Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Քոնկրեսի Շէնքին Մէջ Պահանջուեցաւ Արցախի Հայութեան Վերադարձը Երաշխաւորել Եւ Պաքուն Պատասխանատուութեան Ենթարկել
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ նշելու համար անցեալ տարի կատարուած Արցախի դէմ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը, 19 սեպտեմբերի երեկոյեան Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` խումբ մը քոնկրեսականներ, համայնքային ղեկավարներ եւ Հայ դատին հետ գործակցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
«Հաշուետուութիւն 2024» խորագրուած հաւաքը, որ նաեւ պահանջեց Արցախէն բռնի տեղահանուած 120.000 հայերու ապահով վերադարձը երաշխաւորելու միջոցներ, կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=-pog9WO1iRI կայքէջին վրայ:
Հաւաքէն անմիջապէս առաջ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու առաւել քան 75 ներկայացուցիչներ վերոնշեալ խնդիրները արծարծելու նպատակով քոնկրեսականներու հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցան:
«Հաշուետուութիւն 2024» հաւաքին բացումը տպաւորիչ ելոյթով մը կատարեց Քեւ Իսքաճեան, որ Արցախի շրջափակման օրերուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ Հայ դատի ներկայացուցիչն էր:
Այնուհետեւ խօսքեր արտասանեցին քոնկրեսականներ` Կրէյս Մենկ, Ճուտի Չու, Կէյպ Ամօ, Աննա Էշու, Պրետ Շըրմըն, Ֆրենք Փալոն, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Թամ ՄըքՔլինթաք եւ Ռաշիտա Թլէյպ, որոնք շեշտեցին հետեւեալ կէտերը.
1.- Ազրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնել,
2.- Պատերազմական ոճիրներով ամբաստանուած ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանել,
3.- Հետաքննել Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնահարումները,
4.- Երաշխաւորել Արցախի հայութեան ապահով վերադարձը` միջազգային հսկողութեան տակ,
5.- Մարդասիրական յատկանշական աջակցութիւն տրամադրել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան:
Այս առիթով քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ճաշ Կաթիմըր եւս դատապարտեցին Արցախի ցեղասպանական արարքները:
Զգայացունց ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ միջազգային համայնքին անբաւարար քայլերուն` Արցախի ժողովուրդին վերադարձը, Արցախի մշակոյթի պահպանութիւնը եւ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով պայքարը պիտի շարունակուի:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Արցախի Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի աղօթքով:
Հաւաքին զուգահեռ, տեղի ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի բռնարարքները վաւերագրած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Արցախի Հայաթափման Առաջին Տարեդարձին Նուիրուած Ոգեկոչում` Կլենտէյլի Արցախ Թաղին Մէջ
Ուրբաթ, 20 սեպտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Մինչեւ մեր վերադարձը» խորագրուած հաւաքը, Կլենտէյլի Արցախ թաղին մէջ:
Ձեռնարկը նուիրուած էր հայութեան չընկրկող ոգիին, դիմադրողականութեան, ինչպէս նաեւ արցախահայութիւնը ապահով եւ երաշխաւորուած միջոցներով Արցախ վերադարձնելու եւ արդարութեան հասնելու ջանքերուն:
Հաւաքը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէկ մասնիկը հանդիսացող Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներ, սկսաւ Արցախի քայլերգին` «Ազատ ու անկախ Արցախ»-ին երգեցողութեամբ, արցախահայ Անտրէ Յովնանեանի կատարողութեամբ:
Պահ մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Արցախի ազատագրութեան պայքարի զոհերուն յիշատակը, որմէ ետք Ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցիչը կատարեց բացման աղօթքը:
