններու տարածքին վրայ հաստատուած Հայ կաթողիկէ եկեղեցին` իբրեւ արեւելեան ծիսակատարութեան պատկանող հաւատացեալներու կառոյց, զրկուած էր սեփական առաջնորդութենէն, ինչպէս էր պարագան բոլոր արեւելեան ծիսակարգերու պատկանող հաւատացեալներուն: Հռոմի աթոռը, առաջնորդութիւն չունեցող բոլոր ծիսակարգերուն, ինչպէս` լեհահայ կաթողիկէ ծիսակարգին պատկանող հաւատացեալներուն,  հոգատարութիւնը կը վստահի Լեհաստանի տեղական հռոմէապատկան եկեղեցւոյ առաջնորդութեան խնամքին եւ վարչական խնամատիրութեան: Ուստի լեհահայ կաթողիկէ ծիսակարգն ալ անմիջականօրէն կ՛ենթարկուի տեղւոյն լեհ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան:

Պատմական հերթականութեամբ լեհահայ կաթողիկէ ծիսակարգի խնամատարութիւնը վստահուած էր Լեհաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, ծիրանաւորներ` Աուկուսթ Հլոնտ (August Hlond), Սթեֆան Վիշինսքի (Stefan Wyszyński- 1957-1981), Եուզեֆ Կլեմփ (Jցzef Glemp – 1981-2007) եւ 2007 յունիս 9-էն սկսեալ Վարշաւայի կաթողիկէ առաջնորդ ծիրանաւոր Քաժիմիեժ Նիչ (Kazimierz Nycz):

«Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ը ստեղծուած է Լեհաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ կարտինալ Եուզեֆ Կլեմփի հրամանագիրով 2006 ապրիլ 7 թուականին: Կարտինալ Ե. Կլեմփ եզակի այն հոգեւորականներէն էր, որ կարողացաւ պահպանել եւ համախմբել լեհահայութեան պատկանող ձեռագիրներն ու լեհահայութեան պատմական թանկարժէք նիւթեղէն մշակոյթը` վաճառաշահութեան հետամուտ հոգեւորականներէն. ի վերջոյ սփիւռքի մշակութային հայկական ժառանգութեան պահպանութիւնը լուրջ մղձաւանջ մըն է: Այլ խօսքով, Ե. Կլեմփ օգտաբեր ներդրում ունեցաւ այդ ժառանգութիւնը մշտապէս փրկելու, ուշադրութեան եւ հոգատարութեան հովանիի տակ պահելու մէջ, «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի միջոցով:

Առնչակից Կենսական Յիշեցումներ

Արդեօք պա՞րտք է յիշեցնել կաթողիկէ այդ հոգեւորականներուն, որ Լեհաստանի ընդունուած պաշտօնական ինը փոքրամասնութիւններուն մէջ քրիստոնեայ լեհահայութիւնը հնագոյններէն է: Իսկ եթէ այդ հոգեւորականները պատահմամբ, ձեւական կամ խորհրդանշական հանգամանքով նշանակուած են «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի անդամ, ուրեմն այդ մէկը շատ խղճալի է. մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն կը յուշէ:

Ազրպէյճանի  «կրօնական հանդուրժողականութեան» մասին խօսելէն առաջ պարտք է սոյն  քրիստոնեայ հոգեւորականներուն յիշեցնել, թէ այդ երկրի բռնակալ վարչակարգը քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի հանդէպ ինչպիսի՛ վայրագութիւններ իրագործած է: Մանաւանդ այդ երկրի խաղաղ քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ ջարդեր ու զանգուածային բռնատեղահանումներ գործադրած է:

Շատ մօտիկ անցեալէն կարելի է յիշել Սումկայիթի եւ Խոճալուի բռնարարքներն ու սպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցան տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ 22 փետրուար 1992 թուին, Արցախի Իվանեան (Խոճալու) գիւղին մէջ: Խոճալուի ջարդը» կը նկատուի 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկը: Նմանապէս պէտք է յիշեցնել նաեւ` 1997-էն մինչեւ 2006 Նախիջեւանի տարածքին ականահարուած, ջարդուած եւ քարակոյտերու վերածուած ու ապա մաքրագործուած 89 հայկական եկեղեցիները, 5840 խաչքարերը եւ աւելի քան 22 հազար հայ քրիստոնէական գերեզմանաքար-խաչքարերը, որոնց վերջին խմբաքանակը 2006-ին մաքրագործուեցաւ հին Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանատան մէջ [7], եւ տակաւին` քրիստոնեայ արցախահայերու ցեղային զտումները, սպանդային եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ 19 սեպտեմբեր 2023-ին իրականացած բռնագաղթը: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ 27 սեպտեմբեր 2020 թուականի Ազրպէյճանի կողմէ սկսած պատերազմի եւ գոյաբանական սպառնալիքներու պատճառով այդ տարածքէն դէպի Հայաստան բռնի տեղահանուած, Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեայ հայ բնակիչներու ցաւոտ սոսկումները, անսպիացած խոցը :

