ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պիտի ըսուի, հաւանաբար, որ այս ինչ օրերու պատկեր մըն է, որ մեր դիմաց կը ներկայացուի, այսպէս ըսած, յիշելու նաեւ տխուր առիթները, թուականներն ու սիրտն ու հոգին մաշեցնող դիպաշարերը:
Նաեւ կրնայ ընդգծուիլ ու մեր ուշադրութեան յանձնուիլ արդար մտածում մը, հարցադրում մը անկեղծ, թէ ինչո՞ւ մենք` ազգովին, գերին ենք դարձեր ողբին ու ցաւին, փոխանակ վանելու այդ հոգեբանութիւնը եւ ձերբազատելու նման ճնշումներէ:
Արդեօք չի՞ բաւեր մեզ ուղեկցող դարերու տառապանքը, յատկապէս վերջին երկու հարիւրամեայ հայոց պատմութեան տարբեր փուլերուն արձանագրուած աղէտներն ու հաւաքական բռնութիւններու տեսականին:
Այլապէս ալ, հայոց պետականութեան վերականգնումը, ներկայի պատկերով հանդերձ, ապահովութիւն չի՞ ներշնչեր գալիք սերունդներու, խթան չի՞ հանդիսանար ազգովին վերականգնելու եւ մեր գոյութենական պայքարը շարունակելու:
Այո՛, ընդունելով եւ ըմբռնելով վերեւի մտածումները, կայ նաեւ մետալի միւս երեսը, միտքերու, կեցուածքներու եւ մօտեցումներու տարբերակը, որ առկայ է հայ կեանքին մէջ` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Այլ խօսքով` ազգային մեր կեանքը յուզող նկատառումներու թէ ապառողջ երեւոյթներու մասին է, որ պէտք է ահազանգուի, հանրութեան սեփականութիւնը դառնայ, առողջ ու անշահախնդիր քննարկման ենթակայ ըլլայ, ճիշդն ու սխալը ընդգծուի, ցաւոտ վիճակներու եւ ծանր մտահոգութիւններու հետ ազգը առերեսուի, որպէսզի նորահաս ու հետագայ սերունդներ առանց երկչոտութեան եւ ամօթանքի ընդունին այն, ինչ որ տխուր է եւ միւս կողմէ հպարտանան` ազգային պարունակին մէջ գոյութիւն ունեցող յաջողութիւններով եւ սխրանքներով:
Փաստօրէն, Արցախի կորուստով կամ յանձնումով արդի հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ «վէրք» մը, որ շատ խոր է, տարողունակ, գրեթէ անբուժելի եւ ապաքինումէ զերծ:
Եթէ երբեք կը յիշենք հպարտութիւն առթող թուականները, ատոնց զուգահեռ մեր մտքին մէջ կը տողանցեն ցաւոտ դիպաշարերը, որոնց ականատես եղանք ազգովին ու ապրեցանք ատոնց պատճառած անդոհանքը, պարզապէս որովհետեւ անոնց հետեւանքը այնքա՜ն ծանր կշռեց մեր հաւաքական կեանքին վրայ:
27 սեպտեմբեր 2020:
Այնքան չարչրկուած թուական մըն է, որ այս օրերուն կը յիշենք ու լռութեամբ զայն կ՛ոգեկոչենք, այն առումով որ, եթէ մէկ կողմէ անիկա ազգային հպարտութեան մէկ լուսաւոր էջը հանդիսացաւ իբրեւ սկիզբ` թուրք-ազերի հորդաներու յարձակումին դէմ դնելով, աւելի՛ն. հայոց բանակի անասելի սխրանքին վկայութիւնը ցոյց տալով, միւս կողմէ` 44-օրեայ պատերազմի աւարտով եւ մեր բանակի պարտութեամբ, արդէն յստակ կը դառնար Արցախի ճակատագրին աւարտը:
«Յաղթելու ենք»-ի կարգախօսը երկար ատեն մրճահարեց իւրաքանչիւր հայու միտքն ու հոգին, պարզապէս հաւատացնել տալով, որ հայոց բանակը ի վիճակի պիտի ըլլայ կասեցնել յարձակումը եւ պատուով դուրս պիտի գայ ճակատամարտէն:
Սակայն բոլորիս ծանօթ այդ օրերու թաւալքը, մանաւանդ ներազգային կեանքի մէջ պատահած դիպաշարերը յանգեցան արցախեան ճակատի անկումին, աւելի ուշ` հայրենիքի կորուստին:
Այս օրերու մեծագոյն հարցադրումը կը մնայ այն, թէ ինչո՞ւ ցարդ թախիծով լեցուն այս պատմական ժամանակաշրջանի ընդհանուր գնահատանքը յամեցաւ, կամ ալ` հայութեան սեփականութիւնը չդարձաւ ամբողջ ճշմարտութիւնը:
Արդեօք ազգը պիտի ապշի ու ամօթանքի գի՞րկը իյնայ, իրազեկ դառնալով դաւաճանական արարքներու եւ ափսոսանքով լեցուի` բաձրագոյն մակարդակի վրայ պատահած ազգակործան վերաբերումներու ի տես:
Ամբաստանութիւններու եւ զիրար յօշոտելու հանդէսներ անպակաս եղան շուրջբոլոր, իսկ այս բոլորին հետեւանքը` իր քանդիչ դեր ունեցաւ ազգային կեանքի վերանորոգման եւ զարթնումի ուշացումին:
Զերծ մնալով վերջին չորս տարիներու ընթացքին պատահած քաղաքական ու ազգային պահուածքի տխուր երեւոյթներու քննարկումը լոյսին բերելու «որոգայթ»-էն, Արցախի կորուստին կամ յանձնումի թաւալքին մէջ առկայ են թուականներ, որոնց թւումն անգամ զարհուրանք կը պատճառէ, ինչպէս` 28 սեպտեմբերին ստորագրուած դառն համաձայնագիրը, ուր կը նշուէր Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարման եւ Ազրպէյճանի հետ համարկումի հարցի քննարկումը:
Ճիշդ է, որ աւելի ուշ տեղի ունեցան ալ աւելի ահաւոր դիպաշարեր ու քաղաքական կեցուածքներ, երբ հայթափուեցաւ մեր հայրենիքը, այդուհանդերձ, վերոնշեալ թուականները իրենց բնոյթով եւ դառնութեամբ քադեցին հայու երազն անգամ, հպարտութեամբ եւ մեծ հաւատքով ապրելու եւ ստեղծագործելու հայրենի հողին վրայ, ազատագրուած Շուշուայ գագաթին:
25-9-2024


