Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուտափեշտի Մէջ Ցուցահանդէս` Երուսաղէմի Հայկական Լուսանկարչութիւնը 19-րդ Եւ 20-րդ Դարերուն

September 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պատրիարք Եսայի Կարապետեան (1873, Photo by Charles Bierstadt. Courtesy: Project Save Photograph Archive, Boston)

Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) հայագիտական բաժինը տեղւոյն Գեղարուեստի համալսարանի հետ համատեղ կազմակերպած է ցուցահանդէս եւ գիտաժողով` Երուսաղէմի հայերու հարուստ լուսանկարչական ժառանգութեան վերաբերեալ:

Պաղեստինի հայերու պատմութիւնը սկսած է չորրորդ դարուն` քրիստոնէական Սուրբ Վայրերու յայտնաբերումէն ետք հայ ուխտաւորներու Երուսաղէմ ժամանումով: Թէեւ 7-րդ դարուն Հայ առաքելական եկեղեցին այդ քաղաքին մէջ ունի եպիսկոպոս, սակայն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը իր ներկայի կառոյցով հիմնադրուած է 14-րդ դարու առաջին տասնամեակին: Պատրիարքարանի հետ մէկտեղ աշխարհական համայնքը իր մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններով բնակութիւն հաստատած է հին քաղաքի այն թաղամասին մէջ, որ կը կոչուի Հայկական թաղամաս: Սփիւռքահայ համայնքի մնայուն հին կառոյցներէն է:

«Capturing Eternity: Jerusalem Armenian Photography in the 19th and 20th Centuries» («Ներգրաւելով յաւերժութիւնը. Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչութիւնը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն») ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ տեղւոյն գաղութին պատմութիւնը, լուսանկարիչներու ոսպնեակի ետին: Պատրիարք Եսային Կարապետեան 1860-ականներուն սկսած է նկարել Հայկական թաղամասը: Իր աշակերտներէն Կարապետ Գրիգորեան կը հիմնէ Երուսաղէմի առաջին լուսանկարչատունը, որուն արհեստը կը շարունակէ իր զաւակը:

Կարապետ Գրիգորեանի լուսանկարչատան որմազդը (1900, Lusadaran Armenian Photography Foundation)

Կարապետ Գրիգորեանի աշակերտներէն Խալիլ Ռաատ կը նկատուի Պաղեստինի առաջին արաբ լուսանկարիչներէն մէկը: Մինչ այդ այլ քանի մը լուսանկարիչներ արդէն իսկ կը գործէին Երուսաղէմի մէջ:

Այս հարուստ արխիւները օգտագործելով` ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ տարիներու վրայ երկարող գաղութին ազգային եւ կրօնական պատկերները, որոնց մէջ կան` դիմանկարներ, ծէսեր, գաղութի կեանքէն առնուած պատկերներ: Լուսանկարները տրամադրուած են` Հայոց ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանին (Երեւան), ԱՄՆ Քոնկրեսի գրադարանին (Ուաշինկթըն), Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Նուպար» գրադարանին (Փարիզ), «Project Save Photograph Archive» հիմնարկին (Պոսթըն) եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան»  հիմնարկին (Լիզպոն) կողմէ:

«Արարատեան» որբանոցը (այժմ` «Մարտիկեան» թանգարան), աջին` պատասխանատու Լեւոն Ասատուր (ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարան, Փարիզ)

Այս ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի սեպտեմբեր 20-ին, Պուտափեշտի Գեղարուեստի համալսարանի շքեղ «Aula Hall» (Andrássy street 69-71, Budapest) սրահին մէջ: Բացման հանդիսութիւնը յատուկ հրաւէրով է: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հոկտեմբեր 9, մուտքը ազատ է: Սեպտեմբեր 30-ին անգլերէնով պիտի կատարուի յատուկ ներկայացում եւ այցելութիւն:

Ցուցահանդէսի բացման յաջորդ օրը` սեպտեմբեր 21-ին, միեւնոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողովը (մուտքը` ազատ)` նիւթ ունենալով Երուսաղէմի հայկական լուսանկարչական ժառանգութիւնը: Այս առթիւ հրաւիրուած են մասնագէտ եւ ականաւոր դասախօսներ` Հունգարիայէն, Հայաստանէն, ԱՄՆ-էն, Յունաստանէն եւ Քաթարէն: Ցուցահանդէսին եւ գիտաժողովին մասին նիւթերը պիտի հրատարակուին յատուկ հատորով մը` խմբագրութեամբ Կարէն Ճալլաթեանի եւ գործակցութեամբ Տիանա Ղազարեանի:

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ներքեւ (1930, Photo by Khachadourian. Co)

Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի ուսանողը համոզուած է, որ այս ձեռնարկը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ներկայացնելու Երուսաղէմի հայկական սփիւռքի մշակոյթը` Եւրոպայի նշանաւոր մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ:

Այս ցուցահանդէսը, գիտաժողովն ու խմբագրուած հատորը հովանաւորողներն են` դասախօս Պալինթ Քովաչը, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, Լայփցիկի (Գերմանիա) Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի հիմնարկը (GWZO) եւ Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանն ու Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Տիանա Ղազարեանին` [email protected]:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ծերութիւնը Ինծի Համար Խնդիր Չէ: Ես Դեռ Հարիւր Տարեկան Չեմ, Չէ՞». Սոֆիա Լորեն` 90 Տարեկան

Յաջորդը

Ներկայէն Բացակայ Չեմ

RelatedPosts

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.