Կարելի՞ է չյիշել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կոչերը`  յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը:  2020 թուի պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կառոյցները, որոնց շարքին` եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ, իսկ հայկական արձանագրութիւնները կը ջնջուին հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ այլ պարագաներուն ալ այդ եկեղեցիները մզկիթներու վերածուած են: «Caucasus Heritage Watch»-ը (CHW) 24 յունիս 2024-ին հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման 7-րդ զեկոյցը: Զեկոյցը ցոյց կու տար, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերուածութիւններուն թիւը 2023-ի աշունէն ի վեր աւելցած է 75 տոկոսով, CHW-ի մշտադիտարկման սկիզբէն ի վեր արբանեակային պատկերները կը բացայայտեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը:

Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած վիճայարոյց վերնագիրով եւ բովանդակութեամբ զաւեշտական ցուցահանդէսի առնչութեամբ բողոքներ տեղի ունեցան. օրինակ, մամուլին մէջ գրաւոր բողոք ներկայացուեցաւ հետեւեալներու կողմէ ստորագրուած` Լեհաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ փրոֆ. հայր Եուզեֆ Նաումովիչի, Եակելոնեան համալսարանի վաստակաւոր հայագէտ փրոֆ. Անտժէյ Փիսովիչի, լեհահայ պատմութեան քաջածանօթ փրոֆ. Անտժէյ Ժիեմպայի եւ նոյն համալսարանէն «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի նախագահ փրոֆ. Քժիշտոֆ Սթոփքայի:

Գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութենէն: Վարշաւայի Տնտեսագիտութեան համալսարանին մէջ սոյն տարուան յունիս  26-ին տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած «Արցախ` վտանգուած ժառանգութիւն» լուսանկարներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն համադրողն ու հիմնական հեղինակն է Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն, դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը:

Այս ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ելոյթներ ունեցած են` Վարշաւայի Տնտեսագիտութեան համալսարանի նախագահ Փիոթր Վախովիաքը, Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանը եւ դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը:

Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը մէկ ամսուան տեւողութեամբ հանրութեան ցուցադրեց արցախահայերու կողմէ դարերու ընթացքին պատմական իրենց հայրենիքի մէջ ստեղծուած, պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութիւնը ներկայացնող վանքերը, եկեղեցիները, ամրոցները, թանգարաններն ու կամուրջները, այդ կառոյցները ներկայիս կը գտնուին ոչնչացման աղէտի եւ կամ վերափոխման ծանրակշիռ վտանգի տակ:

Եզրափակիչ Դիտարկումներ

Լայնատարած թուային գերարդիական հաղորդամիջոցները անընդմէջ կը փոխակերպեն դասական հասարակութեան, ընկերութիւններու, դասակարգերու կենցաղը, մտածելակերպը եւ գործելակերպը: Քրիստոնէութիւնը անմասն չէ այդ մշտափոփոխութենէն, աւելի ճիշդ` եկեղեցական արդարամիտ ղեկավարութիւնները ներկայիս ծանրագոյն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են, սահմռկեցուցիչ իրողութիւններ կը  դիմագրաւեն: Եկեղեցւոյ երդիքին տակ ծուարած պատեհապաշտ որոշ հոգեւորականներու կողմէ չարաշահումները, անպարկեշտ կենցաղի վարմունքները, եկեղեցականի սրբակենցաղ վարքագիծէն շեղումները, հոգեւորականի դիմակի տակ իրագործուած յանցագործութիւնները, սեռային անբարոյականութիւնները, մանկապղծութիւնները եւ տարատեսակ ապիկար ու պղծահամբաւ արարքները, բարոյախօսական արժէքներու անկումը անմարդկային բնազդի կոպիտ եւ աններելի դրսեւորումներ են: Որոշ հոգեւորականներու մերժողական ընթացքին դիմաց քրիստոնէութեան նկատմամբ ընդվզեցուցիչ եւ եկեղեցւոյ հանդէպ ժխտական կեցուածք գոյացած է:

