Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթափեցէք Տղա՛ք

September 28, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Չեմ գիտեր` անցեա՞լը փառաբանեմ, ներկա՞ն ողբամ, թէ՞ ապագաի մասին մտածեմ… Անցան չորս տարիներ, եւ ահա՛ հասանք այս տարուան սեպտեմբեր ամիսը. այն ամիսը, երբ պէտք էր զուարճանայինք եւ տօնէինք Արցախի անկախութեան օրը: Իսկ այսօր ձեզի կը թուի, թէ արցախցին ազա՞տ է. ա՛լ չէ՞ք կարծեր, թէ դանակը հասած է ոսկորին. փաստօրէն` ո՛չ, քանզի յայտնի է մեր վիճակը:

Արցախի համար ինկան քաջեր, նորէ՛ն հայ մայրերը արցունք թափեցին, որբերն ալ անզօր ճչացին: Թերեւս աշխարհը կոյր էր, չտեսաւ մեր տառապանքը, բայց հա՞յը, ինչո՞ւ լռեց. լա՛ւ, լռեց, ինչո՞ւ տակաւի՛ն կը լռէ. չէ՛, մենք արժանի չենք այն հերոսներուն, որոնք զոհուեցան յանուն գաղափարի մը` չձգել ազերին իր կեղտոտ ձեռքերով դպչի մեր սուրբ հողին. իրենք չձգեցին, այո՛, բայց, աւա՜ղ, մե՛ր հայու, դաւաճա՛ն հայու ձեռքը հասաւ… մենք անարգեցինք անոնց չապրած կեանքը, ծախեցինք ինքներս մեզ` մե՛ր լռութեամբ, քանզի դաւաճանները տակաւի՛ն կը քալեն այն հողի վրայ, որուն համար զոհուեցան մեր տղաքը, քանզի դաւաճանները իրենց ստոր ներկայութեամբ դե՛ռ կ՛անարգեն անոնց շիրիմները, քանզի Հայաստանն ու Արցախը մեծ Եռաբլուր դարձնողները տակաւի՛ն կը համարձակին հայրենասիրութեան դասեր տալ: Մեր տղաքը չպարտուեցան, որովհետեւ յաղթանակը իրենց սրտերուն մէջ պահելով` գացին դէպի կանչող յաւերժութիւն, բայց դո՛ւք` յաղթանակի մասին այդքան բարձր գոռացողներդ, պարտուա՛ծ ծնաք, ծնկա՛ծ ապրեցաք եւ դեռ կը շարունակէք քաշքշել ձեր ստոր գոյութիւնը: «Սա՞ էր մեր վերջ»-ը ըսելէն ես յոգնեցայ. փաստօրէն, այո՛, այսպէս պիտի փակէինք մեր հզօր պատմութեան էջը. այս էր մեր ճակատը գրուած, ու վերջ: Բայց ինչո՞ւ, ի՞նչ եղանք, ո՞ւր է այն ժողովուրդը, որ սուր  կը բարձրացնէր, երբ դանակը հասնէր ոսկորին, ո՞ւր է ի՛մ ժողովուրդս, որուն կամքը պողպատէ էր, դարեր շարունակ պրկեր էր բազուկը ու մի՛շտ զարկէր: Ինչպէ՞ս հոս հասանք, ես ա՛լ չեմ գիտեր. այսօրուան մեր վիճակը ուղղակի ողբերգական է:

Արեամբ պահածը գրիչով յանձնեցիք, բայց հակառակ ամէն ինչին, որոնք կսկիծ կը պատճառեն, կ՛ուզեմ սթափիլ, լաւատես ըլլալ եւ ըսել` հայը չմեռաւ, կորիւններ եւ արծիւներ ծնող ազգը չի մեռնիր: Տակաւին ունինք երկար ճամբայ, ամբողջ ազգով պիտի արժանանանք Եռաբլուր այցելելու իրաւունքին:

Ի՛մ Արցախ, մենք հեռացանք` մնալով յաւերժ քուկդ, դուն կա՛ս ու պիտի մնաս յաւերժ մե՛րը, եւ եթէ յանկարծ մտքովդ անցնի, թէ այլեւս քու փողոցներուդ մէջ չի լսուիր Արցախի քաղցր բարբառը, յիշէ՛, կայ սերունդ մը, որ կ՛ապրի գիրկդ վազելու յոյսով:

 

 

 

 

Նախորդը

Երիտասարդութեան Պարտքը

Յաջորդը

Մերժո՛ւմ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

July 25, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

July 6, 2026
Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

July 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.