Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լեռ – Այնճարի 85-Ամեակին Առիթով…

September 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Մայրիներու երկիրին մէկ փոքր տարածքին ուրուագծուած է արծուաթռիչ հայաւան մը, որ ամրակուռ փարթամութեամբ կանգնած է 85-ամեայ իր պատմութեամբ, հերոսամարտով, բարբառային իր հարստութեամբ, աւանդութեամբ եւ այն բոլոր արժէքներով, որոնք զինք կը դարձնեն` իւրայատուկ, կենսունակ, հիւրընկալ, մի՛շտ պատրաստ ծլարձակելու ու նուիրագործ իր շողերը սփռելու վերապրումի բուռն կամեցողութեամբ:

Իր մկրտումը ստացած է Այնճար անուանումը, որ զուլալ ակին բարի դրացնութիւնը կը վայելէ, նաեւ արեգակնային հրապոյրով մշակներուն անխոնջ աշխատանքը դալարապատ հորիզոն մը կը բանայ այն հայեացքներուն դիմաց, որոնք յառած կը մնան եւ յաճախ կը փութան հասնելու հայատրոփ բնութեան գիրկը. մայրաքաղաքէն ու արտասահմանէն հասնող հայրենակիցներու սիրտին հետ կարծես կը բաբախեն հայրենիքի կարօտն ու անսահման սէրը…

Սերնդափոխութեան զանազան փուլեր ապրած անցեալի յիշատակարանը կը վկայէ մուսալեռնցիներու Այնճար ապաստանելու տքնաջան աշխատանքները` դիմադրելով ամէն դժուարութեան, որ կը սպառնայ իրենց կեանքին, գոյութեան, զարգացման ու յարատեւման: Աւելի՛ն. հերոսամարտի յաղթանակը նո՛ր թափ կու տայ յաջորդող ծրագիրներուն, ինչպէս թմբուկն ու զուռնան կը հանդիսանան ներշնչանքը միասնականութեան պատնէշի հզօրացումին:

Վառ պահել գիտակցութեան հրաբորբ ճրագը` կը նշանակէ անառիկ պահել մեր ազգային հնոցը, որուն թմբիրէն արժանաւորապէս կը հնչեն մաքառումի, խիզախութեան ու յաղթանակի անվեհեր ղօղանջները, կամաւորական շարքերու կազմաւորումն ու թշնամիին դէմ պայքարը, զինուելու միտքի ու հոգիի դաստիարակիչ սնունդով, հանդիսանալու արուեստի ու արհեստի զանազան ոլորտներու ջատագովը, եւ ազգային կառոյցներու հարթած ճանապարհով դառնալու առաջնորդն ու հսկիչը, փարոսն ու վկան, քաջարի մարտիկն ու նահատակը գիւղին, ըլլալու փառքը բոլոր սերունդներուն, ծրագիրներու համար տքնող անշահախնդիր, անձնուրաց որդիներուն, որոնք գրիչին, բահին ու փետուրին կը շաղախեն իրենց ամենաթանկը` իրենց դալար կեանքը, եւ կը մոռնան ժամանակի սլաքն ու կեանքի զանազան վայելքները:

85-ամեայ պատմութեան էջերը կը կազմեն հարուստ գանձարան մը ո՛չ միայն Այնճարի մէջ ապրող հայութեան, այլեւ` աշխարհի որեւէ անկիւնը ապրող հայրենակիցին, որ իր հայեացքը սեւեռած կը պահէ ինչպէս Արարատի ձիւնասպիտակ կատարին, նոյնպէս ալ Մուսա Լերան հերոսական սխրանքներու բովին` մի՛շտ պատրաստ պանծացնելու եռագոյն դրօշը` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի կամարին:

Գիտակից ու ժրաջան գործունէութեամբ պահպանենք ու ամրապնդենք գոյերթը այս հայաբոյր օրրանին, որ կը բաբախէ մեզմով, մի՛շտ երիտասարդ ու առոյգ 85-ամեայ իր երթով…

Այնճար, սեպտեմբեր 2024

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար. «Սփիւռքահայ Թատրերգութիւնը»

Յաջորդը

Քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.