Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հպարտութիւն Եւ Յարգանք»` Միսաք Մանուշեանի Նուիրուած Համերգի Մը Պահերուն

September 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՅԻՐԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ-ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան Լուսանկարները` Studio Deux Mil Huit

Կը գտնուիմ Ֆրանսայի Ռոման Սիւր Իզեր գողտրիկ քաղաքի կօշիկի թանգարանի պարտէզներուն մէջ, այս երեկոյ` 23 օգոստոսին, ունկնդրեցի աննախընթաց  յուշ-երեկոյ համերգ մը:

Հպարտանքի եւ յարգանքի առիթը ընծայեցին աշխարհահռչակ տաղանդաւոր երաժիշտներ Սէրուժ Գրաճեանն ու Աստղիկ Սիրանոսեանը:

Այս համերգը, նուիրուած` Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն, արտասովոր էր եւ բացառիկ:

Ասմունք եւ երաժշտութիւն ընդելուզուած կը հմայեն ներկաները. Օլիվիէ Մարթինօ եւ Սէրուժ Գրաճեան

Արտասովոր` իր գաղափարով եւ մատուցման կերպով: Արդարեւ, դաշնամուրի հնչիւններուն կ՛ընկերակցէր ասմունք, որ կը պատմէր ասմունքող դերասան Օլիվիէ Մարթինոն, իսկ Սէրուժ Գրաճեանը իր հրաշալի տաղանդով մեզ կը փոխադրէր հեռաւոր ափեր` հանդիսանալով իբրեւ Մանուշեանի ձայնը, որ հայերէնով կ՛արտասանէր. «Ծնած եմ Ատըեաման»: Ապա կը նկարագրէր Միսաք Մանուշեանի մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները` Լիբանան, այնուհետեւ կը պատմէր ժամանումը Ֆրանսա:

Երաժշտական կատարումները կարծես դարձած էին հարուստ պատմութեան գիրք մը, ուր կարելի էր կարդալ հայ արդիական պատմութեան հատուածներ: Միսաքի ծննդավայրը կը պատկերացնէր «Կիլիկիա»  երգի մշակումը` դաշնամուրի համար, ապա Լիբանանը ցեղասպանութենէ մազապուրծ որբ գաղթական Միսաքը կ՛ընդունէր արաբերէն «Պընթ ըլ Շալապիա» երգով, իսկոյն  կը բացուէր  Ֆրանսա ժամանման պարբերութիւնը` «Քնքուշ Ֆրանսա-Douce France» Շարլ Թրենէի երգի եղանակով: Գիրքին գլուխները հեզասահ անցումներով կը յառաջանային Մանուշեանի բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն, որոնք լոկ իր կեանքը չէին պատմեր, այլեւ` պատերազմի դժուար տարիներու ֆրանսահայ գաղութի կեանքը: Անոնցմէ մին բարօր օրերու ձգտող աշխատասէր հայ դերձակուհիներուն մասին բանաստեղծութիւնն էր` յաջողութեան տիպար հանդիսացող Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին մասին վկայութիւններով:

Մելինէ Մանուշեանի եղբօր թոռնուհին` Քաթիա Կիրակոսեան կը կարդայ Միսաքի վերջին նամակը Մելինէին

Այս երեւակայական գիրքի գլուխներուն ամէնէն նշանակալիցներէն էր Միսաք Մանուշեանի ու Մելինէի առաջին հանդիպումը` Կապոյտ խաչի (ՀՕՄ) պարահանդէսին: Այս հատուածը Աստղիկի բեմադրութեամբ հանդիսատեսին ներկայացուց նշանաւոր երգիծական ասմունքող Սանտրին Լարոշ:

Իւրաքանչիւր հատուածին պահու չքնաղ փայլքը կու տային դաշնամուրի բիւրեղ հնչիւնները: Սէրուժը ոչ միայն դաշնակահար էր, այլ նաեւ այնպիսի նրբութեամբ վերամշակած էր Ազնաւուրի եւ այլ յայտնի երգիչներու երգեր, որոնց իր կատարումի ընթացքին իմ կողքիս գտնուող հանդիսատեսները  կ՛ընկերակցէին մեղմաձայն երգելով:

«Միսաք եւ Մելինէ» ստեղծագործութիւնը` գրուած եւ կատարուած Աստղիկ Սիրանոսեանի եւ Սէրուժ Գրաճեանի կողմէ

Եկաւ վիպական հմայիչ պահ մը` «Միսաք եւ Մելինէ» թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար Աստղիկ Սիրանոսեանի եւ Սէրուժ Գրաճեանի ստեղծագործութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ այդ օր: Հմայիչ ռոմանս մըն էր, կար թախիծ եւ սէր: Սէր մը` հզօր, որ պիտի ապրէր յաւերժ Մելինէի սրտին մէջ: Միսաքի մահէն ետք Մելինէն չկրցաւ մոռացութեան յանձնել այդ սէրը… Անկարելի էր այդ վեհ զգացումը եւ իր անմոռաց սիրելիին յիշատակը ջնջել:

Նոյնն էր Միսաք, որ բանտարկուեցաւ իբրեւ ընդդիմադիր եւ դատապարտուեցաւ մահապատիժի. Մելինէին ուղղուած իր վերջին յուզիչ նամակը կարդաց Մելինէի եղբօր թոռնուհին` Քաթիա Կիրակոսեան: Միսաքի ողբերգական մահէն քանի մը օր առաջ  արդէն հրաժեշտի տողերը կը խոստանային սիրոյ յաւերժութիւն, կը բուրէին քաջութիւն եւ կ՛արտացոլացնէին մեծ սկզբունքի համար պայքարող հոգիի մը պատկերը:

Բացառիկ էր այս համերգը, որովհետեւ ունէր պատգամ, ունէր պատմութիւն եւ ունէր ապագայի համար տեսլական:

Այսօր, երբ քանի մը շաբաթ ետք կը վերյիշեմ այդ պահերը, մեծ յարգանքով կը լեցուիմ Ֆրանսայի ազգային հերոսներ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն յիշատակին եւ հպարտութիւն կ՛ապրիմ, որովհետեւ անոնք անմահացան պատուով եւ 2024-ի փետրուարին արժանացան մեծ շուքով մուտք գործելու Ֆրանսայի Ազգային պանթէոն:

Նոյնքան եւ աւելի հպարտութիւն կ՛ապրիմ` տեսնելով երիտասարդ հայուհիի մը մտայղացումը աննախընթաց այս յուշ-երեկոն մատուցելու հանրածանօթ դարձած եւ իր իսկ տնօրինած «Լէ միւզիքատ» փառատօնին` ձգտելով բանաստեղծ-հերոս Մանուշեանին յիշատակը բանաստեղծական-երաժշտական բարձրորակ համերգով մը հրամցնել: Այսպիսով,  կը փաստուէր, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ Աստղիկը եւ Սէրուժը  արժանի զաւակներն են արուեստով պայքարող վերապրող հայ ազգին:

18 սեպտեմբեր 2024

 

Նախորդը

Չարիքի Դէմ Ժպիտ

Յաջորդը

Երբ Կը Քննադատենք

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.