Լեհաստանի մէջ հաւատացեալներու ջախջախիչ մեծամասնութիւն ունեցող Կաթողիկէ եկեղեցին ալ զերծ չէ այդ բուռն տագնապներէն, որոնք աւելի բարձրաձայն ու աղմկոտ կը դառնան հոգեւորականներու հիւանդագին եւ անճարակ ընթացքէն, որոնց խայտաբղէտ վարքը որքան պարսաւելի է, նոյնքան ծանրակշիռ ու սայթաքեցնող է այդ կեղտոտ վարմունքի պարագաներու թուաքանակն ալ: Իսկ եթէ այդ մարտահրաւէրներուն վրայ աւելնան նման պատմական անիմացութեամբ, դիւրախաբ ընկալումներով, անպարկեշտ արտայայտութիւններով ու շահամոլ մասնակցութեամբ կաթողիկէ հոգեւորականներու նոր անուններ, ազերամէտ նոր ծրագիրներ, այդ ժամանակ քրիստոնէադաւան երկխօսութիւնը դատարկ լոզունգի կը վերածուի, անարդար էքիւմենիզմի պիտակի տակ ձախաւեր չարաշահութիւն կը դառնայ:

Ազրպէյճան նախագծուած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագիրներով կարողացած է խաւարել, «ուղեղներու լուացում»-ի ենթարկել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, անոնց ողջ կազմերէն ներս թափանցել եւ ներսէն կրծել, չարաշահել Արցախի եւ հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը: Յաջողած է բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ գեղարուեստական ու կրօնական հակահայ յայտագիրներով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղել հայ կրօնապատմական ժառանգութեան իսկական էութիւնը:

Գերհրամայական է, որ հայ զգաստ եւ կարող հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն անյապաղ բարձրաձայնեն հարցը եւ դատապարտեն կաթողիկէ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքները, համակարգուած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերական կեղծ հրապարակումներուն, մոլորեցնող պնդումներուն, յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը, աշխատանքային յայտագիրներու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու արդարախոհութեան առաջնակարգութիւնը, մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան` սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի մէջ կատարուած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը:

Հայաթափուած Արցախի մէջ, ինչպէս` Արեւմտահայաստանի, Նախիջեւանի եւ այլուր, հայկական ներկայութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ ժառանգութիւնները, հայկական ճարտարապետութեան դարավաստակ վանքերու, եկեղեցիներու գմբէթներն ու անոնց վրայ հաստատուած ժառանգաբուխ հաւատքի խաչերը` սեփականատէր հայ ժողովուրդի ներկայութեամբ եւ տոկունութեամբ դիմագրաւած, խիզախած եւ ականատես վկաները եղած են յաղթանակներու` պանծալի դափնիներով պսակուած եւ հաւատքի ղօղանջներով հիւսած են հայ հոգեմտաւոր ինքնութեան մատեանները:

Սակայն այսօր անոնք հեռու են իրենց մշտնջենաժառանգ ու սեփականատէր հայութենէն, կ՛ենթարկուին բարբարոսական կողոպուտի, վանտալութիւններու, հիմնայատակ ու առյաւէտ կործանումներու, ենթակայ են բնաջնջումի, կը կարօտին մեր անյապաղ ու ծրագրուած օժանդակութեան եւ միջամտութեան: Իսկ տակաւին որոշ եկեղեցիներու գմբէթները պարտադրաբար կը խոնարհին բռնագրաւողի բիրտ կապանքներուն, բազմադարեայ խաչերը կը զիջին նուաճող խառնածին ասպատակողներու վայրագութիւններուն ու անոնց մահիկաձեւ, խաւարաժառանգ հաւատքի խորհրդանիշերուն, մանաւանդ երբ անարժան ասպատակողներ կանխագծուած կը փորձեն, չարամտօրէն վերաշարադրել իրենց անպարկեշտ սեփական պատմութիւնը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

[7] https://www.rferl.org/a/armenia-azerbaijan-julfa-cemetery-destruction-unesco-cultural-heritage/30986581.html

——————————–

(Շար. 1)

Նախորդը

200 Միլիոն Տարուան Հոյամողէսներու Հետքեր

Յաջորդը

Խաչն Կենարար, Որ Եղեւ Մեզ Փրկութիւն. Ս. Խաչի Վերացման Տօնը

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան
Անդրադարձ

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

Հոկտեմբեր 3, 2025
Տոմս.  Զաւալլը՜ Սարքոզի…
Անդրադարձ

Տոմս. Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?