Լանա Տոլմաճեան արտասանեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան խօսքը, իսկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի պատգամը` Ճոզեֆ Քասքանեան:
Գլխաւոր բանախօսն էր Մարինէ Չարշաֆճեան, որ տպաւորիչ կերպով նկարագրեց Մարտունիէն բռնի կերպով տեղահանուելու եւ ճամբուն վրայ զաւակը երկնելու իր փորձառութիւնը: Ան նաեւ մանրամասնութիւններ տուաւ «Լորիկ» կազմակերպութեան մասին, որ Արցախէն տեղահանուած հայերուն Հայաստանի մէջ բնակարաններ ապահովելու աշխատանքը կը տանի:
Այս ծրագրին համար ՀԵԴ-ն արդէն իսկ հանգանակած է 40.000 տոլար: Անոր զօրակցելու համար այցելել www.lorikhf.org կայքը:
Բոլոր բանախօսները միասնականութեան եւ Արցախի հայութեան իրաւունքները ապահովելու կոչեր ուղղեցին` յոյժ կարեւոր նկատելով Արցախի ազատագրումը:
Աւարտին ՀԵԴ-ականներ եւ Աննա Չիլինկիրեան երգեցին ազգային եւ հայրենասիրական երգեր:
Հնդկաստան
ՀՀ Անկախութեան 33-րդ Տարեդարձին Եւ Շարլ Ազնաւուրի Ծննդեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն Եւ Համերգ
Կազմակերպութեամբ Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, վերջերս Նիու Տելհիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձին եւ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն եւ համերգային երեկոյ:
Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց իւրաքանչիւր պետութեան ինքնիշխանութեան իմաստին եւ անկախ պետութիւն ունենալու համար վերջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան կրած փորձութիւններուն մասին` անդրադառնալով ապագայի երջանկութեան իրագործման ուղղուած Հայաստանի մէջ հաստատուած ներկայ նպաստող պայմաններուն: Դեսպանը նաեւ բարձր գնահատեց դարեր շարունակ անկախութեան գերակայ արժէքի համար մղուող հնդիկ ժողովուրդի պայքարը եւ Հնդկաստանի ընթացիկ նշանակալի նուաճումները` շեշտելով Հայաստանի եւ Հնդկաստանի ժողովուրդներու դարաւոր պատմական կապերուն, բարի կամեցողութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ամուր հիմերու վրայ խարսխուած երկկողմ գործընկերային շփումներու, առկայ բազմաոլորտ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման ուղղուած Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը:
Հնդկաստանի ԱԳ պետնախարարը` Կիրտի Վարդհան Սինկհ, իր հերթին նշեց երկու երկրներու բարեկամութեան պատմական կապերու եւ ժողովրդավարութեան արժէքներու երկկողմ հաւատարմութեան, նաեւ համատեղ ջանքերով երկկողմ արժէքաւոր եւ շարունակական գործընկերութիւնը ամրապնդելուն ուղղուած իրականացուող քայլերու մասին: Շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին ունեցած խոր տպաւորութիւնները:
Այնուհետեւաելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի «Քլինկըն» սենեկային համոյթը, որ մեկնաբանեց Ազնաւուրի, Կոմիտասի, Խաչատուրեանի, Բաբաջանեանի եւ այլ անուանի հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:
Պրիւքսել
Երաժշտական Երեկոյ` Նուիրուած Արցախին Եւ Արցախահայութեան
13 սեպտեմբերին Պրիւքսելի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի եւ յոյսի երաժշտական երեկոյ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ արցախահայութեան: Ձեռնարկին ներկայ էր Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, նաեւ` համայնքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ:
Իր խօսքին մէջ թեմի առաջնորդը նշեց, որ հայաթափուած Լեռնային Ղարաբաղը նաեւ վտանգուած հազարամեայ ժառանգութիւն է` հինգ հազար պատմամշակութային կոթողներով: Ան նկատել տուաւ, որ քրիստոնէութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կը սկսի եւ կը վերջանայ Հայաստանով եւ Արցախով, աւելցնելով, որ Արցախի ժողովուրդը ձգած է հազարամեակներու մեծ ժառանգութիւն, իսկ Ազրպէյճանը ոչնչացուցած է այդ կոթողներուն աւելի քան տասը տոկոսը: Ներկայիս ոեւէ մէկը, ներառեալ` միջազգային կառոյցները, հնարաւորութիւն չունին այցելելու եւ տեսնելու իրավիճակը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս աշխարհաքաղաքական տարածքի միւս կարեւոր արժէքը արցախցին է, որ լքած է իր հայրենիքը եւ այսօր կ՛ապրի Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Արցախցին հազարամեայ մշակոյթի, բարբառի ու աւանդոյթներու կրողն է, որոնք այսօր վտանգուած են, որովհետեւ արցախցիները հնարաւորութիւն չունին միասին համապարփակ ապրելու:
Սրբազանը հաստատեց, որ արցախցիները կը ցանկան վերադառնալ իրենց հայրենի հող, միայն այն պայմանով, որ չըլլան Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ եւ ունենան միջազգային անվտանգային երաշխիքներ, աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը տեղահանուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած է եւ ունի վերադառնալու բոլոր իրաւունքները:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ երաժշտական երեկոն` մասնակցութեամբ դաշնակահարուհի Լորենս Անահիտ Մխիթարեանի, օփերայի երգչուհի Մարիա Աբայեան-Շամպերի եւ տուտուկահար Վարդան Յովհաննիսեանի:
Ուքրանիա
Հայկական Եկեղեցւոյ Հիմնաքարի Օծման Եւ Խաչքարի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն
15 սեպտեմբերին Ուքրանիոյ Քրեմենչուք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եւ ուքրանացի ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի բացման եւ հայկական եկեղեցւոյ հիմնաքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը` ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Հայկ Թորոսեանի:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան, Քրեմենչուքի քաղաքապետ Վիթալի Մալեցքի, «Ուքրանիոյ ազգային համայնքներու խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Աշոտ Աւանէսեան, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Իր ելոյթին մէջ Հայկ Թորոսեան յատկապէս նշեց, որ սոյն ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակաշրջանին, երբ երկու ժողովուրդներն ալ դէմ յանդիման կը գտնուին անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներու, ընդգծելով, որ Քրեմենչուքի հայ համայնքի այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը կը վկայէ շրջանի հայութեան միասնականութեան, տեղական իշխանութիւններուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ Ուքրանիոյ ապագայի նկատմամբ վստահութեան մասին:
Պոլիս
Այս Տարուան «Հրանդ Տինք» Մրցանակները Յանձնուած Են Կնոջական Դատերու Պաշտպաններու
«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակներու յանձնումի արարողութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» հեղինակաւոր համերգասրահին մէջ` 15 սեպտեմբերին, լրագրողի ծննդեան օրը:
Հիմնարկին անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսքը արտասանեց «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի նախագահ Ռաքէլ Տինք: Ան ընդգծեց, որ աշխարհին այսօր բաժին ինկած աղէտալի վիճակէն միակ ելքն է հեռու մնալը այն գործիչներէն, որոնք բռնութիւն կը քարոզեն, եւ կոչ ըրած է զգօն գտնուելու այն մարդոց հանդէպ, որոնք բռնութեան մասին կը խօսին: Ան շեշտեց, որ կեանքի իրաւունքը բռնութիւն չէ, այլ` բազմազանութիւն:
Այնուհետեւ տեսանիւթով մը ներկայացուեցաւ 2024-ի «Լոյսեր»-ը, ուր յղուած էին պատգամներ, ողջունուած` անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն մարդկութեան վրայ, կը պայքարին մարդոց բարօրութեան եւ իրաւունքներուն համար, բայց նաեւ` ի խնդիր շրջակայ միջավայրի, անասուններու պաշտպանութեան: Այս տարուան «Լոյսեր»-ու բովանդակութիւնը կազմած էին` կնոջական իրաւունքները, ցեղապաշտութեան ու սեռային բռնաճնշումներու դէմ պայքարը, անարդարութիւնն ու չքաւորութիւնը:
2024-ի «Հրանդ Տինք» մրցանակի դափնեկիր դարձաւ Թուրքիայէն` «Մանիշակագոյն երդիք» կիներու ապաստարանը, որ տարիներէ ի վեր վճռականօրէն կը պայքարի կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ եւ ի խնդիր անոնց հաւասար իրաւունքներուն:
Իսկ արտասահմանէն դափնեկիր հռչակուեցաւ Սիերա Լէոնէէն Ռուճիաթու Նենեհ Թուրայ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` երկար տարիներէ ի վեր խիզախօրէն կը պայքարի աղջիկներու եւ կիներու սեռային գործարաններու խեղման դէմ:
Ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ, որ եթէ Հրանդ Տինք ողջ ըլլար, պիտի նշէր իր 70-ամեակը:
Հանդիսութեան աւարտին կազմակերպիչները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մրցանակը կը շնորհուի անհատներու, հաստատութիւններու կամ խումբերու, որոնք կ՛ոգեշնչեն եւ յոյս կը ներշնչեն մարդոց շարունակելու պայքարը` աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը համար, մարդոց, որոնք կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն:
Մոսկուա
«Հայկական Գորգեր. Խորհրդաւոր Իմաստներ Եւ Զարդանախշեր» Նիւթով Դասախօսութիւն
Մոսկուայի Հայկական թանգարանին մէջ, հայկական մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանագիծին մէջ, սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուեցաւ «Հայկական գորգեր. խորհրդաւոր իմաստներ եւ զարդանախշեր» նիւթով դասախօսութիւն:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր լսարանին ներկայացնել հայկական գորգագործութեան` իբրեւ արուեստի ուրոյն ճիւղի, զարգացման պատմութիւնը:
Նիւթը ներկայացուց պատմաբան, մշակութային շարժումներու հետազօտող Լիլիանա Նիկողոսեան: Ան նշեց, որ գորգերը հայկական միջավայրին մէջ ստեղծուած են այն ժամանակ, երբ կենցաղի մէջ կը զգացուէր անոնց կարիքը` կենսապայմաններու լոյսին տակ, աւելցնելով, որ կարճ ժամանակի մէջ գորգագործութիւնը հայերու կողմէ կատարելագործուեցաւ: Ան նշեց, որ անոնք արուեստի գործեր էին, որոնք բաւական բարդ աշխատանքի ծնունդ էին: Գոյները ձեռք կը բերուէին բացառապէս բնական միջոցներով. դեղինը` քրքումի ծաղիկէն, շագանակագոյնը` ընկոյզի, իսկ սեւը` նռան կեղեւէն, աւելցնելով, որ իբրեւ հումք` կ՛օգտագործուէր ոչխարի, յաճախ նաեւ այծի եւ ուղտի բուրդը: Առանձին տեղ կը գրաւէր որդան կարմիրը, որ աշխարհին յայտնի դարձաւ հայերու շնորհիւ, եւ որուն առաւել մանրամասն անդրադարձած է Հերոդոտոսը իր` հայ ժողովուրդի մասին աշխատութեան մէջ: Պատմաբանը ընդգծեց, որ գիտնականները հետազօտութիւններէ ետք յանգեցան այն եզրակացութեան, որ գորգի ամէնէն հին նմուշը, որ գտնուած է Ալթայի մէջ եւ կը վերագրուի ՔԱ 5-րդ դարուն, ստեղծուած է Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ:
Նիկողոսեան անդրադարձաւ նաեւ հին հայկական գորգերուն վրայ տեղ գտած խորհրդանիշերուն` բացատրելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իմաստ մը ունի, եւ յաճախ մասնագէտները գորգերուն վրայ գորգագործին ըսելիքը կը կարդան: Ան դիտել տուաւ, որ գորգի գործուածքէն յայտնի կը դառնար, թէ ան կնոջ մը կամ այր մարդու մը համար գործուած էր: 10-13-րդ դարերուն գորգերը արտադրուած են բացառապէս հայերու կողմէ եւ արտածուած Կիլիկեան Հայաստանէն` Եւրոպա: Այդ մասին հաւաստի յիշատակումներ ունի Մարքօ Փոլօ: Նիկողոսեան հաստատեց, որ եթէ տարածաշրջան եկած այլ ազգեր այժմ կը ներկայանան իրենցը համարուող գորգերով, ապա անոնք հայկական զարդանախշեր կը պարունակեն, եւ գիտնականները տուած են նաեւ այդ հարցին պատասխանը, թէ հայերը անոնց տուրք կը վճարէին նոյնինքն գորգերով:
