Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերականգնինք Սեպտեմբերեան Արժէքներով

September 28, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

Անցնող երեք տասնամեակներուն սեպտեմբերը եղած է ազգային ապրումներով եւ յաղթանակի հպարտութիւններով յատկանշուած ամիս մը, որուն ընթացքին գերագոյն արժէքներ հանդիսացող տօներ կը նշուէին, հիմնականօրէն` Հայաստանի վերանկախացումը եւ Արցախի անկախութիւնը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց վարած հակահայ քարոզչութեամբ պատճառեցին Արցախի անկախութեան կորուստը եւ արժեզրկեցին Հայաստանի վերանկախացման ազգային տօնը: Իրականութեան մէջ անոնք ուզեցին նոյնիսկ խեղդել հայու պայքարունակ ոգին եւ ազգային դիմագիծը` հարուածելով այդ բոլորին հիմք հանդիսացող մշակոյթը, դաստիարակութիւնը եւ սկզբունքները:

Այսօր Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին ցաւը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր պայքարը տակաւին աւարտած չէ: Արցախի մէջ տեղի ունեցածը պարզապէս պատերազմ չէր, այլ նաեւ` մշակութային, ցեղային եւ դիմագիծի ցեղասպանութիւն:

Իբրեւ սփիւռքահայեր` մեր ուսերուն վրայ դրուած պատասխանատուութիւնը նուազ չէ, քան` Հայաստանի մէջ բնակող հայուն, նոյնիսկ` շատ աւելի ծանր, որովհետեւ, պայքարը շարունակելու կողքին, մենք կը ձգտինք պահպանել մեր լեզուն եւ ազգային շունչը հայրենիքի հեռու զանազան երկիրներու մէջ: Հետեւաբար մենք կը շարունակենք պայքարը բոլոր ճակատներուն վրայ: Իբրեւ երիտասարդներ` պատրաստ ենք մեզմէ պահանջուածը կատարել` փորձելով մեր ազգին կրած ցաւը մեղմացնել, որպէսզի ան չկրկնուի: Սկզբունքային իմաստով, մենք պէտք է ըլլանք այն ուժը, որ կը պահպանէ մեր պատմութիւնը, մեր մշակույթը, մեր լեզուն` աշխարհին լսելի դարձնելով մեր ժողովուրդին ձայնը:

Մենք օգտագործենք մեր տրամադրութեան տակ եղող բոլոր տեսակի զէնքերը, յատկապէս քաղաքական հարթակներու վրայ ու կրթական եւ մշակութային միջոցառումներու ընթացքին` ներկայացնելու մեր պատմութիւնն ու Դատը: Մեր սահմանը միայն Հայաստան-Ազրպէյճան սահման չէ, այլեւ` համայն աշխարհը, որովհետեւ մեր պայքարը միջազգային ընտանիքին դէմ է` պահանջելու համար մեր իրաւունքները, մշակութային մեր կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան վերականգնումը: Ի վերջոյ, մշակոյթը հաւաքականութեան մը գոյութեան փաստն է, որովհետեւ առանց մշակոյթի` ազգ մը կը դատապարտուի կորսուելու եւ ջնջուելու:

Իբրեւ հայ երիտասարդ` ես ինծի հարց կու տամ, թէ մենք ամէն գնով մեր կարելին կը կատարե՞նք պահպանելու համար մեր մշակոյթը, արժէքները եւ հայրենիքը: Բնականաբար, ո՛չ: Սակայն այս ընթացքին տեղի պէտք չէ տանք, պէտք է յեղաշրջում կատարենք մեր ներքին անտարբերութեան ու յուսալքութեան դէմ, որպէսզի հայու արժանավայել կերպով շարունակենք մեր երթը եւ ի վերջոյ վերահաստատենք սեպտեմբերեան արժէքները:

 

 

Նախորդը

Մերժո՛ւմ

Յաջորդը

ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.