Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Կը Քննադատենք

Սեպտեմբեր 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ամէնքս ալ երբեմն կը քննադատենք եւ երբեմն ալ կը քննադատուինք: Կարգ մը քննադատութիւններ շինիչ են, ուրիշներ` քանդիչ: Ընդհանրապէս, մարդիկ չեն սիրեր քննադատուիլ, մանաւանդ երբ քննադատութիւնները ոչ միայն անտեղի են, այլ նաեւ` անարդար: Քննադատութիւնները աւելի ցաւ կը պատճառեն, երբ անոնք կու գան հարազատներէ, ընտանեկան պարագաներէ եւ բարեկամներէ:

Քննադատութիւններ կան, որ արդար եւ տեղին են: Կան նաեւ անտեղի եւ անարդար քննադատութիւններ: Երբ ոեւէ անձ մը, երեւոյթ մը, կամ կազմակերպութիւն մը կը քննադատենք անհրաժեշտ է ընել հետեւեալ կարեւոր հարցումները.

Առաջին. Երբ կը քննադատենք, հարց տալու ենք, թէ իրազե՞կ ենք մեր քննադատութեան առարկայ եղող անձին կամ նիւթին բոլոր փուլերուն:

Ունի՞նք բոլոր տուեալները, թէ կիսկատար տեղեկութիւններու վրայ յենած ենք: Մեր ծանօթութիւնն ու տեղեկութիւնները առարկայական են եւ ճշգրի՞տ են, թէ՞ թէական եւ անստոյգ:

Ասկէ քանի մը տարի առաջ, երբ խումբ մը նորընտիր ծերակուտականներ (senators) իրենց «Հաւատարմութեան ուխտ»-ը կ՛առնէին Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի տան մէջ, յաջորդ օրը ընթերցող մը «Նիւ Եորք Թայմզ օրաթերթի մէջ կը քննադատէր Հաուայի նահանգի ծերակուտականը, որ ուխտի ատեն փոխանակ իր աջ ձեռքը վերցնելու` իր ձախ ձեռքը վերցուցած էր: Քննադատ ընթերցողը հարց կուտար, թէ արդեօք ծերակուտական  Ինուէ սովորութիւնը չէ՞ր գիտեր, որ նման պաշտօնական առիթներով միշտ աջ ձեռքը կը վերցուի: Պարոն քննադատը չէր գիտեր, որ պատուարժան ծերակուտականը Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իր աջ ձեռքը կորսնցուցած էր:

Որեւէ քննադատութենէ առաջ անհրաժեշտ է իրազեկ ըլլալ մեր քննադատած առարկային բոլոր ծալքերուն: Իմաստութիւն պիտի չըլլայ խօսիլ նիւթի մը, կամ անձի մը մասին եւ կարծիք յայտնել ու վճիռ արձակել, երբ մարդոց կը պակսի ամբողջական տեղեկութիւնը խնդրոյ առարկայ անձին կամ նիւթին մասին:

Երկրորդ. Երբ կը քննադատենք որեւէ բան, հարց տալու ենք, թէ արդեօք շահա՞ծ ենք իրաւունքը հեղինակաւոր կարծիք յայտնելու խնդրոյ առարկայ նիւթին մասին:  Քննադատը հեղինակաւոր կարծիք ունեցող մէկը ըլլալու է այն անձին եւ նիւթին մասին, որուն նկատմամբ կ՛արտայայտուի:

Հին դարերէն մեզի հասած ասացուածք մը կայ, որ մեծ իմաստութիւն կը պարփակէ. «Կօշկակա՛ր, կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր»: Այս խօսքին ետեւ կեցող պատմութիւնը այն է, որ նշանաւոր արձանագործ մը մեծ մարզիկի մը արձանը կը քանդակէ եւ կը հրաւիրէ իր քաղաքացիները` իրենց կարծիքը յայտնելու: Շատերու կարգին, կօշկակար մը իր կարծիքը կը յայտնէ` քննադատելով մարզիկին կօշիկը: Արուեստագէտ-արձանագործը քաղաքավարօրէն իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ: Կօշկակարը, սակայն, իր դիտողութիւնով չի գոհանար, կը շարունակէ իր քննադատութիւնը արձանի այլ մասերու նկատմամբ: Յանկարծ արձանագործը արդար զայրոյթով մը կը լռեցնէ զայն ըսելով. «Կօշկակա՛ր, կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր»:

Երբ մարդիկ կը քննադատեն բաներ, որոնց մասին քաջատեղեակ չեն, ցոյց կու տան իրենց տգիտութիւնն ու ողորմելի վիճակը: Անոնք շատ տարբեր չեն, քան` Փարիզի Լուվր թանգարանը այցելող զբօսաշրջիկէն, որ քմծիծաղով եւ դժգոհութեամբ կը գանգատէր. «Ի՞նչ հմայք կայ արուեստի այս գործերուն մէջ, որ մարդիկ ժամեր եւ օրեր կ՛անցընեն այդ թանգարանին մէջ»: Թանգարանի վերակացուն երբ լսեց այդ մարդուն գանգատը, անոր ըսաւ. «Պարո՛ն, այստեղ մենք չենք դատեր այս գլուխ գործոց արուեստի գործերը. իրականութեան մէջ, անոնք են, որ մեզ կը դատեն»: Իմաստութիւն է լուռ մնալ, երբ չենք շահած իրաւունքը հեղինակաւոր կարծիք յայտնելու մեր քննադատած անձին կամ իրին մասին:

Երրորդ. Երբ կը քննադատենք հարց տալու ենք, թէ մեր «եղբօրը աչքին շիւղը տեսած ատեն, արդեօք մեր աչքին գերանը կը տեսնե՞նք»:  Փորձութիւնը այն է, որ մարդիկ ուրիշներուն մեղքերը, յանցանքները, զանցառութիւնները, թերութիւններն ու տկարութիւնները խոշորացոյցով կը դիտեն, իսկ իրենցը` մանրադիտակով: Ուրիշներ դատած եւ դատապարտած ատեն կը մոռնան, որ իրենք ալ մեղաւոր են, իրենք ալ արժանի են դատուելու եւ դատապարտուելու:

Երբ փարիսեցիներ ու դպիրներ շնութեան մեղքի մէջ բռնուած կինը Յիսուսին բերին, ուզեցին գիտնալ, թէ Յիսուսի դիրքը ի՞նչ պիտի ըլլար այդ կնոջ մեղքին մասին: Յիսուսի դիրքը այն էր, որ այդ կինը ամբաստանող եւ դատապարտող մարդիկ նոյնքան մեղաւոր էին: Այդ պատճառով էր, որ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՛վ որ անմեղ է, թող ան առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յովհ. 8.7): Անոնք օրէնքի տառին յարած` կ՛ուզէին միայն դատապարտել ուրիշին մեղքը` մոռնալով իրենց խոցելի եւ դատապարտելի մեղքերը:

Չորրորդ. Երբ կը քննադատենք, հարց կու տա՞նք մենք մեզի, թէ ի՛նչ է մեր շարժառիթը:  Մեր քննադատութիւնը շինի՞չ է, թէ՞ քանդիչ: Վերջին հաշուով, ի՞նչ է մեր նպատակը. օգտակար ըլլա՞լ է քննադատութեան առարկային, թէ՞ վարկաբեկել է զայն: Ամէնուրեք կան բարեացակամ եւ վեհանձն քննադատներ, կան նաեւ անբարեացակամ եւ նենգամիտ քննադատներ: Առաջինները միշտ սատարած են ուրիշներու վերելքին եւ օրհնութեան աղբիւր մը դարձած են իրենց նմաններուն, իսկ վերջինները միայն նսեմացուցած են ուրիշները եւ վնասակար դեր խաղցած են անոնց կեանքին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Հպարտութիւն Եւ Յարգանք»` Միսաք Մանուշեանի Նուիրուած Համերգի Մը Պահերուն

Յաջորդը

Լեւերքուզըն Վիրցի Հրաժարագինը Որոշեց

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?