ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Դիտեցէ՛ք Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր կնոջ ժպրհելի ժպիտը ամէնուրեք: Ակներեւ չէ՞, որ իրենց հոգին հաղորդուած չէ չորս տարիէ ի վեր անդուլ սադրանքներով գործադրուած աղէտին:
Հայը զոհուած ու զոհուող, հողը թշնամիին յանձնուած ու յանձնուող, բազմախաւ պարտութիւն, բազմամակարդակ յուսահատութիւն, ուռճացող Եռաբլուր, հայու հպարտութեան հոգեվարք: Անդադրում սուգ ու բռնաբարում, կոհակ-կոհակ կեանք ընկլուզող արշաւանք, աւազախրում` հայկական խորհրդանշաններու, հերոսական պայքարներու, Հայ եկեղեցիի սրբազնութեան:
Եւ հիմա դիտեցէ՛ք լուսանկարներու մէջ այսքան սադրանքներու հեղինակին ժպիտը. զղջումի ո՛չ մէկ նշոյլ, այլ` ժպի՜տ մը լայնարձակ:
44-օրեայ ծրագրուած պատերազմ, որ սուգ ու շիւան ստեղծած է, իւրաքանչիւր իրա՛ւ հայու սիրտը կը մղկտացնէ: Մեր հպարտ Արցախը յանձնեց թշնամիին: Մեզ ազերիէն պաշտպանող սահմանամերձ գիւղացիներու տունն ու տեղը սպառնալով, կաշառելու փորձերով, կէս գիշերով` իր անողնայար կերպարով` որկրամոլ ոսոխին յանձնեց ու տակաւին յանձնելու ձեւեր կը փնտռէ:
Որո՛ւ հոգը, երբ կան հայեր, որոնք անտարբեր են ու կը յղփանան, դրամ կը հոսի իրենց գիրկը: Մինչ սուգի, հիասթափութեան , արհաւիրքի ու աղքատութեան պատճառով զանգուած առ զանգուած կը հայաթափուի Երկիրը:
Ու սա շրջագայող ժպրհելի ժպիտ՜ը: Ուրախ են երկուքն ալ, իրենց վնաս մը չեղաւ, ընդհակառակը, շահեցան բայց չկշտացան, նոյնիսկ երբ սրբազնագոյն հայրենիքն ու հայութիւնը սասանեցին իրենց բազմադարեան հիմերէն:
Ահաւասիկ բարենիշը` մեր թշնամիի գործակալին եւ իր գործընկալներուն, որ պիտի արձանագրուի ո՛չ թէ Հայաստանի պատմութեան, այլ` ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ մէջ.-
Դաւաճանութիւն` հարիւր
Ամբարտաւանութիւն` իննսուն
Մսխում` իննսուն
Դիւանագիտութիւն` քառասուն
Բարոյականութիւն` զերօ
Թերեւս փոյթերնին իսկ չէ, այս ժպիտը, այո՛, կը խօսի՛: Կ՛ըսէ, թէ ոչինչ կարեւոր է` բացի իրենց եւ կամակատարներուն բարօրութենէն: Թերեւս կ՛ակնկալեն, որ մինչ այդ Հայոց պատմութիւնն ալ թշնամիին ձեռքը անցած պիտի ըլլայ: Սահմանադրութիւնը սահմաններ պիտի փոխէ, առիւծները ձեռքի մէկ շարժումով պիտի հեռացուին, եւ Արարատը իր յիշողութիւնը պիտի կորսնցնէ:
Չարիքի դէմ` ժպիտ:
Հայրենիքի դէմ` նիւթական երաշխիք:
Պարտութեան եւ սուգի դէմ` հեծանիւով շրջագայութիւն, խմբական ու … ժպտո՜ւն:
Կապո՜յտ է Սեւանը, սեւցեր է աւանը:
Մթագնող մղձաւանջը մերն է, անպատկառ ժպիտը` իրենցը:
Խաղաղութեան ուրուականը` ոչ ոքի:
Բայց Ուրուական մը կա՛յ:
Օգոստոս 31