ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երկիրները պէտք է տարբեր գործիքներ ունենան իրենց զինանոցին մէջ` իրենց թշնամիներուն հակազդելու կամ զանոնք տկարացնելու համար: Ամէնէն յայտնի միջոցը ուժի կիրարկումն է: Սակայն ռազմական ուժի պակասին պատճառով Հայաստան չի կրնար այդ մէկը յաջող ձեւով գործադրել:
Ուրիշ հնարաւոր միջոց մըն ալ թշնամի պետութիւններու ապակայունացումն է` ներքին խռովութիւններ ստեղծելով եւ անոնց ճնշուած փոքրամասնութիւնները հրահրելով:
Երրորդ միջոցը թշնամի ազգին եւ անոր դաշնակիցներուն միջեւ պառակտում յառաջացնելն է` օգտագործելով «Բաժնէ՛, որ տիրես» յայտնի ասոյթը: Հայաստանը շրջապատուած է երկու թշնամի դրացիներով` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք իրենք զիրենք կը կոչեն «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն»: Հետեւաբար Հայաստան պէտք է փորձէ սեպ խրել անոնց բաժանման անդունդին մէջ աւելի խորացնելով անոնց տարակարծութիւնները, երբ նման կարելիութիւններ ծագին:
Վերջին 30 տարիներուն ընթացքին առնուազն երեք անգամ Հայաստանի երկու հիմնական թշնամիները իրենք իրենց միջեւ ունեցած են անհամաձայնութիւններ:
Առաջին օրինակը եղած է 1995-ի մարտ ամսուն, երբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, Թուրքիոյ որոշ խմբակցութիւններու աջակցութեամբ, փորձեցին պետական յեղաշրջում իրականացնել նախագահ Հեյտար Ալիեւի դէմ: Անոնք կը ձգտէին իշխանութեան վերադարձնել 1993 թուականին Ալիեւի կողմէ տապալուած նախկին նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյը:
Թուրքիոյ վարչապետ Թանսու Չիլլեր, որուն գլխաւոր օգնականները միջամուխ էին յեղաշրջումի աշխատանքին մէջ, կանաչ լոյս տուած էր Ալիեւէն ձերբազատելու համար: Յեղաշրջումը ձախողեցաւ, երբ Թուրքիոյ նախագահ Սուլէյման Տեմիրել իմացաւ դաւադրութեան մասին եւ զգուշացուց նախագահ Ալիեւը: Ըստ «Ուիքիփետիա» հանրագիտարանին, յեղաշրջումի փորձը «դիւանագիտական ճգնաժամ յառաջացուց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ»:
Ասիկա փախցուած առիթ մըն էր Հայաստանի կառավարութեան համար 1995 թուականին` օգտագործելու յեղաշրջումի փորձը, որուն իբրեւ հետեւանք` Ազրպէյճանի կառավարութեան մէջ ստեղծուած էր խառնակ իրավիճակ` երկու թշնամիները իրարմէ աւելի եւս հեռացնելու եւ բաժնելու, պառակտումը հրապարակելով եւ շեշտադրելով:
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկրորդ ճգնաժամը ծագեցաւ 2009 թուականին` հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան փուլին: Այդ արձանագրութիւններուն մէջ պիտի սահմանուէր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորում, ներառեալ` պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում, հայ-թրքական սահմանի բացում եւ ձեւաւորումը միացեալ յանձնախումբի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող: Սոյն արձանագրութիւններուն կը միջնորդէին Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան:
Ազրպէյճան դէմ էր արձանագրութիւններու վաւերացման` այն մտավախութեամբ, որ եթէ Թուրքիա կարգաւորէ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, ուրեմն պիտի տկարանար Ազրպէյճանի ճնշումը Հայաստանի վրայ` Արցախի հակամարտութեան հարցով:
Թուրքիան ինքզինք գտաւ բազմաթիւ հակասութիւններու դէմ յանդիման. այսպէս`
1) Թուրքիան կը փափաքէր հետապնդել իր անձնական շահերը` Հայաստանի հետ լարուած յարաբերութիւններու մեղմացումով, վերացնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերեալ հայկական վաղեմի պահանջները:
2) Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը բանեցուէր Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, որպէսզի ան վաւերացնէ վերոյիշեալ արձանագրութիւնները:
3) Ազրպէյճան` Թուրքիոյ կրտսեր գործընկերը, ի սկզբանէ դիւանագիտական ճնշում բանեցուց վերջինիս վրայ, եւ ապա սպառնաց կասեցնել կազի արտածումը կամ բարձրացնել գինը: Երբ ատիկա ակնկալուած արդիւնքը չտուաւ, Ազրպէյճան փակեց թրքական հովանաւորութեամբ գործող քանի մը մզկիթներ եւ վերցուց թրքական դրօշակները: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը «ուղղակի կը հակասէ Ազրպէյճանի ազգային շահերուն եւ կը վտանգէ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ պատմական խոր արմատներու վրայ hիմնուած եղբայրական յարաբերութեան ոգին»:
