Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մսմնայի Յաղթական Ճակատամարտը Եւ Ջրաբերդի, Շեխերի Եւ Կարիագինոյի Գօտեմարտերը

Օսմանեան Զօրքերու Հեռացումը Եւ Բրիտանացիներու Մուտքը Պաքու

Սեպտեմբեր 18, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մսմնայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Արցախը նուաճելու առաջադրանքով Մսմնա հասած թրքական զօրքը 18 հոկտեմբեր 1918-ի երեկոյեան հիւրասիրուեցաւ գիւղացիներուն կողմէ: Նոյն ժամերուն Վարանդայի մարտական ուժերը դարան մտան Մսմնայի ձորի նեղ կածանի երկու կողմերը: Միաժամանակ սուրհանդակներու միջոցով լուր ղրկուեցաւ շրջակայ գիւղերուն` պատրաստ ըլլալու:

Հայկական մարտական ուժերը բռնեցին նաեւ Մաշադիշէնի արեւմտեան սահմաններուն բլուրները եւ Ղաւախանի ու Մսմնայի միջեւ տարածուող ձորակին բարձունքները: Արեւածագէն առաջ հասաւ Դիզակի օգնական ձիաւոր խումբը` Կարմրակուճ գիւղացի Ասլանիկ Մուրատխանեանի գլխաւորութեամբ եւ բռնեց Հաղորտի տանող անցքը: Այսպիսով Մսմնայէն Հաղորտի տանող ճանապարհը, ուրկէ պիտի անցնէր թշնամին, երեք կողմէն աքցանի մէջ առնուեցաւ:

Հոկտեմբեր 19-ի առաւօտուն մառախուղը պատած էր երկնակամարը եւ թեթեւ անձրեւ կը մաղէր: Ձորի այս ու այն թումբին վրայ դիրք բռնած հայ մարտիկները կ՛աշխատէին մառախուղին եւ անձրեւին մէջէն նշմարել թշնամիին շարժումները: Անցաւ քանի մը ժամ:

Մինչ այդ կերուխումը աւարտած եւ հանգստացած թուրք զինուորները իրենց հրամանատար Խոսրով բէկ Փոլադովի գլխաւորութեամբ ճամբայ ելան Մսմնայէն եւ հանգիստ շարժեցան ձորին մէջէն անցնող կածանէն:

Հայ յառաջապահ մարտիկները, որոնք ակնդէտ կը հետեւէին թուրքերու տեղաշարժին, փութով դիրքէ դիրք տարածեցին ազդանշանը. «Պատրա՛ստ, թշնամին մօտենում է»:

Հազիւ քսան վայրկեան ետք, թշնամի յառաջապահները անցան ձորի առուն եւ սկսան վեր բարձրանալ: Թուրք զինուորները մեծ մասամբ ձորին մէջն էին:

Հայ մարտիկներու դիրքերէն յանկարծ որոտացին համազարկերը:

Թուրք սպաները զգացին, որ ծուղակը ինկած են, եւ հեւասպառ ու խուճապահար աշխատեցան փրկել իրենց զօրքը:

Թուրքեր անմիջապէս գործի դրին իրենց թնդանօթներն ու գնդացիրները, բայց ապառաժներու ետին դիրք մտած հայ մարտիկները սկսան խնդալ թուրք սպաներու ջանքերուն վրայ եւ կամաց կամաց իրենց երկաթէ օղակին մէջ առին թշնամին:

Թուրք սպաները, փրկութեան այլ ելք չգտնելով, որոշեցին վճռական գրոհով մը պատռել պաշարման շղթան: Անոնք հաւաքեցին թաթար ձիաւոր խումբը եւ զայն առջեւ նետելով եւ իրենց զինուորներէն աջ ու ձախ թեւեր կազմելով` ուժեղ գրոհի անցան, միաժամանակ թնդանօթային ու գնդացրային անխնայ կրակով ռմբակոծելով հայկական դիրքերը: Երկու կողմերը ճակատ ճակատի եկան: Հայ մարտիկներու օղակը հետզհետէ աւելի սեղմուեցաւ: Թշնամին օրհասական ճիգ ի գործ դրաւ փրկութեան ճամբայ մը բանալու համար, բայց ի զուր:

Կէսօրէն երկու ժամ ետք, թուրքերու դիմադրութիւնը սկսաւ տկարանալ: Հայ մարտիկներէն խումբ մը սուինամարտի դիմեց եւ շեշտակի խոյանալով ու կոխկռտելով թշնամիի դիմադրող վերջին խումբերը, գրաւեց երկու թնդանօթներն ու եօթը գնդացիրները:

Թշնամի զօրքը հիմնովին ջախջախուեցաւ: Թուրք բոլոր սպաները սպաննուեցան: Զինուորները անխնայ սուրի քաշուեցան եւ անոնցմէ միայն քանի մը հոգին յաջողեցաւ թաքնուիլ:

Գիշերային խաւարէն ու մառախուղէն օգտուելով, փրկուած թուրք զինուորները փախուստի դիմեցին եւ ազատեցան:

Խոսրով բէկ Փոլադով իրեն ուղեկցող հայու մը օգնութեամբ յաջողեցաւ խոյս տալ: Ան հետագային Կեդրոնական Ասիա գնաց, անունը փոխեց եւ բոլշեւիկ դարձաւ:

Մսմնայի ճակատամարտը փրկեց Արցախը կոտորածներէ եւ կործանումէ: Հայերուն ձեռքը անցաւ երկու թնդանօթ, եօթը գնդացիր, բազմաթիւ հրացաններ, հսկայ քանակութեամբ փամփուշտ եւ օսմանեան դեղին ոսկիներով լեցուն սնտուկ մը:

* * *

Մսմնայի յաղթանակը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց հայութեան մէջ, եւ փոխարէնը, ատելութիւն ու կատաղութիւն` թուրքերուն եւ թաթարներուն մէջ:

Մսմնայի պարտութեան վրէժը լուծելու եւ կացութիւնը ի նպաստ իրեն յեղաշրջելու նպատակով թրքական հրամանատարութիւնը որոշեց քանի մը ուղղութիւններով նոր յարձակողական մը շղթայազերծել Արցախի վրայ:

Թրքական զօրքեր եւ թաթար հրոսակախումբեր հոկտեմբեր 23-ին ներխուժեցին Ջրաբերդի շրջան:

Թրքական զօրքերու տեղաշարժերուն լուրը առնելուն պէս Ջրաբերդի եւ Խաչենի մարտական ուժերը մարտադաշտ նետուեցան: Հայկական մարտական ուժերու դիրքերուն միջեւ պատշաճ մակարդակով կը գործէր սուրհանդակային արագ կապը:

Ջրաբերդի շրջանի մարտական ուժերու հրամանատար Բագրատ Ղազանչեանի գլխաւորութեամբ հայկական կռուող ուժերը ուժգին դիմադրութիւն ցոյց տուին ներխուժողներուն եւ կասեցուցին անոնց յառաջխաղացքը: Հինգ օր շարունակ կատաղի կռիւներ մղուեցան: Թրքական զօրքերը եւ թաթար հրոսակախումբերը ջախջախուեցան եւ ցիր ու ցան փախուստի դիմեցին: Հայերուն ձեռքը անցաւ մեծ քանակութեամբ զէնք, զինամթերք, փոխադրամիջոցներ եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:

Շեխեր

Ջրաբերդի ճակատին զուգահեռ, թուրք թաթարական աւելի քան 600 զինուորներէ բաղկացած զօրագունդ մը յարձակման անցաւ Վարանդայի Շեխեր գիւղին ուղղութեամբ:

