Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան

Սեպտեմբեր 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Հազուադէպ կը պատահի, որ անձնաւորութեան մը մասին միմիայն բարձր գնահատանք արտայայտուի «բոլոր կողմերէն»: Այդ դասակարգին կը պատկանէր տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան: Այնճարէն մինչեւ Մոնրէալ, գաղթի, զոհողութեան ու նուաճումի Հայոց պատմութիւն:

Տեսած եմ զինք իբրեւ փեսայ, ներկայ եղած եմ իրենց հարսանիքին, եւ ապա, տասնամեակներ ետք, ամէն անգամ որ ձեռնարկ տեղի կ՛ունենար Քանատայի Համազգային մշակութային միութեան հետ: Զուսպ ազնուութիւն եւ համեստութիւն էր ու ի՜նչ նուիրում: Կը յիշեմ յոբելենական հանդէս մը կար, եւ ինք քուլիսին մէջ լաւ խօսք մը ունէր ըսելիք մասնակցողներուն:

Բոլորին նման` իմ սիրտս ալ կծկուեցաւ, երբ լսեցի իր յիշողութիւն յափշտակող հիւանդութեան մասին: Սակայն ըրաւ հաճելի անակնկալ մը, երբ հինգ տարի առաջ Մոնրէալի մէջ ելոյթիս աւարտին տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, իր մեղմահամբոյր կնոջ` Լենային հետ մօտեցաւ շնորհաւորելու: Իրեն բացատրեցի, թէ ինչո՞ւ կ՛ուզեմ լուսանկարուիլ հետը: Իմ endocronologist-իս (Վրէժ-Արմէնը գիտէ հայերէնը) ամէնէ՛ն սիրած դասընկերը եղած է Վազգէն Տէր Գալուստեան բժշկագիտութիւն ուսանած տարիներուն: Ամէն երթալուս տեղեկութիւն կ՛ուզէր «Հապիպի Վազգէն»-ին մասին:

Լուսանկարուեցանք: Երբ այդ լուսանկարը ցոյց տուի իմ բժիռկիս, խոշոր աչքերը արցունք դարձան. «Կարօտցե՜ր եմ այդ տարիները: Անոր նմանը չկայ,-  ըսաւ,- խելացի, վստահելի բարեկամ, ազնուակա՛ն. շատ լաւ բժիշկ էր. սիրուած է բոլորէն»:

Հիմա այս բժիշկիս ինչպէ՞ս ըսեմ, թէ իր «հապիպի»-ն Աստուծոյ քով գնաց: «Է՜հ, վերջապէս կը հանդիպինք», կ՛ըսէ թերեւս. իր գլուխ չծռող  քաղցկեղը անխուսափելի փուլի հասած է: Կեանքը իր ճամբով, մահը` իր ճամբով: Բայց կեանքի ընթացքին կան տասնեակ մահեր, որոնք իրենց ընթացքով չեն շարունակեր, մինչեւ որ յաւիտենութեան պահը հասնի: Պահը, երբ օրհնեալներ կ՛օծուին լոյսով ու խաղաղութեամբ:

Սիրելի՛ տիկին Լենա եւ դուստրեր, ձեր մխիթարութիւնը այն է, որ ունեցաք երջանիկ ընտանիք մը եւ անսպառելի անուշ յիշատակներ: Իսկ հայութիւնը տխուր է, անդարձ հեռացաւ իր հիասքանչ զաւակը, որ նաեւ ի հարկին կը բժշկէր: Երկնային լոյսերու մէջ ապրի իր երկրային լուսեղէն հոգին:

Սեպտեմբեր 9, 2024

Նախորդը

Տաք, Պարտք, Միջանցք…(*)

Յաջորդը

Սփիւռքի Հաւաքական Ներուժի Թիրախային Ներգրաւուածութիւնը` Համահայկական Օրակարգին Համատեքստում

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?