Այս անգամ ալ Հայաստանը այս հակամարտութեան մէջ պարզապէս հանդիսատես էր: Ի վերջոյ, Թուրքիան ազրպէյճանական ճնշումներուն տեղի տուաւ եւ արձանագրութիւնները վաւերացնելէ հրաժարեցաւ:
Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վէճ տեղի կ՛ունենայ նոյնիսկ այս պահուն, երբ նախագահ Էրտողան խայտառակեց Ազրպէյճանը` յուլիս 28-ին յայտարարելով. «Ինչպէս մտանք Ղարաբաղ, ինչպէս մտանք Լիպիա, նոյնը պէտք է ընենք Իսրայէլի պարագային: Մեզ ոչինչ կրնայ կասեցնել: Մենք պարզապէս պէտք է զoրաւոր ըլլանք այս քայլը առնելու համար»:
Ազրպէյճանի պաշտօնեաները վճռականօրէն դէմ արտայայտուեցան Էրտողանի յայտարարութեան, քանի որ այդ բացայայտումն էր ազրպէյճանական առասպելին, որ կ՛ըսէր, թէ իրենք յաղթեցին արցախեան պատերազմին առանց որեւէ արտաքին օժանդակութեան: Փաստն այն է, որ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանին աջակցած են թուրք զինուորականները և հրամանատարները, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր իսլամ վարձկանները, զորս Թուրքիան Սուրիայէն բերած էր Արցախ` պատերազմելու համար հայերուն դէմ:
Անտեսելով Ազրպէյճանի ժխտումները` Էրտողան շարունակեց կրկնել յայտարարութիւնը` արցախեան հակամարտութեան մէջ թրքական բանակի ներգրաւուածութեան մասին: Օգոստոսի 1-ին ան ըսաւ. «Ղարաբաղի մէջ մենք ազերի եղբայրներուն հետ ամբողջութեամբ ոչնչացուցինք թշնամիին ուժերը»:
Ազրպէյճանի պաշտօնական թերթի խմբագրական սիւնակին մէջ հրատակուեցաւ հետեւեալը. «Մեր ժողովուրդը, բանակը եւ հրամանատարը հիասթափութեամբ եւ խոր ցաւով կը նային մեր յաղթանակի սեփականացման փորձերուն: Ազրպէյճանի յաղթանակը համաթուրանական աշխարհինն է, սակայն անոր ճարտարապետը Թուրքիան չէ: Ղարաբաղի յաղթանակի ճարտարապետներն են` Գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Ալիեւն ու ազերի բանակը»: Ազերի պաշտօնական թերթը Էրտողանի խօսքերը որակեց «բարոյական ծանր հարուած»:
Պաքուն Թուրքիոյ հետ իր անհամաձայնութեան հետամուտ եղաւ դիւանագիտական ուղիներով: Յուլիս 29-ին Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետով հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մեհմետ Քեմալ Պոզայի հետ` բողոքելով Էրտողանի յայտարարութեան դէմ: Այնուհետեւ, Մամետով յաջորդ օրն իսկ այցելեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պերիս Էքինճիին, որպէսզի նոյն գծով երկրորդ անգամ եւս բողոքէ:
Բարեբախտաբար Հայաստանի վարչապետը արձագանգեց այս վէճին եւ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` օգոստոս 31-ի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «44-օրեայ պատերազմի ընթացքին [2020 թուական] բազմաթիւ դիրքերու վրայ մեր մարտական խումբերը տեսած են թրքական դրօշակներ, թրքական զինուորներ, Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայիններ, թուրք բարձրաստիճան սպաներ: Եւ եկէ՛ք չմոռնանք, որ 44 օրուան պատերազմին նախորդեցին լայնածաւալ զoրավարժութիւններ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Եւ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Թուրքիոյ պատկանող F-16 ինքնաթիռները միշտ եղած են օդը` բառիս բուն իմաստով, անոնց հետ նաեւ` Թուրքիոյ պատկանող անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք սպասարկուած էին թրքական անձնակազմին կողմէ»:
Արդի պատերազմները միայն զէնքով չեն կատարուիր: Ազգերը նաեւ հոգեբանական պատերազմ կը մղեն, ապատեղեկութիւններ կը տարածեն, թշնամի երկիրներու մէջ ներքին խռովութիւններ կը հրահրեն եւ կ՛որդեգրեն «Բաժնէ՛, որ տիրես» քաղաքականութիւնը: Հայաստան պէտք է օգտագործէ այս բոլոր միջոցները` իր թշնամիները տկարացնելու եւ իր ազգային շահերը պաշտպանելու համար:
Եթէ Հայաստանն այդպիսի մասնագիտական գործողութիւններու փորձառութիւն չունի, կան խորհրդատուական ընկերութիւններ, զորս կարելի է վարձել, զէնքի վրայ ծախսուող միլիոններէն փոքր մաս մը անոր յատկացնելով` թշնամին ներսէն պառակտելու համար:
www.TheCaliforniaCourier.com
Թարգմանեց`
ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ


