ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի վրայ ազրպէյճանական բանակի ներխուժումի եւ ուժի սպառնալիքի պայմաններուն տակ, տարի մը առաջ` այսօր, 28 սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հրամանագիր ստորագրեց, որուն համաձայն մինչեւ 1 յունուար 2024 լուծարքի պիտի ենթարկուէին Արցախի պետական բոլոր հիմնարկները եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի դադրէր գոյութիւն ունենալէ:
Սակայն հրամանագիրը անօրինական էր եւ այլեւս գոյութիւն չունի: Արցախի նախագահն ու պետական դէմքերը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով` առանց վարձատրութեան:
* * *
Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարտին, 9 նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներն ու Հայաստանի վարչապետը Մոսկուայի մէջ եռակողմ յայտարարութիւն ստորագրեցին կրակի դադրեցման, Քարվաճառի, Քաշաթաղի եւ Ակնայի յանձնման, գերիներու փոխանակման, Արցախէն հայկական ուժերու հեռացման եւ հինգ տարուան ժամկէտով (եւ հերթական հինգ տարուան երկարաձգմամբ) ռուսական խաղաղապահ ուժերու տեղակայման վերաբերեալ: Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը պիտի ապահովէր Արցախի կապը Հայաստանի հետ:
Բերձորի միջանցքը ընդգրկող բնակավայրերը` Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս, 25 օգոստոս 2022-ին Ազրպէյճանի յանձնուեցան:
Արցախը Հայաստանի կապող եւ Բերձորէն անցնող միակ ճանապարհը 12 դեկտեմբեր 2022-ին, Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածին մէջ, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան ստանձնած պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կը գտնուէր, փակուեցաւ ազրպէյճանցիներու կողմէ:
Շրջափակման գործողութիւնները իրականացնող ազրպէյճանցիները կը ներկայանային իբրեւ բնապահպաններ, սակայն անոնք Ազրպէյճանի պետական մարմիններու աշխատակիցներ էին:
Շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ վառելանիւթերու սուր տագնապ ստեղծուեցաւ:
Այսպէս կոչուած բնապահպանները 28 ապրիլ 2023-ին հեռացան եւ զանոնք փոխարինեցին Շուշիի ազրպէյճանական ոստիկանութեան եւ ներքին զօրքերու ծառայողները:
Ազրպէյճան յունիս 15-ին տասը օրով արգիլեց նաեւ ռուս խաղաղապահներու տեղաշարժը:
* * *
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան օգոստոս 31-ին հրաժարեցաւ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն:
Արցախի Ազգային ժողովը սեպտեմբեր 9-ին Հանրապետութեան նախագահ ընտրեց Սամուէլ Շահրամանեանը, որ նախապէս Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնն էր:
Զօրավար Ալեքսանդր Լենցով, որ 25 ապրիլ 2023-ին Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատար նշանակուած էր, փոխարինելով զօրավար Անտրէյ Վոլքովը, սեպտեմբեր 3-ին ազատ կացուցուեցաւ խաղաղապահ ուժերու հրամանատարի պաշտօնէն:
* * *
Սեպտեմբերի առաջին օրերուն ազրպէյճանական բանակը տեղաշարժեր կատարեց եւ տարբեր զինատեսակներ սկսաւ կուտակել Արցախի սահմաններուն վրայ:
Սեպտեմբեր 17-ին ազրպէյճանական զինուած ուժերը Մարտակերտի շրջանին մէջ խախտեցին զինադադարը. հայկական կողմը տուաւ մէկ վիրաւոր: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մարտակերտի շրջանէն կրակ բացուած է ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Սեպտեմբեր 18-ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Բերձորի միջանցքով եւ Ակնայի ճանապարհով ալիւր եւ բժշկական կարեւոր պարագաներ հասցուց Արցախ:
* * *
Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերի 2023-ի առաւօտուն Ազրպէյճան հաղորդեց, որ Ահմէտպէյլի-Ֆիզուլի-Շուշի ճանապարհին վրայ «ահաբեկիչներու» կողմէ տեղադրուած հակահրասայլային ականի պայթումի հետեւանքով երկու քաղաքացիներ սպաննուած են, որոնք այդ շրջանին մէջ ելեկտրական նորոգութեան աշխատանքներ կը կատարէին:
Քիչ անց Պաքու մէկ այլ պայթումի մը մասին հաղորդեց, պնդելով որ ահաբեկչութեան հետեւանքով Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան երկու աշխատակիցներ սպաննուած են:
Յայտարարութիւններէն ետք Պաքու երկու դէպքերուն գծով ալ քրէական գործ յարուցեց, պնդելով որ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ «Հայաստանի կողմէ ստեղծուած անօրինական իշխանութեան նպատակը ահաբեկչութիւնն է»:
Ստեփանակերտ հերքեց Պաքուի մեղադրանքները:
Ժամը 11:10-ին ազրպէյճանական բանակը ռմբակոծումներով, անօդաչու թռչող սարքերով եւ առաջնագիծին վրայ միջդիրքային մարտերով յարձակման անցաւ:
Ստեփանակերտի մէջ քանի մը տեղերէ ահազանգեր սկսան հնչել:
Քիչ ետք մայրաքաղաքը եւ այլ քաղաքներ ու բազմաթիւ գիւղեր ազրպէյճանական հրետանիի եւ ականանետներու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ օդանաւերու ռմբակոծման տակ յայտնուեցան:
Ազրպէյճանի ցամաքային զօրքերը թափանցեցին Արցախի Հանրապետութեան 2020-էն ետք տակաւին չգրաւուած տարածքը: Քաղաքացիները փախան նկուղները եւ սկսան պաշտպանութիւն փնտռել ռուսական խաղաղապահ ուժերու ցանկապատուած կայաններուն մէջ:
Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ շարք մը հատուածներու մէջ ուժեղ կրակով յաջողեցան կասեցնել ազրպէյճանական բանակի յառաջխաղացքը:
Ազրպէյճանական բանակը տարբեր վայրերու մէջ սկսաւ թիրախաւորել հայկական կողմի կապի ամբողջական համակարգը:
Ազրպէյճանական բանակի` օրեր շարունակ զանգուածաբար տեղակայուած եւ անհամեմատօրէն գերազանց ուժին դէմ Արցախի պաշտպանութեան ուժերը յաջողութեան չնչին իսկ հնարաւորութիւն չունէին: Անոնք ի զուր յոյս դրած էին ռուսական խաղաղապահ ուժերու ռազմական աջակցութեան եւ պաշտպանութեան վրայ:
Ռուսական խաղաղապահ ուժերը չկանգնեցան ազրպէյճանական բանակին ճամբուն վրայ, եւ նոյնիսկ իրենք քանի մը զոհ տուին, որոնց շարքին էր փոխհրամանատար Իվան Կովգան:
Ազրպէյճան յայտարարեց, որ Ղարաբաղի մէջ «հակաահաբեկչական գործողութիւններու» սկսած է, «վերականգնելու համար Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը», նշելով որ իր գործողութիւններու մասին տեղեկացուցած է ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան եւ թուրք-ռուսական դիտորդական կեդրոնի ղեկավարութեան:
* * *
Մարտերը շփման գիծի երկայնքին շարունակուեցան նաեւ սեպտեմբեր 20-ի առաւօտուն:
Ռազմական առումով անզօր ու անպաշտպան, կէսօրին արդէն Արցախի պաշտպանութեան ուժերը ստիպուած էին անձնատուր ըլլալու:
Արցախի իշխանութիւնները ընդունեցին ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան առաջարկը կրակի դադրեցման վերաբերեալ եւ ժամը 15:00-ին կրակը դադրեցաւ:
Ռուսական միջնորդութեամբ հաստատուած համաձայնագիրով արցախցիք ստիպուեցան անձնատուր ըլլալու խաղաղապահ ուժերուն:
Պաքու յայտարարեց որ Ղարաբաղի հայերու համարկման ծրագիրը պատրաստ է:
* * *
Սեպտեմբեր 21-ի առաւօտուն Արցախի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը ժամանեց Եւլախ եւ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ` ռուսերու մասնակցութեամբ:
Պաքուի կողմէն բանակցութիւնները կը վարէր երեսփոխան Ռամին Մամետով, իսկ արցախեան կողմը կը ներկայացնէր պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեան:
Բանակցութիւնները կը վերաբերէին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ հայերու, իբրեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ` ազրպէյճանական օրէնսդրութեան համապատասխան համարկման գործնական հարցերուն:
Միւս հանդիպումները, նոյն կազմով, տեղի ունեցան սեպտեմբեր 25-ին` Իվանեանի (Խոջալու) եւ սեպտեմբեր 29-ին` կրկին Եւլախի մէջ:
* * *
Ազրպէյճան կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2023-ին վերցուց Լաչինի միջանցքին շրջափակումը եւ բացաւ Արցախէն Հայաստան տարանցիկ ուղին:
Լաչինի միջանցքին բացումը աւելի քան տասը ամիսէ ի վեր արտաքին աշխարհէն ամբողջութեամբ կտրուած, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէ` սննդամթերքէ եւ դեղորայքէ զրկուած ու հիւծած արցախցիներուն վերադարձուց սովէն փրկուելու եւ գոնէ կեանքը փրկելու յոյսը:
Արցախցիներու մարմնական եւ հոգեբանական ընկճախտը, մղձաւանջային ամիսներէ եւ անորոշութենէ ետք, հասած էր գագաթնակէտին, եւ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով այլեւս անհնար դարձած էր հայութեան անվտանգ գոյութիւնը Արցախի մէջ:
Լաչինի միջանցքի բացման լուրը յայտնի դարձաւ կէսօրին: Նոյն օրն իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատեցին աւելի քան հազար արցախցիներ:
Արցախի տեղեկատուական շտաբը սեպտեմբեր 25-ի առաւօտուն յայտարարեց, որ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուիլ ցանկացող բոլոր քաղաքացիներուն այդ հնարաւորութիւնը պիտի տրուի եւ անոնց անվճար հինգ կեդրոններէ պենզին պիտի տրամադրուի:
Նոյն օրը Ստեփանակերտի պենզինի պահեստի կեդրոնին մէջ ուժգին պայթում տեղի ունեցաւ, որուն զոհ գնաց 170 հոգի եւ 290 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ: Պայթումը ամենայն հաւանականութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ կանխամտածուած ահաբեկչութիւն էր:
Արցախցիք խուճապահար բռնեցին դէպի Սիւնիք բռնագաղթի ճանապարհը: Հազարաւոր ինքնաշարժներ, օթոպիւսներ, բեռնատարներ եւ թրաքթէօրներ Լաչինի միջանցքէն կը յառաջանային կրիայի դանդաղութեամբ: Ազրպէյճանի սահմանային հսկիչ անցակէտը կը վերահսկէր դուրս ելլող արցախահայերը: Քանի մը օրուան ընթացքին Արցախէն բռնագաղթուած հայերուն թիւը անցաւ հարիւր հազարը:
* * *
Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը վճռած էր ձերբակալել Արցախի Հանրապետութեան` «սեւ ցուցակի» մէջ յայտնուած բարձրաստիճան շարք մը գործիչներ եւ հրամանատարներ:
Սեպտեմբեր 27-ին, ազրպէյճանական անցակէտի վրայ ձերբակալուեցաւ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որմէ պահանջուած էր ներկայանալ Պաքու` հետաքննութեան համար, սեպտեմբեր 28-ին Ստեփանակերտէն Շուշի մեկնեցաւ եւ յանձնուեցաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն:
Սեպտեմբեր 29-ին Հագարիի կամուրջին մօտ ձերբակալուեցան Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Լիովա Մնացականեան եւ բանակի նախկին հրամանատարի առաջին տեղակալ զօրավար Դաւիթ Մանուկեան:
Հոկտեմբեր 3-ին, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ տեղակայուած ռուսական զօրակայանին մէջ, ռուս խաղաղապահներու աչքին առջեւ ձերբակալուեցան Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:
* * *
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան սեպտեմբեր 28-ին, մինչեւ 1 յունուար 2024 Արցախի Հանրապետութեան պետական բոլոր հիմնարկները լուծարքի ենթարկելու հրամանագիրը ստորագրելէ ետք արտօնութիւն ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուելու:
Սակայն ոեւէ նախագահ, որեւէ փաստաթուղթով իրաւունք չունի եւ չի կրնար լուծարքի ենթարկել ժողովուրդի հանրաքուէով ստեղծուած Հանրապետութիւնը:
Փաստաթուղթը ստորագրուած էր ուժի սպառնալիքի ներքեւ եւ իրաւական որեւէ արժէք չի ներկայացներ:


