Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութեան Պարտքը

September 28, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՐԷՅ ԺԸՄՄՕ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմի սկիզբի չորրորդ տարելիցն է: 9 նոյեմբեր 2020-ին հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր սրտէն կտոր մը, որ դարձաւ պատմականօրէն հայ ժողովուրդի ամէնէն ցաւալի հանգրուաններէն մէկը:

Արցախը միշտ եղած է հայրենիքէն անբաժանելի մաս մը, իսկ անոր կորուստին հետ հաշտուիլը անկարելի է` նկատի ունենալով, որ ազգ մը չի կրնար ստորագրութեամբ մը ջնջել 3000 տարուան իր հետքը եւ պատմութիւնը: Մենք` իբրեւ հայ երիտասարդներ, արդեօք բաւարար աշխատանք տարի՞նք Արցախը պահպանելու համար: Եթէ մեր նահատակները տեսնէին մեր ժողովուրդին վրայ գերիշխող ներկայ անտարբերութիւնը եւ յուսալքութիւնը, արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէին: Եթէ տեսնէին Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի հանդէպ արժէքային անկումը, ի՞նչ պիտի ըսէին: Բնականաբար մեր նահատակները յուսախաբ պիտի ըլլային:

Ընկերային ցանցերուն վրայ նկար մը կամ յայտարարութիւն մը տարածելը բաւարար չէ, ոչ ալ ինքնին չափազանց ազդեցութիւն ունեցող պայքարի ձեւ է, երբ ազգդ հզօր չէ, ու պետութիւնդ գերտէրութիւն չէ: Այս խօսքերուն կողքին, աշխատանք պէտք է այդ բոլոր գաղափարները գործադրութեան դաշտ տանելու: Աւելի՛ն. ներկայ դրութեամբ, մենք վերջին սերունդն ենք, որ իր աչքերովը տեսաւ Արցախը, անոր արտերը, այգիները, եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները, համալսարանները եւ քաղցր հողը: Ուրեմն մենք պարտականութիւն մը ունինք մեր պատմութիւնը, մշակոյթը եւ դատը պահելու ու մեզի փոխանցուած այդ նոյն բոցով շարունակել ներշնչել մեզմէ փոքր պատանիները, որոնք պէտք է ճանչնան Արցախը, ապրին անոր կարօտով եւ մեզի միանան, որպէսզի շարունակենք պայքարը ու վերատիրանանք մեր հայրենիքին:

Երիտասարդութիւնը ազգի մը գլխաւոր ուժն է, եւ միշտ այս պատճառով մենք մեզ պէտք չէ սահմանափակենք, երբ հարցը կը վերաբերի ազգային նիւթերու: Մենք` իբրեւ հայ երիտասարդներ, հարուստ ենք ազգային յեղափոխական արժէքներով, որուն արդիւնքով ծանր պատասխանատուութիւններ ունինք եւ կ՛ուզենք մշտապէս վերցնել: Այսինքն յուսախաբ ըլլալու ոչ առիթ ոչ ժամանակ ունինք:

Ուրեմն ստանձնենք յաւելեալ պարտականութիւններ, ըլլանք տիպար ու կարգապահ, ազգասէր ու հայրենասէր, որպէսզի կատարենք մեր ճիտին պարտքը` մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:

 

 

Նախորդը

Վերադա՛րձ

Յաջորդը

Սթափեցէք Տղա՛ք

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.