Անցնող դարասկիզբի Հայոց պատմութեան էջերը լեցնող Ցեղասպանութեան զարհուրանքներն ու արիւնալի կռիւները ունեցան նաեւ իրենց փայլատակումներու ադամանդեայ վայրկեանները` Մուսա Լեռ, Սասուն, Վան, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ բազում մեծ ու փոքր գիւղեր կեանքի ու մահուան պատմութիւնը հերոսներու արեամբ փորագրեցին յաւերժութեան ապառաժեայ ճակատին վրայ: Եւ այս բոլորը եկան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ինչպէ՛ս հրաշքներ կրնան գործել ժողովուրդի մը ազատատենչ զաւակները, երբ ազատութեան ոգին մշտավառ է եւ նուիրումը` անսակարկ:
Մուսա Լերան առիւծասիրտ զաւակները` վստահած իրենց պապենական սրբազան լերան, գերմարդկային քաջութեամբ, 1915 թուականի Եղեռնի համատարած սուգին մէջէն, գալիք սերունդերու յիշողութեան, Հայոց պատմութեան մատեաններուն եւ միջազգային քաղաքական շրջանակներու գիտակցութեան մէջ դրոշմեցին յաղթանակի անջնջելի էջեր:
Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, եկէք, նախ անդրադառնանք Լիբանանի Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան տուն տուող պատճառներուն:
Մուսա Լերան Պարպումը
Նկատի ունենալով, որ 23 յուլիս 1939-ին Սանճաքը վերջնականապէս Թուրքիոյ կը կցուէր Փարիզի մէջ կնքուած ֆրանքօ-թրքական դաշնագիրով, շրջանի հայութիւնը յաջորդող մէկ շաբթուան ընթացքին պէտք էր լքէր թրքական հողերը: 1938-ի աշնան եւ յաջորդող տարուան ձմրան հայերու 70 տոկոսը արդէն գաղթած էր շրջանէն: 1939 թուականի յուլիս 17-ին կը սկսի Մուսա Լերան գիւղերու պարպումը: Եւ` դարձեալ գաղթականութիւն, երբ տակաւին նախորդ գաղթականութեան յիշողութիւնը թարմ էր բազմաչարչար գիւղացիներուն մտքերուն մէջ: Մուսալեռցին` արցունքը աչքերուն, կը բաժնուէր իր հայրենի դարաւոր գիւղերէն ու լեռներէն:
Ֆրանսական բանակին հսկողութեան տակ գիւղացիները քանի մը ժամէն կ՛անցնին Քեսապի մօտէն ու կը մտնեն Սուրիա: Յուլիս 23-ին Մուսա Լերան գիւղերը արդէն իսկ պարպուած էին իրենց բոլոր բնակիչներէն: Միայն Վագըֆ գիւղին մէջ կը մնան քանի մը ընտանիքներ, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր:
Մինչեւ 23 յուլիս 1939 Սանճաքի Մուսա Լերան եւ Քըրըք Խանի 35 հազար հաշուող հայութիւնը, ինչպէս նաեւ 20 հազար արաբներ եւ չերքեզներ կը հեռանան Սանճաքէն եւ կը հաստատուին Սուրիա կամ Լիբանան: Մուսալեռցիներու առժամեայ բնակավայր կը դառնայ Պասիթը` Քեսապէն շուրջ 4 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք գտնուող ծովեզերեայ շրջանը:
Մուսալեռցիք Պասիթի մէջ մնացին 40 օր, ցախով կամ սաւաններով ծածկուած հիւղակներու մէջ: 40 դաժան եւ տխուր օրեր: Պասիթէն միայն ցաւալի յիշատակներ մնացին Մուսա Լերան ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Այն օրերուն, երբ մուսալեռցիք դաժան օրեր կ՛անցընէին Պասիթի մէջ, ֆրանսական իշխանութիւնները աշխատանք կը տանէին աւարտելու նոր բնակավայրի մը գնումը Մուսա Լերան ժողովուրդին համար: Մուսալեռցի ղեկավար եւ սուրիական խորհրդարանի անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեան մեծ դեր կ՛ունենայ նոր կայքի ապահովման մէջ եւ փաստօրէն կը դառնայ անոր հիմնադիրը: Կ՛ապահովուի Այնճար անունով ընդարձակ կիսանապատային դաշտը, Լիբանանի Պեքա դաշտին արեւելեան կողմը, սուրիական սահմանին մօտ, լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթայի ստորոտին: Երբ ամէն կարգադրութիւն կ՛աւարտի, մուսալեռցիք Պասիթէն նաւով նախ կը փոխադրուին Թրիփոլի, ուրկէ շոգեկառքով` Ռայաք, եւ վերջապէս` բեռնատար ինքնաշարժներով` Այնճար, 4 սեպտեմբեր 1939-ին: Եւ ահա կը սկսի Այնճար գաղթակայանի նոր պատմութիւնը:
Այնճար Հայաւանի Ծնունդը
Ֆրանսական իշխանութիւնները` գործադրելով Ազգութիւններու դաշնակցութեան Գաղթականաց յանձնախումբին որոշումը, կը գնեն Այնճարի հողամասը, ուր մուսալեռցիք հիմը կը դնեն իրենց նոր արծուաբոյնին:
Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Կառուցուեցաւ Այնճար Հայաւանը
Այնճար Պեքայի դաշտին մէջ միակ գիւղն է, որուն համար նախ պատրաստուած է յատակագիծ եւ ապա` կառուցուած: Այնճարի յատակագիծը, որ կը ներկայացնէ թեւերը բաց արծիւ մը, պատրաստուած է հայազգի ճարտարապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ: Այնճար կը գտնուի Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ` գրեթէ երկու մայրաքաղաքներուն մէջտեղը, Պէյրութէն 60 քմ, իսկ Դամասկոսէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այնճարի տարածութիւնը 1800 հեկտար է, որ կ՛ընէ 18 քառակուսի քիլոմեթր: Իսկ ծովէն բարձրութիւնը` 900 մեթր: Այնճար գիւղաքաղաքը, յատակագիծին համաձայն, բաժնուած է վեց գիւղերու` Մուսա Լերան գիւղերուն անուններով:
1939-ին, երբ մուսալեռցիք Այնճար ժամանեցին, կը հաշուէին 5125 հոգի, 1205 ընտանիք: Այնճարի գլխաւոր պողոտային գագաթը կառուցուած է Ս. Պօղոս Հայց. առաքելական եկեղեցին, որուն կողքին` Ազգային «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանները: Առանձին տեղեր տրուած են Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինութեանց համար: Այնճարի մէջ տեղաւորուեցան 1050 ընտանիքներ, որոնցմէ 803-ը` հայ առաքելական, 165-ը` հայ կաթողիկէ, եւ 82-ը` հայ աւետարանական: Գաղթականները նախ հաստատուեցան Բարեգործականին տրամադրած վրաններուն տակ` բիւզանդական Քալքիս կոչուած փլատակ բերդի աւերակներուն վրայ: Նախնական տարիներուն բնութեան դաժան պայմանները, սնունդի եւ ջուրի տագնապը ծանր կացութիւն ստեղծեցին: Գաղթականներուն մէկ մասը մնաց Այնճար` անձուկ եւ մահասարսուռ պայմաններու մէջ, իսկ մաս մըն ալ, գլխաւորաբար` հիւանդ մանուկներ եւ ծերեր, հիւրընկալուեցան Պեքայի շրջակայ գիւղերու` Մեժտելի, Ռայաքի, Պար Իլիասի, Զահլէի գիւղացիներուն կողմէ, որուն համար երախտապարտ կը մնանք մինչեւ այսօր:
Այնճարի մէջ տուներու շինութիւնը սկսաւ 1940 թուականին: Իւրաքանչիւր ընտանիքի համար կառուցուեցաւ միայն մէկ սենեակ, որուն կողքին` փոքր արտաքնոց մը : Իւրաքանչիւր տան համար տրամադրուեցաւ 400 քառակուսի մեթր հողամաս տան կողքին եւ 3000 քառակուսի մեթր հողամշակութեան տարածք մը: Ասոնց զուգահեռ, սկսան եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինարարութեան աշխատանքները, որոնք արդէն իսկ սկսած էին գործել վրաններու տակ:
Իւրաքանչիւր համայնք նախաձեռնեց իր եկեղեցին եւ դպրոցը կառուցելու աշխատանքին: Սակայն նորահաստատ գաղթականներուն համար մեծագոյն խնդիրը ապրուստի հարցն էր: Այդ տարիներուն մալարիան կը սկսի սաստիկ աւեր գործել գաղթականներուն մէջ: Այնճարի հիւանդներուն մէկ երրորդէն աւելին այս հիւանդութենէն կը տառապէր, եւ մահերը բազմաթիւ էին: 1942-ի ամրան Այնճարը շատ գէշ համաճարակ մը կ՛անցընէր. միայն մէկ ամսուան ընթացքին կը մահանային 130-է աւելի գաղթականներ, իսկ առաջին երկու տարիներուն մալարիայի, փորհարութեան եւ չքաւորութեան պատճառով կը մահանան 200-է աւելի մուսալեռցիներ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Գարակէօզեան» եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ կը հիմնուին մանկախնամ կեդրոններ, դարմանատուներ, եւ կը տրամադրուին առողջապահական այլատեսակ սպասարկութիւններ: Քայլ առ քայլ Այնճարը կը դադրի անապատ ըլլալէ ու կը սկսի ծաղկիլ` շնորհիւ հայ գիւղացիի տքնաջան աշխատանքին եւ աննկուն կամքին:
Այնճարի զարգացումը կը շարունակուի արագ թափով` մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը, որուն պատճառով Լիբանան կը մտնէ խառնակ ժամանակաշրջանի մը մէջ ու կը դադրի երկրին զարգացման ընթացքը: Վերջին տարիներուն, սակայն, խաղաղութեան հաստատումով Այնճար դարձեալ կ՛ապրի զարգացման արագ եւ աստիճանական վերելք: Գիւղը նոր տարազ կը հագնի, որ բոլորովին տարբեր էր այլեւս անցեալէն: Հին օրերու կիսանապատային, մահաբոյր գաղթակայանը կը փոխակերպուի նոր օրերու կանաչապատ, գեղատեսիլ եւ լուսաւոր գիւղաքաղաքի, կը կառուցուին արդիական քաղաքապետարանը եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնը: Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ եւ գիտութեան բարիքներէն օգտուելով` 2022-ին կը տեղադրուին արեւային վահանակներ` խնայողութեամբ ընդմիշտ լուսաւոր պահելու Այնճար հայաւանի տուներն ու փողոցները:
Հոս կ՛արժէ նշել, որ 1939-1945 թուականին, երբ մուսալեռցիք Այնճարի մէջ կ՛անցընէին իրենց ամէնէն դժուար տարիները, Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն անմիջապէս ետք` 1946 թուականին, կը հնչեն Հայաստան ներգաղթի զանգերը` հրաւիրելով սփիւռքահայերը հայրենիք` իրականացնելու իրենց դարաւոր երազը:
Ստեղծուած ընդհանուր խանդավառութենէն անմասն չմնացին մուսալեռցիք: 1946-47 Պէյրութի նաւահանգիստէն 650 ընտանիքներ Այնճարէն եւ 50 մուսալեռցի ընտանիքներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր քաղաքներէն կը ներգաղթեն Հայաստան: Մուսալեռցիք կը հաստատուին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ եւ կ՛աշխատին արդիւնաբերական մարզերու մէջ: Անոնք փայլուն յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն ուսման, գիտութեան, լուսաւորութեան եւ կրթութեան ասպարէզներուն մէջ ու այսպէսով կը մասնակցին Հայաստանի զարգացման եւ վերելքին: Հայաստանի մէջ եւս մուսալեռցիք պահեցին իրենց բարբառն ու սովորութիւնները եւ շարունակեցին ամէն տարի, սեպտեմբեր ամսուն նշել Մուսա Լերան հերոսամարտը: 1972-ին Էջմիածնի շրջանի Գինեվետ աւանը կը վերանուանուի Մուսա Լեռ, որուն բարձունքին վրայ 1976 թուականին կը կառուցուի յուշակոթող մը` յարակից թանգարանով, որ կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան մարտիկներու ազատագրական ոգին եւ քաջութիւնը:
Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւնը կը տանի բեղուն գործունէութիւն Հայաստանի մէջ` կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, համագումարներ եւ այլն: Հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ 2015 թուականին Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանին մէջ մեծ շուքով եւ պետական այրերու մասնակցութեամբ տօնախմբուեցաւ Մուսա Լերան պանծալի հերոսամարտին 100-ամեակը:
2024, Թորոնթօ
(Շար. 1)