Շեխեր հինէն ի վեր Ամարասի վանքին կապուած եղած է: Գիւղին բնակիչներուն մէկ մասը Մեծ Թաղլարէն եւ Աւետարանոցէն հոն տեղափոխուած է:

Շեխերի բնակիչները եւ Վարանդայի մարտական ուժերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին ներխուժողներուն: Անկարող նուաճելու Շեխերը, թշնամին խուճապահար փախուստ տուաւ դէպի Շուշի:

Թուրք թաթարական զօրքեր միաժամանակ Վարանդայի կողմէն յարձակման անցան Դիզակի Կարիագինօ աւանին ուղղութեամբ:

Կարիագինօ (Ֆիզուլի)

Կարիագինօ (Ֆիզուլի) եղած էր ռուսական ռազմակայան, որուն շուրջ կազմաւորուած բնակավայրին բնակիչները ռուսեր, հայեր եւ թաթարներ էին:

Վարանդայի եւ Դիզակի մարտական ուժերը ճկուն մարտավարութեամբ մը կասեցուցին թշնամիին յառաջխաղացքը: Բուռն կռիւներէ ետք, թրքական հրամանատարութիւնը, համոզուած, որ անհնար է խորտակել հայերու դիմադրութիւնը եւ հասնիլ Կարիագինօ, նահանջի հրաման տուաւ: Թրքական զօրքերը վերադարձան Շուշի:

* * *

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ, ի վիճակի չէր օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախի, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի հայութեան:

Հայաստանի կառավարութիւնը քանի մը անգամ դիմեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` Արցախի հարցի լուծման խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով հասնելու համար, բայց ապարդիւն:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը խորքին մէջ իրաւասու չէր լուծելու Արցախի հարցը, քանի որ զինուորական ուժը Նուրի փաշայի ձեռքերուն մէջ կը գտնուէր, որ իր սեփական ծրագիրները ունէր եւ կը գործէր Պոլիսէն ստացուող հրամաններով:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները միաժամանակ բանակցութեան մէջ մտան Երեւանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան ռազմական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչ Մեհմէտ Ալիի, ինչպէս նաեւ Էնվէրի հօրեղբայր Խալիլ փաշայի հետ, խնդրելով կարգաւորել հայ-թաթարական լարուած յարաբերութիւնները եւ վերջ տալ ազգամիջեան կռիւներուն: Մեհմէտ Ալի եւ Խալիլ փաշա խոստացան «ծանօթանալ» իրերու դրութեան եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ համատեղ «փորձել» լուծումներ գտնել ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար:

Միւս կողմէ, Ալեքսանդր Խատիսեան Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Թալէաթի ու Էնվէրի հետ: Հայ ազգի ջարդարարները  հաւաստիացուցին, որ Ղարաբաղի վրայ յարձակում պիտի չկատարուի:

Խատիսեանի բողոքին վրայ, որ օսմանեան զօրքերը ազրպէյճանական զօրամասերուն հետ կը պատերազմին Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ, Օսմանեան կայսրութեան նոր նշանակուած վարչապետ Ահմէտ Իզզէթ փաշա հայկական պատուիրակութեան հաղորդեց, որ օսմանեան զօրամասերուն յանձնարարուած է դուրս գալ Ղարաբաղէն:

* * *

Շուշիի մէջ կեդրոնացած թրքական զինուորական իշխանութիւնները, իրենց պարտութեան վրէժը լուծելու համար որոշեցին մահապատիժի ենթարկել Արցախի ժողովրդական կառավարութեան ձերբակալուած անդամները:

Մահապատիժի վճիռը պիտի գործադրուէր անմիջապէս, երբ յանկարծ Շուշի հասաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան եւ Մուտրոսի զինադադարի ստորագրութեան (30 հոկտեմբեր 1918) լուրը:

Պարտուած Օսմանեան կայսրութեան եւ յաղթական դաշնակիցներուն միջեւ ստորագրուած Մուտրոսի զինադադարի 11-րդ յօդուածին համաձայն թրքական զօրքերը պիտի քաշուէին Անդրկովկասէն: 16-րդ յօդուածը կը նախատեսէր թրքական զօրքերու հեռացումը Կիլիկիայէն: Իսկ 24-րդ յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր. «Հայկական նահանգներէն որեւէ մէկուն մէջ անկարգութիւններու պարագային դաշնակիցները իրենց իրաւունք կը վերապահեն գրաւելու անոր մէկ մասը»:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ճեմիլ Ճահիտ պէյ հրամայեց ազատ արձակել ձերբակալուած հայերը:

Թրքական գրաւող զօրքերը փութով հեռացան Շուշիէն, ինչպէս նաեւ Պաքուէն եւ Աղտամի ու Գանձակի մէջ կեդրոնացան: Այնուհետեւ անոնք սկսան բռնել տունդարձի ճամբան:

Ազրպէյճանէն օսմանեան զօրքերու հեռացման պայմաններուն տակ բրիտանական զօրքեր զօրավար Թոմսընի գլխաւորութեամբ առաջադրանք ստացան Պաքու մտնելու:

Զօրավար Ուիլիըմ Մոնթկոմըրի Թոմսըն նոյեմբեր 16-ին Իրանի Պենտէր Էնզելի քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան ներկայացուցիչներ Նասիպ Եուսիֆպէյլիի, Մուսա պէյ Ռաֆիեւի եւ Ահմէտ Աղաօղլուի հետ:

Բրիտանական ուժեր Պաքու պիտի մտնէին ապահովելու համար օսմանեան զօրքերուն հեռացումը Ազրպէյճանէն, ինչպէս նաեւ պիտի խափանէին հայկական ուժերու մուտքը Պաքու: Բրիտանացիք ազրպէյճանական տեղական ուժերու աջակցութեամբ խնամակալութիւն պիտի ստեղծէին Պաքուի մէջ: Պաքուի քարիւղի հանքերէն Բրիտանիոյ պարենաւորումը պիտի ապահովուէր: Բրիտանիա նաեւ յանձնառութիւն կը ստանձնէր իր աւարտին հասցնելու Անդրկովկասի երկաթուղիին կառուցումը:

Յաջորդ օր, 17 նոյեմբեր 1918-ի կէսօրին «Քրուկըր», «Թուլա» եւ «Էվելինա» նաւերով բրիտանացի երկու հազար զինուորներ զօրավար Ուիլիըմ Մոնթկոմըրի Թովսընի գլխաւորութեամբ Պաքու ցամաք ելան: Նաւահանգիստին մէջ անոնք պաշտօնական ընդունելութեան արժանացան:

Այնուհետեւ Պաքուի երկաթուղիի կայարանի հրապարակին վրայ ժողովրդային ընդունելութիւն կատարուեցաւ: Արտաքին գործոց նախարար Ատիլ խան Զիաթխանով բարի գալուստի խօսք արտասանեց:

Թոմսըն պատասխանեց ըսելով, որ ինք եկած է փոխարինելու օսմանեան զօրքը եւ պահպանելու Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:

Բրիտանական ուժերուն հետ էր ռուսական զինուորական ջոկատ մը զօրավար Նիկոլայ Պարաթովի գլխաւորութեամբ: Պարաթով բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք բրիտանական Հնդկաստան ապաստանած էր: Ռուս զինուորներու ներկայութիւնը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Պաքուի ռուսերուն կողմէ:

Զօրավար Թոմսըն նոյն օրն իսկ, նոյեմբեր 17-ին Պաքուի մէջ ռազմական դրութիւն հաստատեց եւ ինքզինք զինուորական կառավարիչ հռչակեց:

 

 

Նախորդը

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդը Ժամանեց Լիբանան Եւ Ստացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութիւնը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?