Իրաք
Աւզրուկ Գիւղի Վարչութեան Շէնքին Բացման Արարողութիւն
Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքին բացման արարողութիւնը, ձեռամբ իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի 6 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքի բացման արարողութիւնը:
Ներկայ էին` Զախոյի հովիւ Յակոբոս քհնյ. Իսահակեան, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Էրպիլի, Տհօքի, Զախոյի Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները, գիւղապետը եւ բնակիչները:
Հոլանտա
Ալմելօ Քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Օծման 20-Ամեակի Տօնակատարութիւն
Նախագահութեամբ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի, 15 սեպտեմբերին նշուեցաւ Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակը: Արդարեւ, այս առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի սրբատառ կոնդակը` նուիրուած եկեղեցւոյ 20-ամեայ յոբելեանին, որով վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը փոխանցէր եկեղեցւոյ հովիւին, Ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր ծխականներուն:
Հաւատացեալներուն իր քարոզը յղեց Խաժակ արք. Պարսամեան: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի կարգ, իսկ Խաչվերացի տօնին առիթով օրհնուեցաւ սուրբ խաչը զարդարող ռեհանը:
Այնուհետեւ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Բարի գալուստի եւ շնորհաւորանքի խօսքը արտասանեց Ծխական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Գելիճի: Այնուհետեւ գնահատագրեր եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան այն անձերուն, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը եւ աջակցութիւնը ցուցաբերած են ծխական համայնքի հիմնադրման եւ հետագային եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` ներկայիս ծխական համայնքը գլխաւորող նուիրեալ հայորդիներուն, իսկ Օննիկ Գելիճի արժանացաւ պատուաւոր «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բիւրեղեայ մրցանակին:
Խաժակ արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ 20-ամեայ յոբելեանը հրաշալի հնարաւորութիւն է` յիշելու անցեալը, տօնելու ներկան եւ ծրագրելու ապագան: Անդրադառնալով անցեալին` ան բարձր գնահատեց այն մարդիկը, որոնք տեսիլք ունէին եկեղեցի կառուցելու, եւ անոնք, որոնք վերջին 20 տարիներու ընթացքին անընդմէջ բաց պահած էին եկեղեցւոյ դուռերը` ապահովելով Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութիւնը: Խօսելով ապագային մասին` սրբազան հայրը ուրախութեամբ նշեց, որ սոյն տօնական նախաձեռնութեան մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը ունի բարգաւաճ ապագայի ամենակարեւոր երաշխիքը: Ան քաջալերեց երիտասարդները իրենց լիարժէք մասնակցութիւնը բերելու ծուխի կառավարման` նպաստելով անոր հետագայ զարգացման ու զօրացման:
Իր խօսքի աւարտին սրբազանը կրկին ջերմօրէն շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւորականները, նախկին եւ ներկայ եկեղեցական խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք տարիներ առաջ մասնակցած էին եկեղեցւոյ կառուցման համար իրականացուող հանգանակութեան արշաւին եւ կամաւորական աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով անոնց անձնուիրութիւնը: