Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Թեմի Առաջնորդներու Հանդիպում
11 սեպտեմբերին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Քանատայի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեցին հերթական ժողով մը: Առաջին հերթին երկու սրբազան հայրերը շնորհաւորեցին Գեղամ արք. Խաչերեանը Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու եկեղեցական, կրօնական, երեք թեմերը յուզող հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներու մասին:
Սրբազան հայրերը հեռաձայնային կապ հաստատեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, որ բարձրօրէն գնահատեց անոնց ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը` ի տես Սուրբ Աթոռին եւ թեմերու համագործակցութեան: Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր թեմի մէջ ծուխերու հզօրացումը եւ առաւելագոյն չափով մարդուժի ներգրաւումը պէտք է սեւեռակէտ ըլլան հաւաքական աշխատանքներուն:
Առ այդ, սրբազան հայրերը խորհրդակցաբար որոշեցին` մարդուժի ցանկագրման եւ կազմակերպման աշխատանքային ծրագիրը առաւել եւս աշխուժացնել, վերատեսութեան ենթարկել «Հոգեւորականաց ուղեցոյց»-ը, որ կ՛ընդգրկէ ծիսական, խորհրդակատարական, կարգապահական եւ յարաբերական կեանքի բազմազան երեսներ, կատարել թեմերու դաստիարակչական ու հրատարակչական ծրագիրներու փոխանակում եւ օգտագործում, ֆրանսահայ մասնագէտի մը առաջադրած «Միասին» յարաբերական եւ ընկերային հարթակի որդեգրման եւ տարածման քաջալեր հանդիսանալ, կատարելով ներդրումներ ծրագրին յաջողութեան համար, Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ յատուկ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպել, 2025 թուականին յատուկ հանդիսութիւններով տօնախմբել Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան երեսնամեակը, շարունակել լիբանանահայ եւ սուրիահայ վարժարաններու զօրակցութիւնը:
Երեք առաջնորդները որոշեցին յառաջիկային հերթական ժողովները շարունակել:
Ժողովէն ետք առաջնորդները մասնակցեցան Նիւ Եորքի Յոյն ուղղափառ Սուրբ Նիկողոս եկեղեցւոյ մէջ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքին զոհ գացած անմեղներու յիշատակին նուիրուած արարողութեան:
Սրբազան հայրերը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսին, որ կազմակերպած էր յիշատակի արարողութիւնը:
Այս առթիւ Գեղամ արք. Խաչերեան անոր նուիրեց Յունաստանի Սուրբ Սինոտի պաշտօնական հրամանագրով Արամ Ա. կաթողիկոսի «The Armenian Church» հատորի յունարէն թարգմանութեան նորատիպ օրինակը: Յիշենք, որ Սուրբ Սինոտին այս որոշումը աննախընթաց է, ինչ որ ցոյց կու տայ նորին սրբութեան հանդէպ իրենց տածած բացառիկ վերաբերմունքը` միջեկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս անոր տարած անխոնջ աշխատանքներուն:
«Անկրկնելի Հալէպը» Հատորին Ներկայացումը
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրական միաւորին եւ «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 22 օգոստոսին Փասատինայի «Ճիվելեկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» գիրքին ներկայացումը:
Գրական միաւորի ատենապետ Սոնա Մատարեան ծանօթացուց Հալէպի երբեմնի «Կիլիկիա» գրատան եւ հրատարակչատան հիմնադիր եւ սեփականատէր Մաթիկ Էպլիղաթեանը, որ Հալէպի մէջ ծայր առած պատերազմին պատճառով 2012-ին ակամայ հեռացած էր իր ծննդավայրէն եւ ընտանեօք հաստատուած` Զուիցերիա:
Այնուհետեւ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեան ներկայացուց հատորը` անդրադառնալով հոն տիրող կարօտաբաղձութեան մթնոլորտին, որուն անմիջական արգասիքն էր հատորը: 25 գլուխներէ բաղկացած, հալէպահայութեան կեանքին յետեղեռնեան ազգային, մշակութային կազմակերպական կեանքին ծալքերը իւրայատուկ պատումներու ընդմէջէն ներկայացնող հեղինակը իր հոգիին եւ մտքին պրիսմակին ընդմէջէն անցեալը վերակենդանացուցած էր` պատկերելով Հալէպի հարազատ միջավայրը, կատարելով մէջբերումներ:
Ապա գրական միաւորի անդամներ Վանիա Պապիկեան եւ Մարալ Վարժապետեան եւ «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղէն Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան կարդացին գիրքէն հատուածներ:
Երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ նաեւ սահիկներու միջոցով ներկայացուց հին եւ նոր Հալէպէն պատկերներ, ուր կը պարզուէր պատերազմին պատճառով աւերուած քաղաքին համայնապատկերը:
Ապա գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան:
Աւարտին Նայիրի Մոմճեան յայտարարեց, որ ներկաները կրնան գիրքէն մակագրուած օրինակներ ունենալ, եւ հասոյթը պիտի նուիրուի Համազգայինին եւ Հալէպին:
Դոկտ. Հրակ Փափազեան Նշանակուեցաւ USC Հայագիտականի «Թրբանճեան» Ամպիոնի Դասախօս
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Տորնսիֆ» բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, որ դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուած է հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի դասախօս:
Դոկտ. Հրակ Փափազեան մասնագիտացած է Օքսֆորտ համալսարանին մէջ: Ան ծնած է Լիբանան եւ յաճախած` Համազգայինի Ճեմարանը եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է համայնքին մէջ: Ան դասաւանդած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Խոստումը» հայկական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն մէկը:
Դոկտ. Փափազեանի ուսումնասիրութիւններու կիզակէտը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ հայութիւնը:
Նշենք, որ համալսարանին մէջ կը գործէ նաեւ Թրբանճեանի անուան քաղաքացիական հասարակութեան եւ ընկերային փոփոխութեան ամպիոնը, որուն դասախօսը փրոֆ. Մանուէլ Փասթորն է:
Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հիւրընկալեց Քանատայի Խորհրդարանի Անդամ Սթեֆան Պերժերոնը
Սեպտեմբեր 11-ին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հիւրընկալեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Պլոք քեպեքուա կուսակցութեան արտաքին գործերու խօսնակ Սթեֆան Պերժերոնը: Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Քեպեքի Մոնթարվիլ ընտրատարածքի պատգամաւոր Պերժերոնի հետ քննարկուեցան նաեւ Արցախի հիմնահարցին եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Պերժերոն առիթ ունեցաւ հանդիպելու Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ծանօթացաւ անոնց աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին Հայ դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնեց Սթեֆան Պերժերոնին` քանատահայ համայնքին, Արցախին եւ Հայաստանին իր ցուցաբերած անշահախնդիր զօրակցութեան համար եւ այդ առթիւ անոր նուիրեց յանձնախումբին յատուկ շնորհակալական յուշատախտակը:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Հրակ Տարագճեան, Նորա Արուշեան, Յարութ Դաւիթեան, Հրակ Չինչինեան եւ Սագօ Եագուպեան:
Լոյս Տեսաւ Վազգէն Էթիեմեզեանի «Գրական Եւ Իմացական Էջեր» Հատորը
Համազգայինի Քանատայի շրջանի հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշարին հրատարակութեամբ, լոյս տեսաւ վաղամեռիկ մտաւորական, գրող եւ հրապարակագիր Վազգէն Էթիեմեզեանի (1943-1996) «Գրական եւ իմացական էջեր» hատորը:
Յարութիւն Պէրպէրեանի խմբագրած գիրքը մէկ հատորի տակ կը համախմբէ Վազգէն Էթիեմեզեանի գրական ստեղծագործութիւնները եւ իմացական յօդուածներն ու գրախօսականները, որոնք լոյս տեսած են «Ահեկան»-ի, «Սփիւռք»-ի, «Ազդակ»-ի,«Դրօշակ»-ի եւ «Բագին»-ի էջերուն մէջ, 1960-ականներէն 1985-ի միջեւ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի, Էթիեմեզեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով, Պէյրութի մէջ լոյս տեսած էր «Շաբթուան մտածումը» գիրքը, ուր հաւաքուած էին Էթիեմեզեանի քաղաքական-քաղաքագիտական եւ ընկերային-իմաստասիրական յօդուածները, որոնք լոյս տեսած էին «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի 1981-1985 տարիներու թիւերուն մէջ:
Քանատայի Հայոց Թեմը Կը Հրապարակէ Իր Հարթակը (APP)
Թեմի գործունէութիւնը իր եկեղեցիներով, առաւել եւս նորարարական դարձնելու անհրաժեշտութենէն մղուած` Ազգային առաջնորդարանը 2023-ին ձեռնարկեց հարթակի մը պատրաստութեան:
Ծրագրի աշխատանքները արդէն իսկ հասած են իրենց աւարտին եւ հարթակը Armenian Prelacy of Canada անունով IOS եւ Android տարբերակներու վրայ տրամադրելի է բոլորին:
Հարթակը կ՛ընդգրկէ` ժամերգութիւններ (գիշերային եւ առաւօտեան), ամէնօրեայ աղօթքներ (առաւօտեան եւ երեկոյեան), Նոր կտակարանի եւ սաղմոսներու լսագրադարանային տարբերակով, Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցը, «ԱՅՍ Է ՄԱՐՄԻՆ ԻՄ» թեմին պատրաստած սուրբ պատարագի բացատրութիւնը ներկայացնող տեսերիզը, ձայնագրեալ շարականներու հատորները, ինչպէս նաեւ` թեմի եկեղեցիներու տեղեկութիւնները եւ այլն:
Հարթակը շարունակական ձեւով պիտի օժտուի նոր տեղեկութիւններով եւ եկեղեցական գիտելիքներով:
Թեմի հարթակին կարելի է արձանագրուիլ (APP) Armenian Prelacy of Canada անունով APP STORE-էն/ Google Play-էն ներբեռնելու եւ օգտուելու տեղադրուած աղօթքներէն եւ եկեղեցական գիտելիքներէն:
Զուիցերիա
Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Ելոյթ
Վերջերս հրաւէրով գեղարուեստական ղեկավար Ֆրանսուա-Քսաւիէ Պոզատի եւ միջազգային երաժշտական փառատօնի կալա համերգի գեղարուեստական համակարգող Անի Գասպարեանի, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Լիւք Բաղդասարեանի հանդէս եկաւ Ժընեւի «Վիքթորիա» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Փուփլինկ Քլասիք» փառատօնին, որ այս տարի նշեց իր 15-ամեակը: Նուագախումբը արժանացաւ հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան:
Համերգին երկրորդ բաժինով սենեկային նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ զուիցերիական երիտասարդական նուագախումբը: Ասիկա նուագախումբի ելոյթներուն առաջինն էր` նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին:
Յայտնենք, որ ելոյթները իրականացուեցան աջակցութեամբ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:
Իրան
ՀՄԱԿ-ի 80-Ամեակին Նուիրուած «Երգի Մրցոյթ»-ի Կալա Համերգը
Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ 8 սեպտեմբերին «Արարատ» մարզաւանի «Այգեստան»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգի մրցոյթ»-ի մասնակիցներու կալա համերգը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղեդի Նազարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց մրցոյթի երկու փուլերէն անցած եւ երրորդ փուլ, այսինքն կալա համերգին հասած մասնակիցներու մասին` ընդգծելով, որ դատական կազմի որոշումով 25 նախնական մասնակիցներէն լաւագոյն 11 մասնակիցները առաջադրուած են կալա համերգին համար: Ան կարեւորեց նման նախաձեռնութիւնները նոր սերունդի մէջ արուեստը զարգացնելու գծով:
Կալա համերգին հայերէն եւ այլ լեզուներով հանդէս եկան` Էլին Պետրոսեան, Նելլի Մկրտչեան, Քեւին Մոսկոֆեան, Մինէ Հաթամեան, Լիանա Աղասեան, Նարէ Դարուսի, Վահէ Քարամեան, Ալիս Յովսէփեան, Բենիա Ասլանեան, Էրիկա Դաւթեան, Վիքթորիա Խեչումեան, Նազելի Փանոսեան, Կարին Մարգամեան եւ Էլւին Փանոսեան: Աւարտին ՀՄԱԿ-ի 80-ամեակը նշող յանձնախումբի նախագահ Համլեթ Խալոյեան բարձր գնահատեց սոյն նախաձեռնութիւնը, որ առիթ է ճանչնալու համայնքի տաղանդաւոր դէմքերը եւ զիրենք դաստիարակելով ներգրաւել միութիւններու երգչախումբերուն մէջ: Ան նաեւ գնահատական խօսք ուղղեց երգի մրցոյթի կազմակերպիչներուն, ուսուցչական եւ դատական կազմերուն, նաեւ` մասնակիցներուն:
Այնուհետեւ կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սոֆի Ջաղարբէգեանի եւ Համլեթ Խալոյեանի ձեռամբ գնահատուեցան մասնակիցները եւ այդ ծիրին մէջ իրենց աշխատանքը ծաւալած անձեր:
Իրաք
Թաղական Խորհուրդի Ընտրութիւն Տհոքի Մէջ
Օրհնութեամբ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, 6 սեպտեմբերին Տհոքի մէջ կատարուեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն:
Նորընտիր անդամներն են` Երուանդ Ամինեան, Սիվան Խաչատուրեան, Արտաւազդ սրկ. Գասպարեան, Արիֆ Կիրոյեան եւ Արի Բոգոսեան: Սրբազանը օրհնեց նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն` ժողովուրդին ծառայելու գործին մէջ: