ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը վտանգուի: Այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնները մեր ժողովուրդի լինելու եւ չլինելու օրակարգով մտահոգ չեն: Քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, Արցախի ժողովուրդի վերադարձը մեր հիմնական հարցերէն պէտք է ըլլան: Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, անհրաժեշտ է միասնակամ ըլլալ` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները: Արցախի դէմ գործուած ոճիրները, բռնի տեղահանումը, քաղաքական բանտարկեալները ապօրինաբար Ազրպէյճանի խուցերուն մէջ պահելը ինքնին ապացոյց են մարդկային անարդարութեան: Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորները ուրիշ ելք չունին` բացի այս օրակարգը իրենց առաջնահերթութիւնը համարելէ, աննկուն կամքով աշխատելու ժամն է արդէն:
Մենք` իբրեւ երիտասարդներ, մեզի համար Հայ դատի աշխատանքը միայն կրնայ ամբողջական ըլլալ Արցախի ժողովուրդի վերադարձով եւ բոլոր բանտարկեալներու ազատ արձակումով: